Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր ու գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 23 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ մեծագոյն բանաստեղծ Սիամանթոյի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Հայութեան ապրած արհաւիրքներն ու մաքառումը` քերթողութեան ընդմէջէն» թեմայով:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գիր ու գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Գէորգ Եագուպեան: Ան նկատել տուաւ, որ կարճ դադարէ մը ետք մասնաճիւղը վերանորոգուած ուժականութեամբ ու շունչով կը վերադառնայ անցեալ տարիներուն նման հանրութեան ներկայացնելու` հայ գրականութեան դասականները, գրական ժառանգութիւնը, հայ ստեղծագործական հանճարը, մեր դասականներուն ուսումնասիրման գծով կատարուած նոր աշխատանքները թէ գեղարուեստական կամ այլ բնագաւառներուն մէջ լոյս տեսած նոր հրատարակութիւնները, որոնք բոլորն ալ կ՛իյնան այս մասնաճիւղի գործունէութեան ծիրին մէջ: Եագուպեան յայտնեց, որ այս տարուան համար իբրեւ գլխաւոր ձեռնարկ մասնաճիւղի վարչութիւնը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած գրողներէն մէկուն կեանքն ու ձգած գրական ժառանգութիւնը ներկայացնել հրապարակային ձեռնարկով մը: Ընտրութիւնը կեդրոնացաւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Սիամանթոյի վրայ, բուն անունով` Ատոմ Եարճանեան, որուն ծննդեան 145-ամեակը կը նշուի այս տարի: Ան յայտնեց, որ Սիամանթոն հայ գրականութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ ազգային ազատագրական պայքարի բանաստեղծը: Բանաստեղծ մը սակայն, որ իր գրականութեան ընդմէջէն նաեւ ներկայացուցած է հայ ազգին ապրած զուլումները` տակաւին Հայոց ցեղասպանութենէն շատ առաջ: Սիամանթոն իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն կոչ ուղղած է պայքարի, վերապրելու եւ դիմադրութեան, ներկայացուցած է հայութեան դժբախտութիւնները, նոյնպէս ալ երգած է հայ ֆետայիին մաքառումը ազատութեան համար: Եագուպեան հաստատեց, որ հայ մեծանուն բանաստեղծին ծննդեան 145-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու Սիամանթոյի դերն ու դրոշմը հայ գրականութեան փառաւոր էջերուն վրայ:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի Գեղարուեստական դպրոցներու կրթական տնօրէն եւ տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեան եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի, դաշնակահար Վերոնա Ռուսիալեան, որոնք մեկնաբանեցին Ալեքսանտր Սպենդիարեանի «Հիճազով»-ը, նաեւ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Ռիթա Սալլում, որ մեկնաբանեց Սիամանթոյի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Օրուան բանախօսն էր Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս, նաեւ Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրդ. վարժարանի ուսուցիչ, մտաւորական, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան, որ փաուըր փոյնթով ներկայացուց իր նիւթը: Ան յայտնեց, որ Պէյրութի մեր գաղութը սփիւռքահայ գաղութներու այն առաջատար օղակն է, ուր Սիամանթոյի գործերը առաւելագոյն չափով տպուած, վերատպուած ու հրատարակուած են տասնամեակներու երկայնքին: Լեւոն Շառոյեան յիշելով իր պատանեկութեան շրջանը` նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչումներու օրերուն անպայման կը լսէր Սիամանթոյի անունը` բեմէ մը, կամ մամուլի էջերուն մէջ, կամ այդ առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսներու ընդմէջէն եւ հարց տուաւ, թէ ներկայիս, Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ո՞վ կը յիշէ Սիամանթոն: Մեր պատանիները կրնա՞ն ճանչնալ զինք իր լուսանկարով, կրնա՞ն անոր մասին երկտողով մը բնորոշում մը կատարել, կրնա՞ն անոր հատորներէն թուել, կրնա՞ն անոր յեղափոխաշունչ տողերէն քանի մը տող անգիր արտասանել: «Այս օրերուն ասիկա դժուար ակնկալիք մըն է: Ցաւ է հաստատել ինծի համար, որ Սիամանթոն սփիւռքի մեր այսօրուան պայմաններու մէջ քիչ մը գունաթափ ներկայութիւն մը դարձած է: Բարեբախտաբար Սիամանթոն տակաւին տեղ կը գտնէ մեր հայերէնի դասագիրքերուն մէջ», հաստատեց Շառոյեան` շեշտելով, որ այս յեղափոխաշունչ բանաստեղծին մարմարեայ պատգամները այլեւս նոր սերունդին ականջին չեն հասնիր, չեն տպաւորեր, չեն ըմբռնուիր, չեն ընկալուիր այնպէս, ինչպէս կ՛ընկալուէին ժամանակին: Շարունակելով իր խօսքը` Շառոյեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կացութիւնը տարբեր է, ուր 60-ական թուականներուն լայն հետաքրքրութիւն մը ծայր տուած է Սիամանթոյի մասին, եւ հրատարակուած են իր ամբողջական երկերը, եւ մինչեւ օրս անոր մասին բազմաթիւ գրականագէտներ ու գրողներ վերլուծումներ, ուսումնասիրութիւններ եւ այլազան յօդուածներ հրատարակած են իր մասին Հայաստանի գրական կամ մասնագիտական մամուլին մէջ: Երեւանի մէջ կայ Սիամանթոյի անունով դպրոց մը, որուն բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կանգնեցուեցաւ անոր կիսանդրին:
Օրուան բանախօսը դիտել տուաւ, որ երբ առաջարկ ներկայացուած է իրեն Սիամանթոյի մասին դասախօսութիւն մը պատրաստելու, ինք իր գրադարանէն վար առնելով Սիամանթոյի ամբողջական գործերու հաւաքածոն` սկսած է կարդալ զայն ծայրէ ծայր, տող առ տող եւ գտնուած է անակնկալի մը առջեւ: «Ես, որ հայերէնի ուսուցիչ եմ, այսքան լաւ չէի ճանչցած Սիամանթոն նախքան այս ամբողջական գործերու ընթերցումը: Սիամանթոն ճանչցայ լրիւ եւ ես սիրեցի զինք», հաստատեց Շառոյեան եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ` Սիամանթոյի ծննդավայր Ակնի մասին, անոր կենսագրական գիծերուն, ուսումը շարունակելու նպատակով կատարած ճամբորդութիւններուն, գրական գործունէութեան, հրատարակած գիրքերուն մասին` մէջբերումներ կատարելով իւրաքանչիւրէն եւ վերլուծելով ու բացատրելով կարդացած տողերը: Ան նաեւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Սիամանթօ միայն կոտորած, արիւն, պայքար, սուր, դաւաճան, կախաղան նիւթերուն շուրջ կը խօսի եւ սիրային բանաստեղծութիւններ, զգացական լարեր չէր թրթռացուցած իր էջերուն մէջ եւ ասոր պատասխանը բանաստեղծը գրած էր իր «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» հատորին մէջ` «Արիւն է որ կը տեսնեմ» խորագիրը կրող բանաստեղծութեամբ, որուն մէջ կը պարզէ, որ իր աչքերը միայն արիւն տեսած են:
Շառոյեան հարազատօրէն եւ վարպետութեամբ ներկայացուց նիւթը, եւ ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոր խօսքերուն:
Աւարտին Գիր ու գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան մօտ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լեւոն Շառոյեանի, որ իր դասախօսութեամբ վերակենդանացուց Սիամանթոն, փոխանցեց անոր արուեստի հրապոյրը եւ ներկաները կիսեցին անոր ապրումները, յոյզերը, եւ իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն տեսան այն արհաւիրքը, որ ապրեցաւ հայութիւնը: Ծանօթացան Սիամանթոյին` որպէս ազնուական անձնաւորութիւն իր հմայիչ նայուածքով, ինքնատիպ գրիչով, եւ որպէս արեւմտահայ գրականութեան պարծանքը եւ տիտաններէն մէկը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: