ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 Մայիս 2021էն ի վեր, Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները կը շարունակեն ըլլալ հայկական կեանքին հիմնական առանցքներէն մէկը։
Թէեւ 16 Մայիսին անպաշտօն լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները արդէն վերջ գտան, սակայն 18 Մայիսին վարչապետի պաշտօնակատարը յայտարարեց, որ անոնք կը շարունակուին։
Արդարեւ, 16 Մայիսին, Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Վերածնուող Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ըսաւ, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն` Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական չորս դիրք պիտի ըլլայ` իւրաքանչիւրին մէջ 15ական զինուոր: Ըստ անոր՝ բանակցութիւններուն լոյսին տակ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Սեւ լիճի տարածքին մէջ ունենալ հաւասարաչափ ուժեր՝ չորս դիրք պիտի ունենան ատրպէյճանցիները, չորս դիրք՝ հայկական կողմը:
17 Մայիսին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի կարգ մը հատուածներու մէջ կը նկատուի լարուածութեան եւ ատրպէյճանական ուժերու յարձակողականութեան աճի միտում:
«Երէկ մինչեւ ուշ երեկոյ բանակցութիւնները շարունակուել են, Չորեքշաբթի օրը բանակցութիւնները շարունակուելու են: Բանակցութիւններն ունեն մէկ թեմա` Ադրբեջանի զինուած ուժերի զինծառայողները պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից: Քանի դեռ սա տեղի չի ունեցել` հարցը, իրավիճակը մենք գնահատում ենք որպէս ճգնաժամ, որը սպառնալիք է ստեղծում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան համար, իրավիճակ, որը ձեւակերպուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ, Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրով եւ Ճգնաժամային իրավիճակների արձագանգման Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կանոնակարգով: Քանի դեռ մեր առաջ քաշած օրինական խնդիրը չի լուծուել, ուրեմն այս բոլոր մեխանիզմները, զուգահեռ նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային մեխանիզմները պէտք է գործարկուեն, որոնք նախատեսուած են նման դէպքերի համար», յայտնեց Փաշինեան:
Ան աւելցուց, որ պէտք է գործարկեն եւ քաղաքական միջոցներով կարենան հասնիլ հարցի լուծման: «Եւ եթէ այսպիսի արդիւնքի հնարաւոր չլինի հասնել, այդ դէպքում նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք է գործի դրուեն ռազմաքաղաքական մեխանիզմները: Նկատի ունեմ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրով եւ հայ-ռուսական պայմանագրերով նախատեսուած են գործառոյթներ, եւ այդ պայմանագրերը նախատեսուած են հէնց այսպիսի դէպքերի համար ու մենք, մեր օրինական իրաւունքից օգտուելով, ձեռնարկել ենք այդ գործողութիւնների մեկնարկը», ըսաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ, բացի ներքին ապահովական քայլերէն, Հայաստան աւելի եւս աշխուժացուցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրով եւ հայ-ռուսական ռազմավարական համակարգով նախատեսուած արձագանգման ընթացակարգերը։ Այս ծիրին մէջ ալ վարչապետի պաշտօնակատարը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ, Պելոռուսի Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ, որուն ներկայացուց սահմանային զարգացումները: Ան նշեց, որ ատրպէյճանական կողմը՝ ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները, խախտած է սահմանը եւ ներխուժած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը: Փաշինեան զրուցակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրեց ՀԱՊԿի ծիրին մէջ հարցը պատշաճ կերպով քննարկելու եւ տեղի ունեցածին վերաբերեալ ՀԱՊԿի գործընկեր երկիրներու դիրքորոշումներու համադրման անհրաժեշտութեան վրայ:
Նախագահ Լուքաշենքօ մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ շեշտեց, որ պատրաստակամ է ջանքեր գործադրելու` իրավիճակը խաղաղ հանգուցալուծելու նպատակով:
Նիկոլ Փաշինեան նոյն հարցով հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ Ղրղզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարովի հետ՝ անթոյլատրելի նկատելով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութիւնը եւ կարեւոր համարելով հարցը լուծելու նպատակով ՀԱՊԿի գործընկերներու դիրքորոշումներուն համադրումը:
Սիւնիքի դէպքին առնչութեամբ հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօր. Սերգէյ Շոյգուի հետ:
Վաղարշակ Յարութիւնեան Սթանիսլաւ Զասին ներկայացուց հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը՝ արձանագրելով, թէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ատրպէյճանցի զինուորականներու քանի մը խումբեր նախորդ օրերուն եւ 17 Մայիսին վերադարձած են իրենց ելման դիրքերը, սակայն անոնց մէկ մասը կը շարունակեն գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ եւ, փաստացի, ատրպէյճանական սադրանքին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած հարցը չէ լուծուած: Նախարարի պաշտօնատարը դիտել տուաւ, որ՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, թէ ատրպէյճանցի զինուորականները կը գտնուին հայկական ստորաբաժանումներու ամբողջական վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ այն, որ սահմանային այդ հատուածներուն մէջ երկու կողմէն ալ մեծ ուժեր կուտակուած են, իրավիճակը արագ չհանգուցալուծելու պարագային հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ:
Սթանիսլաւ Զաս իր կարգին նշեց, որ ՀԱՊԿի մէջ ուշադիր կը հետեւին ստեղծուած իրադրութեան վերաբերող զարգացումներուն, եւ որ անիկա յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկուի Տուշանպէի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը՝ Հայաստանի իր պաշտօնակիցէն իրադարձութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, հաստատեց, որ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հարցին, եւ որ պաշտօնական Մոսկուան անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ` ստեղծուած իրադրութիւնը խաղաղօրէն հանգուցալուծելու համար:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, իր կարգին, հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Նիքոլա Փաթրուշեւի հետ: Կողմերը քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը եւ անդրադարձան այս հարցի վերջին զարգացումներուն:
Ուշ երեկոյեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դիտել տալով, որ ատրպէյճանական սադրանքներէն ետք ստեղծուած սահմանային լարուածութիւնը, նախորդ օրուան հետ բաղդատած՝ էական փոփոխութիւն չէ կրած, 16 Մայիսին իրականացած բանակցութիւններէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը մուտք գործած ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու քանի մը խումբեր վերադարձած են իրենց ելման դիրքերը, սակայն զինուորականներուն մէկ մասը կը շարունակէ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հարցի խաղաղ հանգուցալուծման նպատակով քննարկումներ կատարուած են Հայաստանի եւ այլ երկիրներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու միջեւ։
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերստին յայտարարում է, որ բացարձակ անընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքների հանդէպ ցանկացած ոտնձգութիւն, եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով յղի զարգացումներից խուսափելու համար ադրբեջանցի զինուորականները պարտաւոր են հեռանալ մեր երկրի տարածքից` առանց որեւէ նախապայմանի», կ՛եզրափակէ նախարարութիւնը։
Սահմանային կացութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Գեղարքունիքի Գեղամասար համայնքի ղեկավար Յակոբ Աւետեան, որ դիտել տուաւ, թէ հակառակորդը այս օրերուն ոչ թէ նահանջած է, այլ կը շարունակէ յառաջանալ եւ դիրքեր դնել: «Երէկ ոչ մի քայլ էլ յետ չեն գնացել, մի բան էլ առաջ են եկել», ըսաւ ան՝ նշելով, որ ատրպէյճանական կողմը կը գտնուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ` յառաջացած է քանի մը հարիւր մեթր եւս:
«Այսօրուայ դրութեամբ որոշ չափի նորից առաջ են եկել` 200-300 մետր, բայց դէ երեւոյթը էն է, որ իրենք կարողանում են` առաջ են գալիս: Հիմա դա շատ վատ է ու լարուածութիւնն էլ աւելի է ուժեղանում դրանով: Չգիտեմ` ինչ հետեւանքների կը յանգեցնի», յայտնեց համայնքի ղեկավարը:
Ան նաեւ հաստատեց, որ գիւղին մէջ անզէն վիճակ չէ, եւ հայկական զօրքը այնտեղ է։ «Մենք փորձում ենք իրավիճակը վերահսկել` սպասելով, որ հանգուցալուծումը կը լինի բանակցութիւնների արդիւնքում, ոչ թէ ռազմական ճանապարհով: Դեռեւս ոչ մի փոփոխութիւն չկայ, ադրբեջանական կողմը կանգնած է», նշեց Յակոբ Աւետեան:
Համայնքի ղեկավարը նաեւ նշեց, որ Կութ գիւղի տարբեր հատուածներու մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը յառաջացած են քանի մը քիլոմեթր։ «Գիւղի տարբեր հատուածներում տարբեր չափերով են առաջացել, մի տեղ` 2 կմ., մի տեղ` 3: Այս պահի դրութեամբ իրենք գտնւում են սարերի վրայ, որոնք գիւղից հեռու են 4-5 կմ.: Բնակիչները մարտական են տրամադրուած եւ պատրաստ են պայքարել, կռուել եւ անհրաժեշտութեան դէպքում ինքնուրոյն պայքարել», նշեց համայնքի ղեկավարը: