ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ռուսիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան առիթով, շաբաթ, 23 մարտ 2024-ին, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Կը դատապարտենք Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ռուսիոյ նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, յատկապէս սպաննուածներու ընտանիքներուն, որոնք համաշխարհային ահաբեկչութեան զոհերն են: Ողորմութիւն` զոհերուն եւ զօրակցութիւն` ռուս ժողովուրդին»: