Յարգելի հայրենակիցներ,
Կը տեղեկացնենք, որ ՀՀ կառավարութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած 2018թ. ձեռնարկներու ծրագիրի ծիրէն ներս ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնները եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը կազմակերպեն «Սարդարապատէն Արցախ» խորագիրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներ` հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու սաներուն համար: Շարադրութիւններու եւ մրցոյթներու ընդունման վերջնաժամկէտն է 28 փետրուարը:
Արդիւնքները պիտի ամփոփուին մարտի 3-րդ տասնօրեակին: Շարադրութիւններէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 20-ը` Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Մրցանակային լաւագոյն շարադրութիւնները եւ նկարները կ’ընդգրկուին նախատեսուող ժողովածուին մէջ: Յաղթողներուն հետ լուսանկարներու շարք պիտի կատարուի Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ եւ լուսանկարները նոյնպէս պիտի ընդգրկուին ժողովածուին մէջ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մետալներ կը յանձնէ յաղթողներուն (հնարաւոր է, որ Մեծ համերգի մը ընթացքին):
Շարադրութիւնները պէտք է ներկայացնել Microsoft word-ով, 12 sylfaen տառաչափով, 2 սմ լուսանցքներով, տողերու միջեւ 1,5 հեռաւորութեամբ, A4 ձեւաչափով, իսկ ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 2,5 էջը:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին
Հասցէ` ք. Երեւան 0010, Վ.Սարգսեան 3, հեռ.` (+37410) 58-56-01 (700), (+37460)-500-830 հեռախօսահամարներով:
Աշխատանքներն ուղարկել նաեւ [email protected] էլ. փոստին: