Սպիտակ տան հեռահաղորդակցային բաժինի ղեկավար Քէյթ Պետինկֆիլտ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ մէջ որոշակի ուղղութիւններով զինուորական գործունէութիւնը քանի մը անգամ կրճատելու մասին յայտարարութեան լոյսին տակ, աշխարհը պէտք է բաց աչքերով նայի ու չհաւատայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքին:
«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ պէտք է հետեւիլ ու տեսնել, թէ արդեօք ռուսերուն գործողութիւնները կը համընկնի՞ն անոնց խօսքերուն:
«Կը կարծեմ` մենք պէտք է բաց աչքերով նայինք իրականութեան, ոչ ոք պէտք է յիմարացուի Ռուսիոյ յայտարարութիւններով: Մենք կը կարծենք, որ Քիեւի շուրջ ուժերու որեւէ տեղաշարժ վերաբաշխում է եւ ոչ թէ նահանջ, եւ աշխարհը պէտք է պատրաստ ըլլայ Ուքրանիոյ այլ տարածքներու վրայ մեծ յարձակումին», ըսած է Պետինկֆիլտ:
Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատրաստ պիտի ըլլայ հանդիպելու Փութինի հետ, սակայն միայն այն պարագային, երբ նախապէս որոշակի երաշխիքներ տրուին:
«Ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ նախագահ Փութինը ինչի՛ շուրջ պիտի ուզէ խօսիլ: Մենք շատ յստակ ենք այն հարցին մէջ, որ պէտք է շօշափելի ապամագլցում ըլլայ Ռուսիոյ կողմէ եւ յստակ, անկեղծ հաւատարմութիւն դիւանագիտութեան, նախքան նախագահին նման խօսակցութիւն ունենալը», եզրափակած է Պետինկֆիլտ: