Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը` գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզին:
Հանդիսաւոր բացումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Մարինա Լուճոտիչէ, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի եւ շրջանի բնակչութիւնը:
Նշենք, որ նախքան հանրային պարտէզի բացումը ներկաները այցելեցին նոր Մարաշ եւ ընկերակցութեամբ քաղաքապետին ստուգեցին նոր Մարաշ թաղի վերանորոգումի աշխատանքները:
Զոյգ ձեռնարկներուն մանրամասն պիտի անդրադառնանք հետագային: