Վեհանոյշ Թեքեան
«Աղօթքներ ուռկանի մէջ»
Է՜, Հայ Ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,
պիտի շուարի, պիտի տուայտի։
Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ
տուն մնացողին հաց ապահովէ,
Պիտի աղօտի, աղօթէ պիտի,
պիտի վայէ, պիտի թաղէ,
արիանայ ու բարիանայ։
Շողշողայ պիտի, դողդղայ պիտի,
եթէ կեղեքուի, եթէ պարտուի
պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ,
պիտի չաղաչէ, այլ՝աղաղակէ։
Ցեղասպանութիւն բառն ուրացողը
դատի դուռ կանչէ,
պիտի յուշագրէ, եւ քայլարշաւէ,
պատիժ սահմանելը՝ ուրիշ պետութեանց
կշիռքին յանձնէ։
Պիտի զննէ, քննէ ու քննարկէ,
ամէն բան պակա՛ս պիտի գտնէ։
Պիտի դիմէ, պիտի հիմնէ,
նախ հակաճառէ, ապա մեծարէ։
Պիտի անրջէ, պիտի կամրջէ,
հողը պաշտէ, ծո՛վ երազէ։
Մշակոյթը եռայ-չեռայ՝ պիտի վառէ,
ապագան միշտ ասկէ տարբե՛ր պիտի տեսնէ։
Պիտի խրի ներկային մէջ, պիտի հարբի անցեալով,
պիտի այրի ներկային մէջ ու զովանայ ապագայով։
Որուն որ հաւատաց՝ պիտի չհաւատայ,
տաքէն պաղ ու պաղէն գաղջ՝ ճարտարօրէն երթայ-գայ։
Անցեր է բիւր գեհեններէ, եդեմին երեսը տեսած չէ,
Նոյեան Տապանի փոխան՝ տապանաքար նկարած է։
Խաչքարերը՝ բազմատանջ խօսուն առաքեալներ
տեղափոխած Սփիւռք՝ Յուշն արթուն են պահեր։
Դեռ պիտի ցանէ, պիտի ձգէ, արմատները հետը քաշէ,
ապակեդրոն արտերկրի մէջ՝
կեդրոն դպրոց եկեղեցի պիտի կանգնէ։
Պիտի սփիւռքէ, պիտի հայաստանէ, պիտի արցախէ,
ի՛նչ որ իյնայ իր հոգիին՝ պիտի պաշտէ,
ինչ որ անցնի իր ուղեղէն՝ պիտի մաղէ՜։
Մէկ բան սակայն անկարելի պիտի ըլլայ –
Ընթեռնելի՛ պիտի չըլլայ։
***