Մօտ մէկ շաբաթ առաջ Ա1+լրատուամիջոցէն լրագրողի մը «Ժնեւ 2» համաժողովին մասին տուած հարցերուն պատասխանեցի: Սակայն անակնկալը յետոյ էր: Հակառակ անոր որ այցետոմսս տուած եւ նշած էի, թէ ինչպէս պէտք է զիս ներկայացնեն, սակայն եթերի վրայ անունիս տակ ներկայացուած էի որպէս «սիրիահայ»:
Փաստօրէն «սիրիահայ» ըլլալը արդէն մասնագիտութիւն է:
Ինչո՞ւ չէ: Եթէ տեսնենք, թէ ինչպէս հայաստանեան լրատուամիջոցները եւ Հայաստանի արաբերէն չիմացող արաբագէտները երեք տարի է շարունակ ինչպէս կը բռնաբարեն սուրիահայութեան հետ առնչուող թեմաները, միայն այն ատեն կը հասկնանք, որ «սուրիահայ» բառը փնտռուող բառ (keyword) դարձած է անոնց համար: Սուրիահայը դարձած է վերնագրի մէջ ուշադրութիւն գրաւելու յաջող քլիշէ, ինչպէս՝ «Քիմ Քարտաշեանը»: Սուրիահայը՝ հայաստանեան լրատուամիջոցներու նոր ֆէթիշը, «աշխատող» նիւթի աղբիւր մըն է: Հայաստանեան մամուլին մէջ սուրիահայը կը ներկայացուի որպէս այլմոլորակայիններու նոր ցեղախումբ մը, որոնցմէ իւրաքանչիւր անհատ, անկախ իր մասնագիտութենէն, հեռուստաալիքներու եւ տարբեր լրատուամիջոցներու համար իւղոտ նիւթի աղբիւր է:
Սուրիահայը պարզապէս լրատուական նիւթի թեմա է, զոր կարելի է «որսալ» Զուարթնոց օդակայանի ժամանման սրահին մէջ, Երեւանի տարբեր փողոցներու վրայ նորաբաց քանի մը խանութներուն առջեւ, կամ թէկուզ պատահական սրճարանի մը մէջ: Սուրիահայուն հետ ընկերական զրոյցն անգամ կարելի է հարցազրոյցի նիւթի վերածել, նոյնիսկ առանց այդ անհատին արտօնութիւնը հայցելու: Զանոնք կարելի է հաւաքել, երկու տաղաւարներու ետեւ բաժնել, զօրաւոր վիճաբանութեան ենթարկել եւ յետոյ հաշտարարի դեր խաղալ, ինչպէս վերջերս կատարուեցաւ հեռուստակայանի մը կողմէ: Այդպէս ամէն ինչ աւելի գրաւիչ կը դառնայ լսարանին եւ հանդիսատեսին: Ձեւերը շատ են եւ հայաստանեան լրատուամիջոցները օրըստօրէ աւելի շատ նորարարութիւններ կը դնեն հանրութեան ի սպաս:
Սուրիահայը Սփիւռքի նախարարութեան համար դարձած է գոյատեւման պատճառ (raison d’être): Այսօր Հայաստանի մէջ միայն 10 հազար մարդու համար կայ ամբողջ նախարարութիւն մը, անկախ նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին գնահատականներ տալէ: Եւ՝ ոչ միայն: Կան նաեւ խումբ մը հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք դեռ «կ՚աշխատին», քանի որ Հայաստանի մէջ կան «սիրիահայեր»: Այդ աշխատանքներուն արդիւնքը յաճախ ինքնակենսագրութիւն գրելու դասընթացքներու մակարդակէն աւելիին չի բարձրանար:
Երեք միլիոն հաշուող (գոնէ տեսականօրէն) երկիրի մը համար, 10-12 հազար մարդու ժամանման մասին երեք տարի շարունակ նիւթեր շրջանառութեան մէջ դնելը ու աւելորդ ուշադրութեան թիրախ դարձնելը միայն շեղում է Հայաստանի իրական խնդիրներէն եւ առօրեայէն: Մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ երեք տարուան մէջ Հայաստան եկած սուրիահայերու դիմաց մէկ տարուան մէջ անոնց եռապատիկը ՀՀ քաղաքացիներ արտագաղթած են (2013-ի վիճակագրութիւններով): Նաեւ պէտք է նկատի առնել, որ այդ սուրիահայերուն մէջ կայ ստուար զանգուած մը, որ ինքն իր ուժերով եւ առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան, հեռու լրատուամիջոցներու խեղկատակութիւններէն, կրցած է արդէն ինքն իր գլխուն ճարին նայիլ, թէկուզ եթէ այդ մէկը ժամանակաւոր ըլլայ:
Նկատի առնելով Հայաստանի մէջ կեանքի պայմանները եւ Սուրիայէն եկած հայերու դժուար ընտելացումը, ի վերջոյ, քանի մը տարի ետք այսօրուայ թիւին 20 տոկոսը հազիւ կը մնայ: Անոնք մեծ հաւանականութեամբ կամ պիտի վերադառնան իրենց ծննդավայրը, կամ ալ պիտի գաղթեն դէպի երրորդ երկիր, ուր հաւանաբար աւելի բարենպաստ պայմաններ կրնան գտնել: Ամէն պարագայի, անոնք թերեւս որեւէ այլ տեղ այսպիսի ուշադիր «լրատուական» վերաբերմունքի պիտի չհանդիպին ու հաստատ որ կարօտով ալ պիտի չյիշեն այդ ուշադրութեան պակասը: