Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ ամիս զանազան համերգներով հանդէս պիտի գայ Հարաւային Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ վեց համերգներ նախատեսուած են մէկ ամսուան ընթացքին եւ Սիպիլ այս առթիւ մարտ ամսուան տեւողութեան պիտի ունենայ իրերայաջորդ ճամբորդութիւններ։ Կը գրէ «Ժամանակ»ը:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ Սիպիլի առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Ուրուկուէյը։ Մոնթէվիտէոյի մէջ 19 Մարտին նախատեսուած է Սիպիլի համերգը։ Ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն է Ալվարօ Յակոբեան։ Սիպիլ պիտի երգէ պարախումբի մը եւ նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ։ «Գերմանիկ» պարախումբը եւ «Կռունկ» նուագախումբը բեմ պիտի առնեն մեր համակրելի մեներգչուհիին հետ։ Մոնթէվիտէոյէն ետք Սիպիլ պիտի անցնի Արժանթին, ուր համերգներ պիտի տայ Քորտոպայի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Հարաւային Ամերիկայէն ետք Սիպիլ պիտի ուղեւորուի Ֆրանսա։ 29, 30, 31 Մարտ թուականներուն ան երեք համերգներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ։ Առաջին համերգը նախատեսուած է Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ։ Սիպիլի ծրագիրը պիտի շարունակուի Մարսէյլով եւ Լիոնով։ Սիպիլի Ֆրանսայի համերգները կազմակերպուած են ի զօրակցութիւն Ջաւախքի հայութեան։ Արդարեւ, «Ջաւախք-Ֆրանս» ընկերակցութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 10-ամեակը եւ Սիպիլի համերգներն ալ նախատեսուած են այս յոբելեանի ծիրին մէջ։