ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ
ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ապաստանած եւ Թուքրիոյ հովանիին տակ գործող իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամները Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին շարունակեցին իրենց յարձակումները Սուրիոյ բանակին դէմ, յուսալով վերագրաւել բանակին նոր ազատագրած տարածքները։
Ըստ թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութեան՝ ընդդիմադիր զինեալները յաջողեցան մուտք գործել Սարաքիպ շրջանի Նէյրապ գիւղի սահմաններէն ներս, ուր կատաղի մարտեր կ՛ընթանան:
Հակադարձելով այս յարձակումին՝ սուրիական կողմին խնդրանքով, ռուսական օդուժը Իտլիպի մէջ, ահաբեկիչներու շարք մը դիրքեր ռմբակոծեց, որուն հետեւանքով առնուազն երկու թուրք զինուորներ եւս սպաննուեցան, աւելի սրելով Թուրքիա-Սուրիա լարուածութիւնը։
Անգարա կը սպառնայ սուրիական բանակին դէմ գործողութիւններու սկսիլ, եթէ սուրիացի զինուորները Իտլիպի սահմաններէն չհեռանան։ Մոսկուա զուսպ մնալու կոչեր կատարեց Թուրքիոյ՝ շեշտելով, որ սուրիական բանակը կը կռուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ։