ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 255
Առաջին համաշխարհային պատերազմը աւարտեցաւ Գերմանիոյ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ պարտութեամբ: Հասած էր պարտութիւն կրած պետութիւններու տարածութիւնները վերանայելու պահը: Սեղանի վրայ էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան սահմանները վերականգնելու օրակարգը:
Իտալիոյ կառավարութիւնը, Դաշնակից պետութիւններուն եւ Գերմանիոյ միջեւ միջնորդի դերով հանդէս գալով, Սան Ռեմօ քաղաքին մէջ վեհաժողովի հրաւիրեց հակամարտ կողմերը:
Պէտք է աւելցնել, որ Դաշնակից պետութիւններուն միջեւ խոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունէին այս ուղղութեամբ. Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա չէին կրնար իրենց միջեւ բաժնել Միջին Արեւելքի քարիւղի աղբիւրները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարածութիւնները: Իտալիա՝ դժգոհ Սայքս- Փիքոյի (1916) համաձայնագիրէն, նոր տարածութիւններ կը պահանջէր Թուրքիայէն:
Փաստօրէն Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովի հիմնական օրակարգը Միջին Արեւելքի քարիւղի հանքերուն եւ Օսմանեան Թուրքիոյ տարածութիւններուն բաժանումն էր, ինչպէս նաեւ հրէական օճախի մը ստեղծումը:
Վեհաժողովին մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ճափոնի, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Յունաստանի ներկայացուցիչները: Միացեալ Նահանգներ դիտորդի հանգամանքով մասնակցեցաւ: Խորհրդային Ռուսիան չէր հրաւիրուած, որովհետեւ Դաշնակից պետութիւնները տակաւին չէին ճանչցած յեղափոխութենէն նոր ծնած պետութիւնը: Սան Ռեմոյի վեհաժողովին Հայկական հարցի քննարկումներուն մասնակցեցան Պօղոս Նուպար Փաշան եւ Աւետիս Ահարոնեանը:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 18 ապրիլ 1920-ին: Առաջին իսկ նիստին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները համաձայնութիւն մը կնքեցին Միջին Արեւելքի քարիւղի հանքերուն շուրջ, որուն առիւծի բաժինը հասաւ Բրիտանիոյ: Դաշնակիցները մերժեցին Վերսայի համաձայնագիրով նախատեսուած՝ Գերմանիոյ բանակին թիւը հարիւր հազարէն աւելցնելու անոր պահանջը: Փոխարէնը խոստացան յարգել Գերմանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անորոշ ժամանակով յետաձգեցին Գերմանիայէն նիւթական վնասուց հատուցում ստանալու պայմանը:
Հայկական հարցը քննարկելու միջոցին ծագեցան զանազան բանավէճեր Դաշնակից պետութիւններուն միջեւ, որուն հետեւանքով ոչ մէկ յստակ որոշում կայացաւ: Թուրքիոյ բաժանումը ընդհանրութիւններ եւ հակասութիւններ ստեղծած էր Դաշնակից պետութիւններուն միջեւ:
Այսուհանդերձ, խորհրդաժողովը քննարկեց Հայաստանի իրավիճակը: Նիստերուն ընթացքին ընթերցուեցաւ Հայաստանի վերաբերեալ ամերիկացի զօրավար Հարպըրտի տեղեկագիրը: Ըստ ամերիկացի զինուորականին՝ իր երկրին պետական գանձին առնուազն 757 միլիոն տոլարի գումար մը պիտի արժէր Հայաստանի համար ամերիկեան հնգամեայ հովանաւորութիւնը: Բացի այդ, յիսուն հազարի հասնող բանակի մը անհրաժեշտութիւն կը յանձնարարէր զօրավարը:
Հայկական նորաստեղծ պետութիւնը գոյատեւելու եւ սահմանները պաշտպանելու համար կատարելագործուած բանակի կը կարօտէր…
Հայաստանի հանրապետութեան բանակը հազիւ երեսուն հազար կը հաշուէր այդ օրերուն: Հայաստան չունէր նորակազմ բանակ պահելու եւ սպառազինելու միջոցները: Երբ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը մերժեց Հայաստանի հովանաւորութիւն ստանձնելու Դաշնակիցներուն դիմումը, վեհաժողովը քննարկեց Հայաստանի հովանաւորութիւնը Նորվեկիոյ յանձնելու կարելիութիւնը: Վերջինս նոյնպէս մերժեց:
Դաշնակիցները փաստօրէն հրաժարեցան Հայաստանի նկատմամբ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական հովանաւորութեան նախապէս ստանձնած իրենց յանձնառութիւններէն: Հայաստանի նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւններէն խուսափելու նպատակով Ազգերու լիկային առաջարկեցին փոխանցել թղթածրարը: Վերջինս մերժեց, որովհետեւ անոր կանոնագրութիւնը չէր արտօներ նման պարտաւորութիւն:
Երկարատեւ քննարկումներէ ետք Դաշնակից պետութիւնները եկան այն եզրակացութեան, որ զօրք չեն կրնար ղրկել Հայաստան: Ֆրանսա մինչեւ իսկ խորհուրդ տուաւ դիմեհլ հարուստ հայերու…:
Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին մասնակիցները, նոր հնարքով մը, դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վոււտրօ Ուիլսընին՝ իբրեւ միջնորդ յստակացնելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական սահմանագիծը: Վեհաժողովը արձանագրեց, որ Հայաստան, Թուրքիա եւ այլ պետութիւններ կանխաւ հաւանութիւն տուած են ընդունելու Մ. Նահանգներու նախագահին միջնորդութիւնը:
Վեհաժողովի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի՝ դէպի Սեւ ծով ազատ ելք ապահովելու, Կարսէն Պաթում երկաթուղագիծ կառուցելու կարելիութիւնները:
Դաշնակիցները նպատակայարմար գտան Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյանալէ ետք միայն լուծում մը գտնել ծովային ելք ունենալու Հայաստանին տրուած խոստումին:
Խորհրդաժողովը մշակեց եւ հաստատեց Թուրքիոյ հետ կնքուելիք համաձայնութեան նախագիծը: Մեծն Բրիտանիա ստանձնեց Պաղեստինի եւ Իրաքի հովանաւորութիւնը, Ֆրանսա՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի:
Սան Ռեմոյի Խորհրդաժողովը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգներու Հայաստանի հանրապետութեան պատկանելիութիւնը:
Գալով Հայաստանի հանրապետութեան, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վիճայարոյց սահմանագիծերը ճշդելու օրակարգին՝ խորհրդաժողովը դիտել տուաւ, որ վերոյիշեալ երեք պետութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն չգոյանալու պարագային միայն՝ Դաշնակիցները կ’որոշեն միջամտել եւ ճշդել խնդրոյ առարկայ տարածութիւններուն պատկանելիութիւնը:
Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովը հաստատեց, որ 23 ապրիլ 1920-ին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը «Տէ Ֆաքթօ» կը ճանչնար Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:
Իսկ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք համաձայնագիրին նախագիծը ստորագրուեցաւ Սեւրի մէջ, 10 Օգոստոս 1920-ին:
Նախագահ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին ներկայացուց մշակած իրաւարար վճիռը, որուն հիման վրայ Արեւմտեան Հայաստանի տարածութիւնը պիտի կազմէր շուրջ 90 հազար քառ. քիլոմեթր:
1920 թուականին Արեւելեան Հայաստանի տարածութիւնը կը կազմէր 71.330 քառ. քիլոմեթր: Հետեւաբար Հայաստան 161.300 քառ քիլոմեթր տարածութիւն մը պիտի ունենար
Խորհրդաժողովի Հայաստանի վերաբերեալ քննարկումներուն մասնակից Պօղոս Նուպար Փաշան Դաշնակիցներուն կը յիշեցնէր, որ հայերը ֆրանսական լեգէոնին օգնելու նպատակով գումարտակ տրամադրած են Պաղեստինի մէջ եւ այլուր. անոնք կռուած եւ արժանացած են զօրավար Ալենպիի գնահատականին: Հայերը նաեւ կռուած են ռուսերու կողքին… հետեւաբար ան դիտել կու տար, որ հայերը զէնք, զինամթերք ունենալու պարագային, անկէ պիտի շահէին քաղաքակիրթ ազգերը:
Դժբախտաբար Դաշնակիցներուն համար շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունէին Պաքուի եւ Միջին Արեւելքի նաւթահորերը, քան Հայաստանի սահմաններուն ճշդումը:
Առ ի եզրակացութիւն՝ եւրոպական պետութիւնները տրամադիր չէին նիւթապէս եւ ռազմապէս սատար կենալու Հայաստանին: Իսկ առնուած որոշումները չիրագործուեցան քեմալական շարժումին պատճառով: Դաշնակիցներուն եւ համայնավար Ռուսիոյ միջեւ սկսած էր քեմալական Թուրքիան սիրաշահելու պայքարը…:
Խորհրդաժողովի ընթացքին Ֆրանսայի Նախարարաց խորհուրդի նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, հետագային՝ Ֆրանսայի նախագահ Ալեքսանտըր Միլերանը կատարեց բաւական դիպուկ յայտարարութիւն մը. «Որքան մեծ Հայաստան ստեղծուի, այնքան ծանր հետեւանք պիտի ունենայ հայերուն համար»: Անոր երկրորդեցին Բրիտանիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճը եւ մնացեալ ժողովականները…