Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքինը այցելեց Երեւան: Ան լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքինյայտնեց, թէ Ռուսիա ունի բաւարար ուժեր եւ միջոցներ` դժուար պահերուն իր դաշնակիցները եւ ընկերները պաշտպանելու համար:
Սերկէյ Նարիշքին վստահութիւն յայտնեց, որ ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ համարկման գործընթացները կայունութեան ամուր երաշխիք են: Ան յիշեցուց, որ այս շրջանին մէջ արդէն կը գործեն համարկման կառոյցներ` Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը:
«Այդ կառոյցները ստեղծուած են` հաշուի առնելով անոնց մաս կազմող բոլոր պետութիւններուն շահերը: Համարկման պաշտպանական գործիքները լաւ երաշխիք են կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու համար», յայտնեց ան:
Սերկէյ Նարիշքին յայտարարեց, որ իր երեւանեան այցելութիւնը ոչ մէկ կապ ունի «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի Հայաստան կատարած այցելութեան հետ: