Ղարաբաղի հարցով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները բաւարար են շրջանին մէջ վերջնական քաղաքական լուծման հասնելու համար: «Թի.Վի.զվեզտա» կայանէն յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Անաթոլի Սիտորով:
«Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կարելի եղած է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները: Ներկայ պահուս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը նպաստեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ճգնաժամի քաղաքական լուծման համար անհրաժեշտ պայմաններու ձեւաւորման», ըսած է Սիտորով` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Անոր համաձայն, թէեւ մայիս 2021 թուականին պարբերաբար զինադադարի դրութեան խախտումներ եղած են, սակայն այժմ կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութիւն հաստատելու կայուն միտում կը նկատուի: