ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Աշխարհագրական եւ քաղաքական տարբեր միջավայրերէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման գործընթացին առնչութեամբ կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ: Ռուսիոյ նախագահը ազրպէյճանական վերջին յարձակումին առիթով կը հաստատէր, որ խնդրի լուծման բանալին սահմանազատումն է երկու երկիրներու միջեւ Ռուսիոյ երաշխաւորութեամբ: Ֆրանսայի արձագանգը չէր ուշանար: Նախագահ Մաքրոն կ՛ակնարկէր սահմանազատման գործընթացին ՄԱԿ-ն ու ԵԱՀԿ-ը ներառելուն մասին: Աւելի առաջ Միացեալ Նահանգները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին սահմանազատման աշխատանքներուն իրենց թեքնիք օժանդակութիւնները բերելու:
Առաջադրանքը նոյնն է, երաշխաւորողներն ու միջնորդները տարբեր են, աւելի ճիշդ` մրցապայքար կ՛ընթանայ այդ դերակատարութիւնը ստանձնելու ուղղութեամբ: Այս կը նշանակէ, որ աշխարհաքաղական թէժ կէտի վրայ յայտնուած է մեր երկիրը, որովհետեւ վերջին իրադարձութիւնները աւելի կ՛իմաստաւորեն իրանամերձ կամ սահմանակից շրջանի, Թուրքիան Ազրպէյճանին կապող կամուրջի եւ ուժանիւթային նոր քարտէսներու եւ այս առումով նոր տարանցիկ ճանապարհները:
Այս մրցապայքարի ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ` Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան
(ԱՊՀ) ձեւաչափը կրնայ օգտակար ըլլալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման համար: ԱՊՀ-ի աջակցութիւնը պահանջուած պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տիրող իրավիճակի կարգաւորման համար: Ռուս նախարարը ակնարկած է նաեւ արցախեան հակամարտութեան` ըսելով, որ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար այժմ կը քննարկուի ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ տեղակայելու կարելիութիւնը: Անոնք կ՛օգնեն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար, որոնք կը վերաբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման, երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ Արցախ ուղարկելը կամ ԱՊՀ-ի սահմանազատման գործընթացին ներառելը ռուսական կողմէն խաղի կանոնները չփոխելու յայտարարութիւն է եւ պատասխան ՄԱԿ-ը կամ ԵԱՀԿ-ը այս գործընթացներուն ներառելու յայտարարութիւններուն:
Փարիզի ակնարկով չէր սահմանափակուեր անշուշտ սահմանազատման գործընթացին ԵԱՀԿ-ը կամ ՄԱԿ-ը ներառելու մօտեցումը: Պարզ էր, որ նման առաջադրանք պիտի ստանար միջազգային հանրութեան արձագանգը:
Չէր ուշանար ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարին միանալը այս առաջադրանքին:
Իր ֆրանսացի գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Լեհ նախարարը պարզ դարձուցած է, որ ԵԱՀԿ-ը կը քննէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան տարածք առաքելութիւն ուղարկելու հնարաւորութիւնը` պարզ դարձնելով, որ միջնախարարական հանդիպումը քննարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վերջին զարգացումները եւ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն տարածաշրջան ուղարկելու կարելիութիւնը:
ԱՊՀ-ի առաքելութիւն, ՀԱՊԿ-ի դիտորդներ, միւս կողմէ` ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւն կամ ՄԱԿ-ի ներգրաւում սահմանազատման գործընթացին` աշխարհաքաղաքական մրցապայքարին կու տան սուր հնչեղութիւն:
Այս խայտաբղէտ պատկերը` երաշխաւորութիւն եւ միջնորդութիւն ստանձնելու, կրնայ պատնէշի դեր ունենալ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան դէմ: Հայկական կողմը այս բոլորին մէջ կրնայ նկատել նախադրեալներ գործընթացը եթէ ոչ ուղղակի առկախելու, յամենայն դէպս ձգձգումի տանելու, ինչ որ կը բխի իր շահերէն` տրուած ըլլալով, որ պարտուած կողմին համար ա՛յս պայմաններուն մէջ որեւէ համաձայնութիւն կ՛ենթադրէ միակողմանի զիջումներ:
Հիմա, որեւէ բանակցութիւն պէտք է պայմանաւորել ազրպէյճանական զօրքերու հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէ հեռացումով: Կը թուի, որ այս առաջադրանքը ունի նաեւ միջազգային առ այժմ կոչերու սահմաններուն մէջ լսելի հնչեղութիւն: Ինչ որ տեսանելի կը դարձնէ, թէկուզ կարճաժամկէտ դրուածքով, շահերու համատեղման կառչելի կէտ: