Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ Սեւերոտոնեցքի «Ազոտ» քիմիական գործարանի տարածքին մէջ ապաստանած ուքրանական ուժերուն առաջարկած է յանձնուիլ եւ խոստացած, որ խաղաղ բնակչութեան համար մարդասիրական միջանցք պիտի բացուի դէպի ռուսական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Սվաթովօ քաղաք: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Տեղական ուքրանական իշխանութիւններուն պնդումով` գործարանի տարածքին մէջ մինչեւ 560 խաղաղ բնակիչներ կան, ներառեալ` երեխաներ:
Ուքրանական կողմը կը պնդէ զանոնք հեռացնել իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող մօտիկ Լիսիչանսք: Սակայն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կարծիքով` այդ առաջարկը շրջափակման մէջ ինկած ուքրանական ստորաբաժանումները փրկելու փորձ է:
Ռուսական կողմը յայտարարած է, որ Լիսիչանսքի ուղղութեամբ հեռացումը կարելի չէ, որովհետեւ ուքրանացիները պայթեցուցած են երկու քաղաքները իրարու կապող բոլոր երեք կամուրջները:
Ուքրանական կողմն ալ կամուրջները պայթեցնելու յանցանքով կը մեղադրէ ռուսական կողմը: Միեւնոյն ժամանակ տեղական իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ Սեւերոտոնեցքը ամբողջովին կտրուած չէ աշխարհէն: Քաղաքապետ Ալեքսանտր Սթրիւք երէկ ըսած է. «Բաւական դժուար, սակայն ուղիներ կան»:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին գերմանական «Զի.Տէ.Էֆ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ժամանակը կ՛աշխատի յօգուտ Ռուսիոյ, որովհետեւ անոր ղեկավարութեան չի հետաքրքրեր, թէ պատերազմը որքա՛ն պիտի տեւէ:
«Մենք պէտք է գործենք, ժամանակը յօգուտ թշնամիին կը գործէ, ոչ թէ մեզի», ըսած է ան:
Զելենսքին ատիկա բացատրած է անով, որ ռուսերը «հիմնականին մէջ կ՛ապրին քարիւղի մթերքի եւ ուժանիւթի արտածման հաշուոյն»:
Զելենսքի նաեւ քննադատած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը: «Մեզի պէտք է, որ վարչապետ Շոլց մեզի վստահեցնէ, թէ Գերմանիան Ուքրանիոյ պիտի աջակցի: Ան եւ անոր կառավարութիւնը պէտք է որոշում տան. պէտք չէ փորձել հաւասարակշռել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները», ըսած է ան: