Երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ներկայիս լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական եւ ապրուստի ծանր կացութիւնը կարիքը ունի բոլորին ճիգերուն:
Յուլիսեան պատերազմի յիշատակի նախօրեակին սէյիտ Նասրալլա վերյիշեց դիմադրութեան յաղթանակները եւ շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրի պարտութիւնը` մեկնելով Լիբանանէն:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հայեացքները դէպի Արեւելք ուղղելը չի նշանակեր յարաբերութիւնները խզել Արեւմուտքի հետ, եւ որեւէ պետութիւն, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Լիբանանին վարկեր տրամադրելու, երկրին մէջ ներդրումներ կատարելու կամ այլ միջոցներով օգտակար հանդիսանալու, Հըզպալլան հարց չի կրնար ունենալ անոր հետ: Ան աւելցուց, որ այս մօտեցումը չի նշանակեր մեկուսանալ աշխարհէն, ներառեալ` Արեւմուտքը եւ Միացեալ Նահանգները, բացի սիոնական գոյացութենէն:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ այսօր Լիբանանի վկայած անօթութեան եւ փլուզումի սպառնալիքը որեւէ պետութեան դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքն է: Ան շեշտեց, որ ամբողջական փլուզումին եւ անօթութեան արգիլումը պէտք է վերածուի նպատակի եւ լրջօրէն քննարկուի անոր իրագործումը: Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները յառաջիկային պէտք է գործունեայ եւ աշխուժ ըլլան` յանգելու համար պահանջուած արդիւնքին: «Լիբանանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ, որ մենք կրնանք սպառնալիքը առիթի վերածել եւ դուրս գալ սխալ քաղաքականութիւններու կուտակումէն», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` նշելով միաժամանակ, որ ընդհանուր գործելակերպը պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն ժխտական սպասումով կամ շրջանային զարգացումներով` առանց որոնելու այլ ընտրանքներ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ Հըզպալլան կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն վերակենդանացնելու ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերը` իբրեւ հիմնական նախապայման արժանապատիւ գոյատեւման` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը արդէն որոշած է երկրագործական եւ ճարտարարուեստի պատերազմը մղել ընդդէմ փլուզումին եւ անօթութեան: «Մենք` Հըզպալլայի մէջ, որոշեցինք դէմ դնել փլուզումին եւ անօթութեան, եւ ամբողջ Հըզպալլան, իր բոլոր կարելիութիւններով, կարողութիւններով, բարեկամութիւններով եւ դաշինքներով, պիտի գտնուի այս պատերազմի սիրտին մէջ», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա դիմադրութեան համախոհներուն ուղղելով իր խօսքը յայտարարեց. «Այսօր, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պատերազմին մէջ, ուր որ պէտք է գտնուինք, պիտի գտնուինք, եւ այս նոր մարտադաշտին մէջ մենք ներկայ պէտք է ըլլանք: Թող 7 յուլիս 2020-ը ըլլայ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ դիմադրութեան, ժիհատի եւ վերածնունդի յայտարարութեան թուական»: