Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16օրեայ արշաւի ծիրին մէջ, ստորեւ կը ներկայացնենք աշխարհի վրայ ընկերային բեւեռացումի հիմքերէն մէկը հանդիսացող սեռերուն միջեւ անհաւասարութեան մասին վիճակագրական տուեալներ:
– Աշխարհի տարածքին 62 միլիոն աղջիկներու արգիլուած է ուսում ստանալ:
– Ամէն տարի մօտաւորապէս 15 միլիոն աղջիկներ, որոնք 18 տարեկանը չեն ամբողջացուցած, բռնի ուժով կ՛ամուսնանան, այսինքն՝ 4 աղջիկներէն մէկը աշխարհի տարածքին, կամ՝ ամէն վայրկեան 28 աղջիկ:
– 5 անձերէն 4ը, որոնք ենթարկուած են մարդոց առեւտուրի կամ շահագործման (human trafficking), աղջիկներ են:
– Կիներուն 30 առ հարիւրը, որոնք յարաբերութիւններու մէջ եղած են, տեղեկագրած են, թէ իրենք ենթարկուած են կա՛մ ֆիզիքական, կա՛մ ալ սեռային բռնութեան:
– Ամերիկացի կիները, որոնք կը ծառայեն Իրաքի կամ Աֆղանիստանի մէջ, աւելի հաւանական է, որ բռնաբարութեան ենթարկուին իրենց կողքին ծառայող զինուորներուն կողմէ, քան թէ սպաննուին թշնամիին կողմէ։
– Աշխարհի 15էն 44 տարեկան կիները առաւել բռնաբարութեան սպառնալիքի տակ են, քան՝ քաղցկեղի, ինքնաշարժի արկածներու, պատերազմի կամ մալարիայի:
– Ամբողջ աշխարհի տարածքին խորհրդարաններու անդամներուն միայն 23 առ հարիւրը կին է։
–Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համալսարաններուն մէջ 5 կիներէն մէկը կ՛ենթարկուի սեռային բռնութեան:
– Կիներուն մէկ երրորդը ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ենթարկուի սեռային բռնութեան կամ իր բարեկամներուն կամ օտարներու կողմէ:
– Որովհետեւ աշխատող կիները աւելի քիչ կը վճարուին աշխատող տղամարդոցմէ, անոնք ամէն օր մօտաւորապէս 5 ժամ կ՛աշխատին առանց վճարուելու:
– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այն երկիրներէն է, ուր չ՛ապահովուիր վճարուած մայրութիւն:
– Աշխարհի տարածքին մօտաւորապէս 781 միլիոն չափահասներ անգրագէտ են. անոնցմէ 2/3ը կիներ են:
– Հնդկաստանի մէջ, տղամարդու մը եւ իր կնոջ միջեւ բռնի սեռային յարաբերութիւնը բռնաբարութիւն չի նկատուիր բացի եթէ աղջիկը նուազ քան 15 տարեկան է:
– Աւելի շատ տղաներ կը ծնին, քան աղջիկներ՝ սեռով պայմանաւորուած ընտրովի վիժումին պատճառով: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մօտաւորապէս 90 միլիոն աղջիկներ մանկասպանութեան ենթարկուած են միայն Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ:
– Ֆրանսացի ամուսնացած կիները 1965ին ստացան իրենց իրաւունքը՝ աշխատելու առանց իրենց ամուսիններու արտօնութեան, իսկ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ՝ 1977ին:
– Աւստրալիոյ մէջ, մինչեւ 1983 թուական կնոջ մը անցագիրի դիմումնագիրը պէտք էր վաւերացուէր իր ամուսինին կողմէ:
– Եմէնի մէջ կնոջ մը արգիլուած է տունէն դուրս գտնուիլ առանց իր ամուսինին արտօնութեան:
– Զուիցերիան իր կին քաղաքացիներուն արտօնեց քուէարկել 1971 թուականին:
– Այսօր կիները տղամարդոցմէ 30 առ հարիւր աւելի քիչ առիթներ ունին գործ մը կամ պաշտօն մը ստանձնելու:
– Կիները նոյն գործին համար 17 տոկոսով աւելի քիչ կը վճարուին տղամարդոցմէ:
– Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները կը կազմեն 52 առ հարիւրը աշխատողներու ընդհանուր թիւին, սակայն անոնց 3 առ հարիւրը միայն ստանձնած է գլխաւոր պաշտօններ:
– 2010ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Վճռաբեկ բարձրագոյն ատեանը արտօնեց տղամարդոց ֆիզիքապէս «կրթել» իրենց կիները եւ զաւակները, բայց՝ առանց որեւէ յայտնի հետք ձգելու մարմինին վրայ:
– Քանի մը երկիրներու մէջ կիներու վաւերական վկայութիւնը, ըստ օրէնքի, տղամարդու վկայութեան կէսն է: Օրինակ՝ Ալճերիա (ոճրային-եղեռնադատ ատեանի պարագային), Եգիպտոս (Ընտանեկան ատեանի պարագային), Պաղեստին (ամուսնութեան եւ ամուսնալուծումի պարագային) եւ Եմէն (այստեղ երբեք արտօնուած չէ անոնց վկայութիւն տալ շնութեան պարագային):
– Աշխարհի մէջ կիներուն 79.7 տոկոսը ստացած է ուսում, իսկ տղամարդոց 88.6 տոկոսը (15 տարեկանեն վեր):