Իններորդ օրուան ընթացքին ցոյցերը կորսնցուցին միագոյն ըլլալու իրենց իւրայատկութիւնը եւ վերածուեցան այլ ցոյցերու, որոնք դրսեւորուեցան երբեմն նոյն փողոցներուն վրայ եւ երբեմն մայրաքաղաքի այլ արուարձաններուն մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն դէմ ցոյցերը շարունակուեցան լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Նահատակաց հրապարակի, Ռիատ Սոլհի, Ժալ Էլ Տիպի, Զուքի, Ժիպէյլի, Թրիփոլիի, Պարժայի, Սայտայի, Սուրի եւ Նապաթիէի մէջ:
Ռիատ Սոլհի եւ Թրիփոլիի հրապարակները, ինչպէս նաեւ Ժալ Էլ Տիպի եւ Զուքի մայրուղիները դարձան մինչեւ կէս գիշեր իշխանութեան դէմ կարգախօսներ հնչեցնող շրջանները:
Երէկ կէսօրին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ արձանագրուեցան բախումներ` ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն եւ Դիմադրութեան հետեւորդներուն միջեւ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին այդ բախումները դարձեալ կրկնուեցան եւ ստացան աւելի բուռն բնոյթ, ինչ որ Ներքին ապահովութեան ուժերու խափանարարական արարքները զսպող ջոկատը մղեց միջամտելու` ապահովելու համար ցուցարարներուն պաշտպանութիւնը: Արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Բախումներուն հիմնական պատճառը այն էր, որ սէյիտ Նասրալլայի հետեւորդները կը մերժէին անոր դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները` հաստատելով, որ սէյիտ Նասրալլա կրօնական խորհրդանիշ է, եւ իրենք կը մերժեն անոր դէմ հնչած յերիւրանքները, հակառակ այն իրողութեան, որ համաձայն են Ժողովրդային շարժումի պահանջներուն:
Դիմադրութեան հետեւորդները մնացին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի խօսքը լսեցին այդ հրապարակէն, ապա ընդառաջելով անոր խնդրանքին` հեռացան հրապարակէն, դարձեալ բախումներով, որոնք երկարեցան մինչեւ Պետական շուրայի կեդրոնատեղին ու Ռինկի կամուրջը:
Սէյիտ Նասրալլայի պատգամէն ետք Պէյրութի հարաւային արուարձաններու, Սուրի, Պաալպեքի եւ Նապաթիէի մէջ Հըզպալլայի հետեւորդները մոթորսիքլեթներով երթեր կազմակերպեցին եւ սէյիտ Նասրալլային զօրակցութիւն յայտնեցին:
Պեքաայի Ֆեքհա շրջանին մէջ երեկոյեան արձանագրուեցան բախումներ` ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն եւ Հըզպալլայի հետեւորդներուն միջեւ:
Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներն ու համակիրները իրենց կարգին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի զօրակցութեան ցոյց մը կատարեցին Ժիպէյլի մէջ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի զօրակցութեան ցոյց մը` Պաթրունի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի սէյիտ Հասան Նասրալլայի յղած պատգամին, ան շեշտեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ զգայուն կացութիւն մը, որ պատասխանատու խօսք կ՛ենթադրէ:
Ան լուսարձակի տակ առաւ ժողովրդային շարժումին դրական կէտերը` հաստատելով, որ պէտք է պահպանել ցարդ իրագործուած նուաճումները, որոնց շնորհիւ ճնշում բանեցուեցաւ կառավարութեան վրայ` վաւերացնելու առանց տուրքերու յաւելումի պետական ամավարկ մը, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեկարգումի փաստաթուղթը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այս զոյգ նուաճումները կարեւոր են եւ աննախընթաց` աւելցնելով, որ պէտք չէ զանոնք թերագնահատել:
Ան յայտնեց, որ իրենք յանձնառու պիտի ըլլան այդ փաստաթուղթին գործադրութեան` աւելցնելով, որ յստակ ժամկէտներ ճշդուած են պետութեան իւրացուած գումարները վերադարձնելու, տուրքերը վճարելու պարտականութենէն չխուսափելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով մշակուելիք ծրագիրներուն:
«Հըզպալլա պիտի պայքարի փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջէ դրամատնային հաշիւներուն գաղտնիութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու օրէնքներուն վաւերացումը», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ցուցարարներուն նշանակելու իրենց ներկայացուցիչները` բանակցելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` ընդգծելով, որ այս տագնապին լուծումը պէտք է ապահովուի առանց անիշխանութեան հասնելու, որովհետեւ անիշխանութիւնը Լիբանանի համար քանդիչ պիտի ըլլայ:
«Անիշխանութիւնը կրնայ առաջնորդել ապահովական խախտումներու եւ քաղաքացիական պատերազմի: Մենք կը մերժենք ներկայ վարչակարգին տապալումը, կառավարութեան հրաժարականն ու կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի երկխօսութեան առաջարկը մերժել կը նշանակէ երկիրն ու անոր զօրութեան ազդակները քաղաքական թիրախաւորումի ենթակայ դարձնել:
Ան կոչ ուղղեց ցուցարարներուն վերաբանալու ճամբաները: «Մենք դէմ չենք, որ ցոյցերը շարունակուին, սակայն կը պահանջենք ճամբաներու վերաբացումը, որպէսզի քաղաքացիներուն երթեւեկի ազատութիւնը ապահովուի: Այս շրջագիծին մէջ խստիւ կը մերժենք անցարգելներու դրութիւնը եւ անձնաթուղթ ստուգելու, կաշառք պահանջելու, ինչպէս նաեւ երթեւեկող քաղաքացիները վարկաբեկելու ամէն տեսակի երեւոյթ», հաստատեց ան:
Ժողովրդային շարժումի բնոյթին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ այդ շարժումը այլեւս ինքնաբուխ չէ, «այլ ունի յստակ կարգախօսներ, ֆինանսաւորում եւ ղեկավարներ», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա զգուշացուց այն իրողութենէն, որ Ժողովրդային այս շարժումը ունի իր աներեւոյթ ղեկավարները, որոնք տարբեր խմբաւորումներու բաժնուած են: «Անոնցմէ ոմանք ուղղակիօրէն օտար գաղտնի սպասարկութիւններուն կապուած են, իսկ ոմանք անձնաւորութիւններ են, որոնք կը ֆինանսաւորեն այս շարժումը: Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք փտածներուն փտածն են, ինչպէս նաեւ քաղաքական ծանօթ ուժեր, որոնք նախապէս լիբանանեան իշխանութեան մաս կը կազմէին: Ես այս բոլոր խմբաւորումներուն մաս կազմողներուն անունները ունիմ, սակայն յարմար չեմ գտներ ներկայիս այդ անուններուն հրապարակումը: Մեր տուեալներուն համաձայն, Լիբանան շրջանային եւ միջազգային քաղաքականութեան թիրախ դարձած է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Պատկերասփռուած իր ճառին մէջ սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ բռնկելիք քաղաքացիական հաւանական պատերազմը կը մտահոգէ զիրենք:
Ան կոչ ուղղեց Դիմադրութեան համակիրներուն հեռանալու հրապարակներէն եւ չփութալու Դիմադրութեան պաշտպանութեան:
Սէյիտ Նասրալլայի յղած ուղերձէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Շուրջ 40 վայրկեան ետք վարչապետ Հարիրի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրը քննող նախարարական յատուկ յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ժամալ Ժարրահ, Ուաէլ Պու Ֆաուր, Նատա Պուսթանի, Ատել Աֆիունի եւ կարգ մը խորհրդականներ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երեկոյեան ժամը 8:30-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ նախանձախնդիր կը մնայ անոր ապահովական կայունութեան:
Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի վարչապետ Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան որդեգրած բարեկարգչական նպատակներուն:
«Գրեթէ վստահ ենք, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի ընդառաջեն լիբանանցի ժողովուրդին պահանջներուն, որոնք խիստ կարեւոր են: Մենք բազմիցս խորհրդակցած ենք լիբանանցի մեր գործընկերներուն հետ եւ շեշտած փտածութեան դէմ պայքարի, պատասխանատու դատավարութեան եւ ընկերային բարեկարգումներու գործադրութեան առաջնահերթութիւնը:
«Այս շրջագիծին մէջ, Եւրոպական Միութիւնը կը պահանջէ բարեկարգումներուն մասին ամբողջական խորհրդակցութիւններ կատարել, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ 2018-ի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին նպատակներուն», նշուեցաւ Մոկերինիի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հաղորդագրութեան, Եւրոպական Միութիւնը նեցուկ կը կանգնի խաղաղ ցոյցերուն եւ ապահովութեան ուժերը կը քաջալերէ ինքնազսպումի քաղաքականութեան կառչած մնալու:
«Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին, լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ երկրին միասնականութեան, գերիշխանութեան, կայունութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական անկախութեան», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որ ըլլայ աւելի սեղմ կառավարութիւն` օժտուած տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձնաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռու` կուսակցութիւններէն եւ քաղաքական խմբաւորումներէն:
Մինչ Ռայի պատրիարքը նման կոչ կ՛ուղղէր, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլայի պատգամը ազգային կողմնացոյց է եւ այդ խօսքին պատասխանատու մեկնաբանութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ անդրադարձաւ միայն Ռիատ Սոլհի բախումներուն` հաստատելով, որ երկիրը բաժնուած է եւ պատահածը ամերիկեան-իսրայէլեան դաւադրութիւն է:
Ան նկատել տուաւ, որ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է պաշտպանել ցուցարարները:
Նշենք, որ Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ դրամատուները այսօր եւս փակ պիտի պահեն իրենց դռները:
Աւելցնենք, որ ալրաղացներն ու փուռերը կոչ ուղղեցին ալիւր եւ մազութ ապահովելու` կանխարգիլելու համար լիբանանեան շուկային մէջ ծագելիք հացի հաւանական տագնապը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ձիթապտուղի եւ եղջիւրի զտարանները հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը ժողովրդային շարժումներուն եւ անոնց արտայայտած արդար պահանջներուն:
Անոնք ընդգծեցին սակայն, որ իրենք կը մերժեն ճամբաներու փակումը: