Օրերս Լիբանան գտնուող, Եւրոպական Խորհուրդի կից՝ Երիտասարդ սերունդներու համար աշխատանքի դիրքեր եւ վերապատրաստման ծրագիրներ իրականացնող «Սալթօ-Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոն, ծանօթանալու՝ Հ.Բ.Ը.Մ. եւ Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքներու երիտասարդական վարչութիւններու գործունէութեանց:
2000-ին ծնունդ առած «Սալթօ- Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութիւնը, մաս կը կազմէ Եւրոպական Խորհուրդի՝ երիտասարդութիւնը ժամանակակից տնտեսական, ընկերային մարտահրաւէրներուն վերապատրաստելու ռազմավարութեան: Այս ծիրին մէջ, ան գործակցութեան կամուրջներ հաստատած է համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ: « Սալթօ – Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Պրիւքսէլ: Ան արդէն իսկ բջիջներ ստեղծած է Եւրոպական Համայնքի տարբեր ոստաններու մէջ եւ դուրս գալով եւրոպական ցամաքամասի սահմաններէն, գործակցութեան նոր եզրեր կը ստեղծէ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի երիտասարդութեան հետ:
Տասնչորս երկիրներ ներկայացնող «Սալթօ –Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, 22-27 Յունիսի միջեւ, Լիբանանի մէջ ունեցաւ հանդիպումներու, այցելութիւններու խիտ ժամանակացոյց մը, շփումներ ունենալով լիբանանեան տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու երիտասարդական ներկայացուցիչներուն հետ:
Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Տեմիրճեան Կեդրոնի մուտքին, Հ.Բ.Ը.Մ-ի շրջանակային Յանձնաժողովի, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեանց անդամներ եւ միութենականներ դիմաւորեցին « Սալթօ –Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմապերպութեան պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տէր եւ տիկին Ֆետի եւ Լամա Թեպիթներու: Նախքան հանդիպումը, անոնք ծանօթացան Տեմիրճեան Կեդրոնի յարկերուն մէջ ծաւալող աշխատանքներուն:
Հանդիպման բացումը կատարեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի վարիչ տնօրէնուհի տիկին Անիթա Լիպիարը: Բարի գալուստի խօսքէն ետք ( նշենք թէ բոլոր խօսքերը կատարուեցան անգլերէն լեզուով), տիկին Լիպիար ամփոփ ներկայացուց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց նախատեսուած ամառնային ճամբարին մասին: Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հ.Բ.Ը.Մ. -ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի տիկին Սիլվա Լիպարիտեան: Ան ներկայացուց լիբանանեան կրթական մարզին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններուն փայլուն նուաճումները: Իր կարգին օրդ. Սարին Քարաճըրճեան ներկայացուց «Երիտասարդ Արհեստավարժներու» (Եանկ Փրոֆեշընըլզ) խմբակին աշխատանքները:
Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կէրի Ֆեթէլ ներածականով մը կատարեց Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան պատմականը, Սփիւռքի մէջ Հ.Ե.Ը-ի ծաւալած բազմակողմանի աշխատանքները : Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բացատրեց Հ.Ե.Ը-ի կառուցային քարտէսը, նշելով թէ շարժումը կը գլխաւորէ Կեդրոնական Վարչութիւնը, անոր կցուած է վարիչ գրասենեակը: Այս երկուքին անմիջական հովանաւորութեան տակ կը գործեն հինգ մասնաճիւղեր: Հերթականութեամբ խօսք առին Հ.Ե.Ը.-ի հովանիին տակ գործող մարզական, մշակութային, սկաուտական, երիտասարդական վարչութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք « Փաուըր Փոյնթ»ի օգնութեամբ ամփոփ եւ սակայն՝ ամբողջական պատկերացում մը տուին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին:
Յաջորդաբար խօսք առին՝ Յովիկ Փոլաճեան ՝ Հ.Ե.Ը. Կրտսերաց Վարչութեան ատենապետ, Գարին Գալինճեան՝ Համալսարանականներու Վարչութեան ատենապետուհի, Մարօ Թելվիզեան՝ Հ.Ե.Ը. -Վահրամ Փափազեան թատերախումբի վարչութեան գանձապահ, Վազգէն Մուղալեան՝ Հ.Ե.Ը. – Վահրամ Փափազեան թատերախումբի վարչութեան անդամ, Գայիանէ Մածունեան՝ Հ.Ե.Ը. «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց, Նշան Ղորղորեան՝ Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ պասքեթպոլի վարչութեան անդամ, Նարեկ Աւետիքեան՝ Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիչ, Սահակ Պիտինեան՝ Հ.Ե.Ը. փինկ փոնկի խումբերու մարզիչ, Տիգրան Զէյթճեան՝ Հ.Ե.Ը. ճատրակի պատասխանատու, Էտի Թորամանեան՝ Հ.Ե.Ը Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական Շարժումի ընդհանուր խմբապետ, Ռաֆֆի Քելեշեան՝ Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտներու խմբապետ, Շիրազ Թորամանեան՝ Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական Շարժումի փոխ-խմբապետ, Ռիթա Տիշչեքենեան՝ Հ.Ե.Ը. փողերախումբի վարչութեան անդամ, Սօսի Ալլոզեան՝ Հ.Ե.Ը. փողերախումբի վարչութեան անդամ, Գէորգ Կիւվլեքճեան՝ Հ.Ե.Ը. -Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի ընդհանուր խմբապետ, Հ.Ե.Ը. – Վեթերան Սկաուտներու Վարչութեան ատենապետուհի՝ Մայտա Քիւրեճեան, Սարհատ Սարհատեան՝ Հ.Ե.Ը –Անդրանիկ Սեւան ընկերային վարչութեան փոխատենապետ:
Ծանօթացման այս հանդիպման աւարտին, ի պատիւ «Սալթօ-Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր»ի պատուիրակութեան տեղի ունեցաւ ընթրիք: Ընթրիքի սրահի մուտքին, իւրաքանչիւր վարչութիւն, սեղաններու վրայ կը ցուցադրէր իր գործունէութիւնները ամփոփող խտասալիկներ, զգեստներ, նկարներ: Սեղաններուն շուրջ ստեղծուած էր մտերմիկ մթնոլորտ: Սերտ զրոյց կ’ընթանար հիւրերուն՝ Հ.Բ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի երիտասարդական վարչութիւններու անդամներուն միջեւ, միաժամանակ համտեսելով հայկական աւանդական ճաշեր: Հիւրերուն անունով սրտաբուխ խօսք առաւ « Սալթօ-Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան համադրող՝ Պեռնար Ապրիկնանի: Ան, իր հիացմունքը յայտնեց մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած դերակատարութեան եւ շնորհակալութիւն՝ Հ.Բ.Ը.Մ-ի. եւ Հ.Ե.Ը.-ի կողմէ ցուցաբերուած ընդունելութեան: Պեռնար Ապիկնանի նաեւ բարձր գնահատեց զոյգ միութիւններուն կատարած բեղուն աշխատանքը:
Իր կարգին, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ծրագիրներու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց «Սալթօ- Եութ Եուրոմէտ Ռիսորս Սենթր» կազմակերպութեան:
On Tuesday 23 June 2015, A large delegation of «Salto-Youth Euromed Resource Centre » visited AGBU Demirdjian Center and met with various committee members from the youth organisations of AGBU – AYA ( Armenian Youth Association) .
A 28 member delegation from 14 countries attended the meeting which was held under the supervision of AGBU and AYA leadership. With the aid of power point presentation, representatives of AGBU and AYA youth committees introduced their activities and future plans.
The visit was followed by a dinner of Armenian food at the Demirdjian Center. Towards the end of the dinner the coordinator of «Salto-Youth Euromed Resource Centre » Bernard Abignani expressed the delegation’s words of gratitude to the AGBU -AYA youth and to the organizers of the meeting. After which the chairman of AYA Central Committee Vicken Tchertchian delivered his words of praise to the representatives of «Salto-Youth Euromed Resource Centre » in Lebanon, Fadi and Lama Tabet and wished success to the «Salto-Youth Euromed Resource Centre » for their future endeavors .