Ռուսիա Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան իրականացման պայմաններուն մէջ չէ կորսնցուցած Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ հետաքրքրութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Մոսկուայի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Կիր Փեթերսոնի հետ հանդիպումի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Վերջերս մեր արեւմտեան գործընկերներէն ոմանք տեղեկութիւններ կը տարածեն այն մասին, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան պայմաններուն մէջ կորսնցուցած է սուրիական տագնապի լուծման նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:
«Անոնք բացարձակապէս անպէտք միջոցներով յայտարարութիւններ են: Անոնք չեն արտացոլեր սուրիական համապարփակ լուծման ձգտումին մեր հետեւողական գիծը, ներառեալ ձեր առաքելութեան աջակցիլը», ըսած է Լաւրով: