Յուլիս 1-ին Ալ.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Փառատօնի ծիրէն ներս կը նախատեսուին բազմապիսի ձեռնարկներ Երեւանի, Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Այս առիթով «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է «Իմ Հայաստան» փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեանի հետ.
– Այս տարի պիտի իրականացուի «Իմ Հայաստան» երկրորդ փառատօնը. Սա կը նշանակէ, որ փառատօնը արդէն կը դառնայ աւանդական: Երբ 2012 թուականին առաջին անգամ իրականացուեցաւ փառատօնը, փորձը ցոյց տուաւ, որ այն ձեւաչափը, որ մենք ընտրած ենք, ինքզինք կ’արդարացնէ: Այն հնարաւորութիւն կու տայ սփիւռքեան պարախումբերուն, երգչախումբերուն, անհատ կատարողներուն աւելի շատ ելոյթներ ունենալու, Հայաստանի մէջ` ազգային արմատներուն առաւել մօտ ըլլալով, մշակութային, հասարակական գործիչներու, արուեստագէտներու հետ շփման արդիւնքով նոր փորձ ձեռք բերելու, մասնագիտութեան մէջ առաւել ամրանալու եւ յետագային իրենց գործունէութիւնը ճիշդ ուղղորդելու իրենց համայնքներուն մէջ:
Ուստի` փառատօնը աւանդաբար իրականացնելու ցանկութիւնը եւ ՀՀ կառավարութեան որոշումը այս տարի «կը ստիպէ» է մեզի իրականացնելու երկրորդը: Հետեւաբար, մենք այսուհետ երկու տարին մէկ կ’իրականացնենք «Իմ Հայաստան» փառատօնը:
– Պարո ́ն Հարոյեան, ո՞րն է փառատօնի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը:
– Գլխաւոր առանձնայատկութիւնը արուեստի ճիւղերը առանձին-առանձին ներկայացնելն է. յուլիս 1-10` «Պարարուեստի օրերն» են, օգոստոս 1-5` «Խմբերգային արուեստի օրերը»: Այս տարի մենք որոշեցինք կազմակերպել նաեւ «Ասմունքի երեկոյ»: Այն կը նուիրենք Սիամանթոյի ծննդեան օրուան, եւ կը կայանայ օգոստոս 16-ին: Օգոստոս 4-8 «Ասմունքի օրեր» կ’ըլլան նաեւ Արցախի մէջ: «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօնը» կ’իրականացուի սեպտեմբեր 20-24:
Իսկ սեպտեմբեր 26-ին` Կոմիտասի ծննդեան օրը, որ մենք յայատարարած ենք որպէս «Հայ երգի օր» , կը կայանայ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ամփոփիչ համերգը:
– Երկրորդ փառատօնը ինչո՞վ պիտի տարբերի առաջին փառատօնէն:
– Մեզի կ’ուրախացնէ այն փաստը, որ միեւնոյն պարախումբերը, երգչախումբերը չեն մասնակցիր: Երթալով եւ ́ աշխարհագրութիւնը կ’ընդլայնուի, եւ ́ խումբերու քանակը կը մեծնայ, եւ ́ նոր խումբեր կը մասնակցին:
Սա կը խօսի այն մասին, որ փառատօնը կայացած է: Բացի փառատօնային օրերու ժամանակահատուածէն, մեր աշխատակազմը անընդհատ կապի մէջ է սփիւռքեան կառուցներուն հետ, որուն արդիւնքով բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կ’իմանանք անոնց հայաստանեան ելոյթներուն մասին:
«Պարարուեստի օրերուն» աշխարհի 12 երկրէ 36 պարախումբ պիտի մասնակցի. 20-ը առաջին անգամ ելոյթ կ’ունենան փառատօնի ծիրէն ներս: Երգչախումբերը, նախորդ 12-ի փոխարէն, 15 դարձած են: Անհատ կատարողներու թիւը 30-ը կ’անցնի:
«Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակիցներու ընդհանուր թիւը շուրջ 1200 է:
«Իմ Հայաստան» փառատօնի մեկնարկը յուլիս 1-ին է` Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: Բացման գեղեցիկ ձեռնարկին, որուն ժամանակ ելոյթ կ’ունենան փառատօնին մասնակից բոլոր պարախումբերը, կը մասնակցին նաեւ հայաստանեան լաւագոյն երգիչները, արուեստագէտները, Արցախի պարի պետական անսամպլը, «Բերդ» պարախումբը: Փառատօնի բացման առաջին անգամ կը ցուցադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պարային ելոյթ: Բաւականին լեցուն եւ գեղեցիկ ծրագիր կը սպասուի:
Շատ կարեւոր է մարզերու մէջ կազմակերպուող համերգները: Ընդգրկած ենք համարեայ բոլոր մարզերը, պիտի մեկնինք նաեւ Արցախ:
Այս տարի բացօթեայ տօնախմբութիւն կազմակերպած ենք Օշականի մէջ, որ կը կրէ «Գիւղի տատիկ» խորագիրը: Պիտի ըլլայ մեծ տօնախմբութիւն, ցուցահանդէս-վաճառք, պարախումբերը կը ծանօթանան հայկական մշակոյթին եւ խոհանոցին:
«Խմբերգային արուեստի օրերու» ծիրէն ներս կարեւոր կը համարենք յատկապէս երկու ձեռնարկ: Օգոստոս 1-ին կայանալիք բացման ձեռնարկը կը նուիրենք Յովհաննէս Չէքիջեանի ծննդեան 85-ամեակին, որ տեղի պիտի ունենայ Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Այդ օրը բոլոր երգչախումբերու մասնակցութեամբ եւ Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբի գլխաւորութեամբ պիտի կատարուի Մեծ եղեռնի 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած նոր ստեղծագործութիւն. երաժշտութեան հեղինակը Արա Գէորգեանն է, խօսքերու հեղինակը` Լեւոն Բլբուլեանը:
Կը մտածենք նաեւ այդ ստեղծագործութիւնը յաջորդ օրը երեկոյեան հնչեցնել նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ` բոլոր երգչախումբերու մասնակցութեամբ:
Օգոստոս 5-ին կը կայանայ «Խմբերգային արուեստի օրերու» փակման արարողութիւնը: «Տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօնը» եւս բաւականին հետաքրքիր ձեւաչափով պիտի իրականացուի:
Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները հիմնականին մէջ հայականչութեան, հայահաւաքութեան առանցքի շուրջն են: Իսկ «Իմ Հայաստան» փառատօնը կը լուծէ նաեւ մշակութային խնդիրներ:
Սփիւռքեան մեր խումբերը արտերկրի մէջ, օտար հանդիսատեսին կը ներկայացնեն հայ մշակոյթը: Ես կը կարծեմ, որ այս առումով պէտք է ճիշդ աշխատանք տանիլ, եւ արդէն կը տարուի մեր կողմէն: Կ’աշխատինք Հայաստանի պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան, երգչախմբային ընկերութեան, բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ, որպէսզի ճիշդ ուղղորդենք խումբերու ղեկավարները, անհատ կատարողները:
Մենք կը կազմակերպենք ոչ միայն վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ, հանդիպումներ, այլեւ կը տրամադրենք մեթոտական ձեռնարկներ եւ այլն: «Իմ Հայաստանի» կայք-էջին վրայ այս ուղղութեամբ համապատասխան էջեր բացած ենք:
– Պարո ́ն Հարոյեան, ի՞նչ առաջարկներ, ցանկութիւններ եղած են նախորդ մասնակիցներուն կողմէ:
– Արձագանքները հիմնականին մէջ դրական են, ինչն ալ կը խօսի այն մասին, որ պէտք է շարունակել աւելի լաւ աշխատիլ` այս ոճով, այս թափով: Մասնակիցներուն համար այս տարի աւելի գեղեցիկ հաւաստագիրներ պատրաստուած են: Բոլորին պիտի բաժնուին «Իմ Հայաստան» խորհրդանշանով շապիկներ, յարակից պարագաներ:
Ամէն ինչ պատրաստ է` փառատօնը ըստ արժանուոյն իրականացնելու համար:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան