Ռուսիան մտահոգ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները չեն կրնար այցելել Ղարաբաղ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին նշած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ:
«Մենք մտահոգ ենք, որ համանախագահներու եռեակը տակաւին չէ կրցած այցելել շրջան, ծանօթանալու համար կացութեան եւ նախանշելու որոշակի քայլեր` օգնելու կողմերու քաղաքացիներուն միջեւ կապեր հաստատելու հարցին մէջ, մարդասիրական խնդիրները լուծելու», ըսած է Լուքաշեւիչ:
Ան յոյս յայտնած է, որ այդ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ մօտիկ ապագային:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ կացութեան` Լուքաշեւիչ նշած է, որ հակառակ որոշ միջադէպերու, ընդհանուր առմամբ Ռուսիոյ ջանքերով կարելի եղած է շրջանին մէջ պահպանել կայունութիւնը: Ըստ անոր, կացութեան կայունացումը արտօնած է անդրադառնալ այլ հարցերու` ճամբաներու ապաշրջափակումին, «3+3» ձեւաչափով քննարկումին եւ այլն: