Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ առաջ, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու զօրակցութեան գրասենեակի («Եու. Էն. Օ. Փի. Էս.») պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ճարտարապետ Ահմետ Տահերի, որուն կ՛ընկերանային «Տի.Թի.Փի.» ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Պուրճ Համուտի դաշտին մէջ արեւի ճառագայթով ելեկտրածին ուժանիւթի արտադրութեան կայանի մը կառուցման ծրագիրին վրայ, որ կը միտի շրջակայ թաղամասերու լուսաւորութիւնը ապահովել կենսոլորտային ապահով, տոկուն եւ խնայողական ոճով: Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ արեւու ճառագայթով ելեկտրականութիւն ձեռք ձգելու համար կայանի մը կառուցումը բնակարանային «Սեն Ժաք» համալիրի ինքնաշարժներու կայարանի տանիքին վրայ եւ այս` մերձակայ թաղամասերու լուսաւորութեան նպատակով: Զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի ելեկտրական ցանցերու զետեղման, որ կը միտի փոխարինել գործածուող սովորական լամբերը արդիական «ԼԵՏ» տիպի լամբերով: