«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի (www.TheCaliforniaCourier.com) հրատարակիչ եւ խմբագիր
Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայ համայնքը դժգոհ է Արցախի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութենէն:
Ամէն անգամ, երբ Ատրպէյճանը կրակ բացած է Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը եւ անոր նախորդները, թաքնուելով չէզոքութեան քօղին տակ, մեղքը բարդած են հակամարտութեան երկու կողմերուն վրայ: Նման անարդար մօտեցումը խրախուսած է Ալիեւը աւելի սաստկացնելու իր յարձակումները:
Նման արիւնալի յարձակումները վերացնելու կամ գոնէ նուազագոյնի հասցնելու համար, Քոնկրէսի 85 անդամներ վերջերս համատեղ նամակ ստորագրեցին, կոչ ընելով Օպամայի վարչակազմին իրականացնել հետեւեալ երեք քայլերը երկու երկիրներու միջեւ սահմանին վերաբերեալ. նախ` դուրս բերել դիպուկահարները, երկրորդ` աւելցնել միջազգային համակարգողներու թիւը, եւ երրորդ` տեղադրել կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող սարքեր: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանը մերժած է բոլոր երեք առաջարկները, իսկ Հայաստանը, Արցախը եւ Մինսկի խումբի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) ընդունած են զանոնք:
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս անցեալ շաբաթ դռնփակ ճեպազրոյց ունեցաւ դեսպան Ուորլիքի հետ, իր եւ քոնկրէսական Էլիոթ Էնկելի կողմէն նախաձեռնած առաջարկներու իրականացման առնչութեամբ: Մինչեւ այդ դռնփակ հանդիպման կայացումը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարածած էր տասը հարց դեսպան Ուորլիքի համար: Քանի որ յայտնի չէ` այդ հարցերը բարձրացուած են քոնկրէսական ճեպազրոյցի ընթացքին, թէ ոչ, ուստի պէտք է խնդրել Օպամայի վարչակազմին հրապարակաւ արձագանգել այդ տասը հարցերուն, որպէսզի բոլորը տեղեակ ըլլան Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ անոր դիրքորոշման:
Պաշտօնական պատասխանի ստացումը ապահովելու համար ես կ՝առաջարկեմ այս հարցերը տեղադրել Սպիտակ տան կայքէջի «Առաջարկներ» բաժինին մէջ: Կայքին մէջ նշուած է, որ Օպամայի վարչակազմը 60 օրուան ընթացքին հանդէս պիտի գայ պաշտօնական պատասխանով իւրաքանչիւր առաջարկի վերաբերեալ, որ տեղադրուելէ ետք 30 օրուան ընթացքին պիտի հաւաքէ 100 հազարէն աւելի ստորագրութիւն: Ատրպէյճանցիները արդէն օգտուած են այս բացառիկ հնարաւորութենէն` Սպիտակ տան կայքին մէջ տեղադրելով երկու հակահայկական առաջարկ, որոնք համապատասխանաբար հաւաքած են 105686 եւ 126828 ստորագրութիւն: Ինչպէս եւ կը սպասուէր, Սպիտակ տունը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ ի պատասխան ատրպէյճանական երկու առաջարկներու:
Ստորեւ ներկայացուած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տասը հարցերը, որոնք իբրեւ առաջարկ պէտք է տեղադրել Սպիտակ տան կայքէջին մէջ.
1) Ին՞չ յատուկ քայլեր է ձեռնարկել (եթէ այդպիսիք կան) Միացեալ Նահանգների կառավարութիւնը, ապահովելու համար Ռոյս-էնգելի խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած առաջարկները, մասնաւորապէս դիպուկահարների չտեղակայման, դիտորդների աւելացման եւ շփման գծի երկայնքով կրակոցների ուղղութիւնը ճշտող համակարգերի տեղադրման վերաբերեալ համաձայնութեան գալու առնչութեամբ:
2) ԱՄՆ Պետդէպարտամենտը շատ համարձակ եւ բացայայտ էր, թէ իր կարծիքով, հայկական կողմը ինչ զիջումների պէտք է գնա: Արդեօք ԱՄՆ կառավարութիւնը պատրա՞ստ է այս հանրային դիւանագիտութեանը համապատասխան նոյնքան բացայայտ եւ յստակ պահանջներ ներկայացնել Ադրբեջանին:
3) Որո՞նք են այն յատուկ փաստերը, իրաւական փաստարկները եւ քաղաքական նկատառումները, որոնք յանգեցուցած են մեր կառավարութեան կողմէն Քոսովոյի, սակայն ոչ Լեռնային Ղարաբաղի, պաշտօնական ճանաչման:
4) Արդեօք Ատրպէյճանի կառավարութեան ներքին հալածանքներու եւ փտածութեան մասին տուեալները որեւէ կերպ կ՝ազդե՞ն, թէ մեր կառավարութիւնը ինչպէս կը նայի Ատրպէյճանի ձգտումին` տարածելու իր իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:
5) Ինչո՞ւ Ատրպէյճանի կողմէն Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան լիովին փաստագրուած (եւ տեսանկարահանուած) ոչնչացումը այդպէս ալ երբեք չնշուեցա Պետական բաժանմունքի Մարդու իրաւունքներու կամ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցներուն մէջ:
6) Ո՞րն է ԱՄՆ կառավարութեան ներկայ պահանջը (եթէ այդպիսին կայ) ազատ արձակուած եւ մինչ օրս չզղջացող կացնահարող մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը կրկին բանտարկելու վերաբերեալ:
7) Ո՞րն է ԱՄՆ քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ԱՄՆ-ի հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու ճանապարհորդական սահմանափակումներուն վերաբերեալ:
8) Ինչպիսի՞ն է ԱՄՆ քաղաքականութիւնը ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու, յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ, որ արդի յարձակողական զէնքեր կը վաճառեն կամ կը փոխանցեն Ատրպէյճանին:
9) Ի՞նչ յատուկ սահմանափակումներ գոյութիւն ունին ճանապարհորդութեան եւ կապի առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու եւ պաշտօնատար անձանց ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Ի՞նչ հիմնաւորումներ կան այս ազատութիւններուն որեւէ սահմանափակման համար: Որո՞նք են նման սահմանափակումներու (եթէ այդպիսիք կան) թուացեալ օգուտները:
10) Ձեր կարծիքով, ի՞նչ օգուտներ կը հետապնդուին (եթէ այդպիսիք կան) ԱՄՆ պաշտօնական հանրայայտ զսպուածութեամբ` Ատրպէյճանի բացայայտ հակահայկական սադրանքները, սպառնալիքները եւ միջսահմանային յարձակումները վիճարկելու ժամանակ:
Կը կարծեմ, որ լայն հնչեղութիւն ստացած առաջարկը կրնայ 100 հազարէն շատ աւելի ստորագրութիւն հաւաքել Սպիտակ տան կայքին մէջ տեղադրման օրունէ 30 օրուան ընթացքին, յատկապէս, եթէ նշանաւոր անձերու բազմաթիւ հետեւորդները նեցուկ կանգնին այս առաջարկին:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը