ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», « Էրմենիհապեր».- Այսօր՝ 11 Յունուարին տեղի կ՛ունենայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի ասայի տուչութեան եւ գահակալութեան արարողութիւնը: Արարողութեան կը մասնակցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչները:
Կը սպասուի, որ արարողութեան ներկայ ըլլան նաեւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոս Ա.ը, ինչպէս նաեւ այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ:
Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան աթոռանիստ Ս. Աստուածածին եկեղւոյ մէջ:
Կը սպասուի նաեւ, որ գահակալութիւնէն ետք Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ տրուի արքութեան աստիճան:
Նշենք, որ Կիրակի, 12 Յունուարի առաւօտեան Սահակ Բ. պատրիարքը իր անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։