Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած ժառանգութիւններէն ամենէն շքեղը, ամենէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք յուզումով, հրայրքով եւ խանդաւառութեամբ: Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք:
Զապէլ Եսայեան
Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքներու շարքին կ’առանձնանայ մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր անձ ունի մայրենիի վերաբերեալ իր ըմբռնումներն ու պատկերացումները, մայրենիի հանդէպ իր պարտաւորութիւններու գիտակցումը:
Բնականաբար, լեզուն նախեւառաջ մարդկային հաղորդակցման միջոցն է, սակայն մայրենիի պարագային լեզուի էութիւնը շատ աւելի բազմաբովանդակ է, իսկ գործառոյթները՝ աւելի բազմազան: Վաղնջական ժամանակներէն ի վեր հայոց լեզուն եղած է հայու տեսակի կերտման, հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու հոգեբանութեան ձեւաւորման ամենազօրեղ միջոցը, համախմբած է հայախօս անձերը եւ ձեւաւորած զիրենք հայ գիտակցող մարդկանց հանրոյթ, որ, տարանջատուելով հնդեւրոպական լեզուաընտանիքէն, սկսած է իր յաւերժական ու փառաւոր ընթացքը դարերու հոլովոյթին: Անցած են ժամանակներ, եւ հայոց լեզուն ձեռք բերած է հայ ժողովուրդը միաւորող, ազգային դիմագիծն ու միասնութիւնը պահպանող գործառոյթ: Միասնական, հզօր պետականութեան յաջորդած են մասնատուածութեան ժամանակներ, հայոց հողի վրայ (նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս՝ Կիլիկիոյ մէջ) ձեւաւորուած են անկախ ու կիսանկախ պետական առանձին միաւորումներ, թագաւորութիւններ ու իշխանութիւններ, մելիքութիւններ, եղած են օտարներու լուծի տակ մաքառումի դարեր, եւ հայ ինքնութիւնը պահպանուած է, ու հայութեան տարանջատ հատուածները շաղկապուած են նախ եւ առաջ հայաhունչ խօսքի շնորհիւ: Եւ որքան ալ բազմազան եղած են հայոց լեզուի դրսեւորումները, միեւնոյնն է, անոնք եղած են հայերէն, իսկ զայն կրողները՝ հայեր: Իր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն Հայոց լեզուն հայակերտման ու ազգի համախմբման հետ միասին, ունեցած է եւ ունի հայապահպան առաքելութիւն: Յայտնի իրողութիւն է՝ մայրենիի կորուստը նախ կը խարխլէ ազգային ինքնագիտակցութեան հիմքերը, ապա եւ կը յանգեցնէ ուծացման: Մեծագոյն ցաւով պէտք է յիշենք մայրենիի կորուստի պատճառով հայութեան հոծ զանգուածներու՝ հայ ինքնութենէն հեռանալու փաստերը: Յայտնի է, որ նախքան ցեղասպանութիւնը, որ եղեռնահար ըրաւ նաեւ լեզուն, հայութեան թրքահպատակ շատ հատուածներ արդէն կորսնցուցած էին մայրենի լեզուն եւ դարձած թրքախօս: Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ հայերու թրքախօս կամ քրտախօս սերունդները, իբրեւ կանոն, կա՛մ լիովին մոռցած են իրենց ծագումը, կա՛մ ալ օտար ինքնութեան կրողներ են՝ արմատներու աղօտ յիշողութեամբ հանդերձ: Ցաւօք, լեզուի կորուստը քայլ առ քայլ ազգային ինքնութեան կորուստի մատնած է եւ կը մատնէ նաեւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ. յիշենք նոյնիկ ռումինահայոց, լեհահայոց օրինակները: Մայրենին ազգային ինքնութեան ամրոցն է, այն պաշտպանող զրահ եւ վահան է, որոնց բացակայութեամբ՝ ծագումով հայ ըլլալու մասին յայտարարութիւնները այլ բան չեն վկայեր, քան արմատներէն հեռացում ու ինքնութեան կորուստ:
Հայոց լեզուն հայկական իւրայատուկ մշակոյթի ստեղծման փառահեղ միջոց է: Հայ մտքի ու աշխարհընկալման, ստեղծագործական աստուածատուր ձիրքի փայլատակումները ոգի առած են հայոց քաղցրահունչ բարբառով, ապա մարմին առած մեսրոպեան սուրբ գրերով, դարձած ձեռագիր մատեան ու տպագիր գիրք, գիտելիք ու արուեստ, համամարդկային մշակութային ժառանգութեան հիմնամաս ու սիւն: Բանաւոր ու գրաւոր մշակոյթի բոլոր կոթողներու մէջ հայերէնը կատարեալ է: Մեր մայրենին պարզ ու անմիջական է Գողթան երգերու եւ էպոսի մէջ, շքեղ ու կանոնաւոր՝ Խորենացիի ու Նարեկացիի ձեռագիր մատեաններու մէջ, ճկուն ու բազմաշերտ՝ Շիրակացիի ու Հերացիի գործերու մէջ, յուզական ու սիրառատ՝ Քուչակի ու Սայաթ-Նովայի քերթուածքներու մէջ, հզօր ու առնական՝ Վարուժանի ու Չարենցի երկերու մէջ… Եւ Օտարը Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն համարած հայերէնը… Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հազարամեակներու ընթացքին սերունդներու լեզուական արարումի արդիւնք ու գանձարան, հայոց լինելիութեան միջնաբերդ:
Ի վերջոյ, հայոց լեզուն հայի էութեան ամենավառ բնական երանգն է, որ իր դրսեւորումներով հարազատութեան ու մտերմութեան թրթիռներ կը պարգեւէ հոգիին: Բոլորիս յայտնի է, թէ ինչ ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ օտար միջավայրի մէջ յանկարծ լսուած հայերէն խօսքը, եւ ինչ հրճուանք ու ցնծութիւն կ’ապրի օտար ափերէն հայրենիք եկած հայը՝ ամէնուր ականջալուր ըլլալով մայրենի խօսքին: Հաւանաբար նաեւ այս իրողութիւնը նկատի ունեցած են մեր մեծերը՝ հայերէնը հայու տուն ու հայրենիք անուանելով:
Եւ ինչպէս տունն ու հայրենիքը, այնպէս ալ մայրենին մշտական հոգացողութեան, նորոգման ու պաշտպանութեան կարիք ունին: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր խնդիրները կ’առաջադրէ հասարակութեան: Ըլլալով հասարակական երեւոյթ՝ լեզուն եւս իր գործառութեան ընթացքին ունեցած է եւ ունի տարաբնոյթ խնդիրներ, որոնք եղած են եւ կը մնան ինչպէս մտաւորականներու, այնպէս ալ հասարակութեան լայն շրջանակներու մտահոգութեան ու քննարկման առարկան:
Մայրենի լեզուն ազգային-պետական բարձրագոյն արժէք է, որ կարիք ունի թէ՛ պետական, թէ՛ հասարակական, ընդհանրապէս՝ համազգային մշտական հոգացողութեան: Ինչպէս տարբեր են լեզուի դրսեւորումները (գրական լեզու բարբառներ, խօսակցական լեզու,), այնպէս ալ տարբեր են այդ դրսեւորումներու խնդիրները: Մեր պետական լեզուն իր երկու ճիւղերով ՝արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն կարիք ունի լուրջ հոգածութեան: Անհրաժեշտ է խօսակցական հայերէնը զերծ պահել աղճատումներէն, աւելորդ օտարաբանութիւններէն ու ժարկոնէն: Գրական տարբերակի խնդիրները աւելի բազմազան են՝ կանոնարկում, խօսակցական ու բարբառային անհարկի տարրերու, ժարկոնի, օտարաբանութիւններու բացառում, նոր բառերու, եզրոյթներու ստեղծում, ոճական հնարաւորութիւններու ընդլայնում եւ այլն: Բարբառներու պարագային ներկայիս կարեւորագոյն խնդիր է անոնց վերաբերեալ ճիշտ պատկերացումներու ձեւաւորումը, եղած նշխարներու հաւաքումն ու արձանագրումը, կենդանի բարբառներու պահպանումն ու հետազօտումը: Առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու զարգացման հարցերը: Ճիշտ է, մայրենիի խնդիրներու գիտական քննութեամբ ու վերլուծութեամբ կը զբաղին լեզուաբանները, սակայն կան իրողութիւններ, որոնց դիտարկումը մասնագիտական յատուկ պատրաստուածութիւն ու հմտութիւններ չի պահանջեր: Մեր պատկերացումով՝ հայոց լեզուի առջեւ ներկայիս ծառացած առաւել էական խնդիրներէն են գրական լեզուի անաղարտութեան պահպանումը, մայրենի լեզուի ուսուցման մակարդակի բարձրացումը, լեզուի կանոնարկումն ու զարգացումը, արեւմտահայերէնի պահպանումը, տարածումը եւ արեւելահայերէնի հետ մերձեցման խնդիրները:
Գրական լեզուի անաղարտութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը յատկապէս կ’ընդգծուի, երբ կ’ահագնանան լեզուի աղաւաղման միտումները: Ներկայիս լեզուի աղաւաղումը կ’արտայայտուի լեզուական սխալներու (ե՛ւ արտասանական, ե՛ւ բառագործածական, ե՛ւ քերականական) տարածմամբ, գրական լեզուի մէջ խօսակցական, բարբառային իրողութիւններու, օտար բառերու եւ արտայայտութիւններու անհարկի օգտագործումով, երբեմն նոյնիսկ գռեհկաբանութիւններու, ժարկոնային արտայայտութիւններու գործածութեամբ:
Մեր օրերուն աղաւաղումներու պատճառ է հասարակութեան մէջ լեզուի վերաբերեալ պատկերացումներու խեղումը, օրէօր տարածուող այն թիւր ըմբռնումը, թէ խօսակցական լեզուն կ’ապահովէ աւելի անմիջական հաղորդակցում, եւ էական չէ, թէ խօսքը ինչ որակ ունի, որովհետեւ կարեւորը մտքի հաղորդումն է եւ հասկանալի ըլլալը: Եթէ նման ըմբռնումը կրնայ ընդունելի ըլլալ առօրեայ, կենցաղային հաղորդակցման պարագային, ապա բոլորովին մերժելի է գրական լեզուի գործառութեան ոլորտներու մէջ: Մեր կարծիքով հրապարակային խօսքը (գրաւոր թէ բանաւոր) պէտք է ըլլայ համակարգուած, կանոնաւոր ու գեղեցիկ, հանրութեան համար ընկալելի եւ հաճելի: Կանոնաւոր, բարձր եւ անաղարտ գրական լեզուն ճիգ ու ջանք կը պահանջէ, իսկ հասարակութիւնը յաճախ անոր վրայ ուշադրութիւն չի դարձներ:
Իրավիճակը շտկելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ձեւաւորել լեզուի վերաբերեալ ճիշտ պատկերացումներու համակարգ, եւ այդ ուղղութեամբ ընելիքներ ունին ինչպէս գիտակրթական համակարգը, այնպէս ալ հեռատեսիլն ու զանգուածային լրատւութեան միւս միջոցները, թատրոնը, շարժանկարը եւ բնականաբար պետական կառավարման համակարգի տարբեր օղակներ: Գրական լեզուն կարիք ունի պետական հոգածութեան, ուղղորդուած պետական ծրագրի եւ քաղաքականութեան, զոր համակարգողը եւ վերահսկողը կրնայ ըլլալ պետական համապատասխան մարմինը՝ ունենալով օրէնսդրական հիմքեր եւ անհրաժեշտ լիազօրութիւններ:
Մայրենի լեզուի ուսուցման մակարդակի բարձրացումը կրթական համակարգի մշտական խնդիրն է եւ շարունակական գործընթաց է: Ներկայիս այս խնդիրը առաւել հրատապ է, որովհետեւ նկատելի է գրական լեզուի չափանիշներու գրեթէ համատարած շեղումներ, որ անխտիր կը դրսեւորուի պաշտօնական խօսքի եւ գրութիւններու, նոյնիսկ գիտակրթական եւ գեղարուեստական խօսքի մէջ, ալ չեմ շեշտեր փողոցի լեզուն:
Հաւանաբար անհրաժեշտ է կրթական համակարգի մէջ մայրենիի ուսուցման ծրագիրներու եւ մեթոտներու վերանայում, ժամանակակից գիտարուեստի կիրառում: Մայրենիի ուսուցումը չի կրնար սահմանափակուիլ ո՛չ քերականական կանոնները իւրացնելու պահանջով եւ ո՛չ ալ հարցաթեցթիկներու պատասխանները գտնելու ունակութիւններու ձեւաւորմամբ: Մայրենիի ուսուցման հիմնական նպատակը չի կրնար ըլլալ սորվողներու որեւէ կարգի (յատկապէս՝ ընդունելութեան) քննութեան նախապատրաստումը: Միաժամանակ, մայրենիի ուսուցումը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն գրական արեւելահայերէնի դասաւանդմամբ:
Այս հարցի մէջ որակական փոփոխութեան հասնելու համար պէտք է մշակել դասաւանդման այնպիսի ծրագիրներ եւ մեթոտներ, որոնց շնորհիւ սորվողները լեզուական գիտելիքներու հետ միասին ձեռք կը բերեն անսխալ եւ գեղեցիկ գրական խօսք կառուցելու ունակութիւններ, իրենց մտքերը ճիշտ արտայայտելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան լեզուն ճկուն գործադրելու կարողութիւններ: Պատահական չէ, որ ոչ վաղ անցեալին դպրոցներէն ներս կը դասաւանդուէր ճարտասանութիւնն ու վայելչագրութիւնը, որոնք միտուած էին հայերէնի նկատմամբ առանձնակի սէր ձեւաւորելուն: Պակաս կարեւոր չեն նաեւ կրթական համակարգի մէջ գործածուող ուսումնական նիւթերու, դասագիրքերու լեզուական առումով անթերի ըլլալը: Մեր կարծիքով՝ որեւէ դասագիրք հրատարակուելէն առաջ պէտք է ենթարկուի լեզուական լրջագոյն փորձաքննութեան՝ մանաւանդ, որ երկրի մէջ կայ տաղանդաւոր լեզուաբաններու կարեւոր բանակ:
Լեզուի կանոնարկումը եւ զարգացումը մեծ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ միայն կանոնակարգուած, միասնական եւ շարունակ հարստացող լեզուն է լիարժէք եւ յաջողութեամբ կը բաւարարէ անհատի, պետութեան, հասարակութեան եւ ազգի յարաճուն լեզուական պահանջները, հանդէս կու գայ իբրեւ մշակութային նոր արժէքներու ստեղծման եւ կուտակման, պետական ու հասարակական գործունէութեան կազմակերպման միջոց: Այս գործընթացը նոյնպէս մշտական է ու շարունակական, քանի որ լեզուի բնականոն զարգացման եւ հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած տեղաշարժերու հետեւանքով միշտ կը յառաջանան լեզուական նոր իրողութիւններ, որոնք կարիք ունին գնահատման, արժեւորման եւ համակարգման: Ըստ լեզուաբաններու՝ ներկայիս իրենց լուծման կը սպասեն ուղղագրական եւ ուղղախօսական, բառագործածման եւ եզրոյթաբանական, նաեւ քերականական բնոյթի բազմաթիւ հարցեր: Անոնց կարգաւորումը, հասկնալի է, չի կրնար ըլլալ առանձին մասնագէտներու կամ մասնագէտներու խումբերու մենաշնորհ հայերէնի երկու տարբերակներու կանոնարկման գործընթացը կազմակերպող ու համակարգող, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման, հայերէնի զարգացման եւ հարստացման նպաստող հեղինակաւոր մասնագիտական մարմին՝ Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ:
Ներկայիս ոչ միայն մայրենիի, այլեւ հայապահպանական, լեզուագիտական ու մշակութաբանական առաջնահերթ խնդիրներէն է արեւմտահայերէնի պահպանութեան, ուսումնասիրութեան, ուսուցման եւ զարգացման հարցը: Արեւմտահայերէնը հայ ժողովուրդի լեզուամշակոյթի անբաժանելի մասն է, բացառիկ կարեւորութեան ազգային արժէք, ցեղասպանուած ժողովուրդի բեկորներու շնորհիւ մեծագոյն աղէտէն փրկուած գանձ, որ թէեւ զրկուած է գործառութեան բնականոն պայմաններէն, սակայն հաղորդակցման միջոց ըլլալէն բացի ձեռք բերած է նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող այլ գործառոյթներ: Արեւմտահայերէնը ոչ միայն ազգապահպան դեր ունի Սփիւռքի մէջ, այլեւ կ’ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուական ներկայութիւնը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, կը կատարէ լեզուական դեսպանի իւրայատուկ դեր՝ հնարաւորութիւն ստեղծելով աշխարհու մէջ ճանաչելի դարձնել մեր մշակոյթը, ազգային ինքնատիպութիւնը: Այս առումով՝ խնդիրը ոչ միայն համազգային, այլեւ պետական կարեւորութիւն ունի:
Արեւմտահայերէնի հիմնական խնդիրը եղած է եւ կը մնայ հայրենիքէն դուրս եւ ոչ միասնական գոյութիւնն ու գործառութիւնը: Այս խնդիրի լուծման եղանակները ներկայիս դժուար է կանխորոշել: Սակայն պէտք է որոնել եւ գտնել խնդիրէն բխող մարտահրաւէրները դիմակայելու ուղիներ եւ եղանակներ: Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է հասարակութեան մէջ ամրապնդել այն բանի գիտակցումը, որ արեւմտահայերէնը համազգային արժէք է, որ պէտք է իր տեղն ունենայ հայաստանեան իրականութեան մէջ եւս, այստեղ պէտք է արմատներ նետէ, ամրապնդուի եւ հայրենիքէն իր կենարար աւիւնը մղէ Սփիւռք: Հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի ամրապնդման կրնան նպաստել հայերէնի այդ տարբերակով ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներու, պարբերականներու, շարժանկարներու ստեղծումը, որոշ համալսարանական ու դպրոցական ծրագիրներու մէջ արեւմտահայերէնի համակարգուած ուսուցման ընդգրկումը, նաեւ հնարաւոր այլ միջոցներու օգտագործումը: Ի վերջոյ, հայերէնի դրսեւորման բոլոր տարբերակները՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրական լեզուները, խօսակցական լեզուն եւ բարբառները միասնական համակարգի անտրոհելի բաղադրիչներ են, եւ այդ դրսեւորումներէն իւրաքանչիւրի խնդիրները ընդհանուր հայերէնի, այսինքն՝ ՀՀ պետական լեզուի խնդիրներն են:
Հայրենիքէն դուրս, տիրապետող այլախօս հասարակութիւններու մէջ գործառուող որեւէ լեզու ստիպուած է դիմակայելու բազում մարտահրաւէրներ: Մասնաւորապէս, տուեալ երկրի լեզուի նկատմամբ իրաւական անհաւասար վիճակը, համաշխարհայնացման գործընթացները, այլալեզու միջավայրին յարմարելու նոր սերունդի բնական մղումը առկայ իրողութիւններ են, որոնք մշտապէս պիտի ըլլան եւ մշտապէս պիտի ձգտին նեղացնել արեւմտահայերէնի գործառութեան շրջանակները: Արեւմտահայերէնը ենթակայ է այլ լեզուներու տարաբնոյթ ազդեցութիւններու, եւ անկէ բացի՝ նոր սերունդի շարքերու մէջ հայախօսներու թիւի շարունակական նուազումը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն լեզուապահպանական, այլ նաեւ հայապահպանական առումներով: Այս պայմաններու մէջ հայոց պետականութիւնը եւ սփիւռքեան համազգային կազմակերպութիւնները պէտք է համադրեն իրենց ջանքերը՝ շարունակաբար տարածելու եւ ամրապնդելու ազգային ու լեզուական միասնութեան գաղափարները յատկապէս հայ երիտասարդութեան շրջանակներէն ներս՝ իրապէս ողջ հայութեան համար սրբագոյն արժէք դարձնելով մայրենին:
Լրջագոյն խնդիր է Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանութիւնը, անտեղ հայերէնի, հայագիտական միւս առարկաներու ուսուցման մակարդակի բարձրացումը: Ցաւօք, առկայ է որակեալ մանկավարժներու մեծ պակաս, առարկայական պատճառներով չկան միասնական կրթական ծրագիրներ եւ դասագիրքեր: Որքան ալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը ջանայ աջակցիլ սփիւռքահայ դպրոցին, կը ձեռնարկէ գործուն միջոցներ, կը գործակցի ազգային կառոյցներու, հայ եկեղեցւոյ, պետական այլ մարմիններու հետ, շարունակ կը գործադրէ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման բազմազան եղանակներ, կը նպաստէ հայաստանեան գիտակրթական համակարգի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան կեդրոններու ձեւաւորման, արեւմտահայերէնի դասագիրքերու եւ ձեռնարկներու ստեղծման, հայրենիք եկած մեր ազգակիցներու խնդիրներու կարգաւորման եւ այլն, այնուամենայնիւ, կը թուի, անհրաժեշտ է որոնել ու գտնել Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համակարգուած օժանդակութիւն ցուցաբերելու առաւել արդիական ու արդիւնաւէտ նոր եղանակներ ու միջոցներ:
Կարեւոր խնդիրներէն է արեւմտահայերէնի գիտական ուսումնասիրութիւնը: Ճիշտ է, տասնամեակներու ընթացքին կատարուած են առանձին հետազօտութիւններ, գրուած քերականութիւններ, սակայն, ինչպէս կը վկայեն մասնագէտները, գիտական առումով 19-րդ դարավերջի ուսումնասիրութիւններու համեմատ էական յառաջընթաց տեղի չէ ունեցած, եւ եղած քերականութիւնը գլխաւորաբար հետապնդած է ուսուցողական նպատակ: Ներկայիս անհրաժեշտ է գիտական հիմնաւոր ուսումնասիրութիւններով ստեղծել արեւմտահայերէնի կաճառ լիարժէք քերականութիւն, ինչպէս նաեւ ամբողջական բացատրական բառարան: Նման աշխատանքները կը նպաստեն նաեւ արեւմտահայերէնի կանոնարկման, կը դառնան այն աղբիւրը, որմէ կը բխին արեւմտահայերէնի ուսումնական ձեռնարկներն ու դասագիրքերը՝ ըստ տեղային առանձնայատկութիւններու: ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս առումով եւս իր առաջնահերթութիւններէն կը համարէ գործակցութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի՝ յատկապէս Անթիլիասի մէջ գործող Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի, գիտակրթական հանրութեան հետ՝ ձգտելով համատեղ տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու միջոցով նպաստել խնդիրի լուծման:
Նկատենք նաեւ, որ գրական արեւմտահայերէնը զրկուած է բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան լեզուի իր դերէն, հայկական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ համընդգրկուն եւ միասնական հաղորդակցման միջոց ըլլալու գործառոյթներէն: Գիտութեան տարբեր բնագաւառներու, կրթական համակարգի զարգացումը չ’արտայայտուիր արեւմտահայերէնով, չի հրապարակուիր գիտական, գեղարուեստական, այլ բնոյթի հարուստ գրականութիւն, արեւմտահայերէնի գիտական եզրոյթաբանութիւնը բնականոն զարգացում չ’ունենար: Այդ բոլորըը էականօրէն բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան լեզուական համակարգի յետագայ զարգացման վրայ:
Արտաքին անբարենպաստ պայմանները ժամանակի ընթացքին պատճառ դարձած են արեւմտահայերէնի ուղղագրական, բառապաշարային, քերականական ու ոճական բազմաթիւ զուգաձեւութիւններու ու աղաւաղումներու, որոնք իրենց հերթին կը խոչընդոտեն լեզուի ուսուցման, կիրարկման ու տարածման: Մեծ քանակութեամբ բառեր տարբեր համայնքներու մէջ ունին գրութեան, կազմութեան, քերականական յատկանիշներու բազմաձեւութիւններ: Լեզուական միասնականութեան հասնելու կամ եղած բազմազանութիւնները ըստ հնարաւորին նուազեցնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողական աշխատանք, նպատակադրում ու կամք՝ ոչ միայն գտնելու, գիտականօրէն հիմնաւորելու եւ առաջարկելու միասնական ու ընդհանուր ձեւեր, այլ նաեւ զանոնք ընդունելի դարձնելու Սփիւռքի բոլոր համայնքներու եւ խաւերու համար: Արեւմտահայերէնի պահպանումը հայերէնի պահպանումն է, արեւմտահայերէնը մեր հոգեւոր հայրենիքի անբաժանելի, բայց վտանգուած մէկ մասնիկն է, եւ ինչպէս անթոյլատրելի է նահանջը երկրի սահմաններէն, այդպէս ալ անթոյլատրելի է նահանջը լեզուական սահմաններէն: Հայերէնը սրբօրէն պահպանող միլիոնաւոր սփիւռքահայերը, հայ եկեղեցւոյ կառոյցները, սփիւռքեան բազմաթիւ միութիւնները, կազմակերպութիւնները, պարբերականներն ու հանդէսները, կայքէջերը, ձայնասփիւռներն ու հեռատեսիլները, գիտակրթական օջախները մեր հոգեւոր հայրենիքի սահմանապահներն են, որոնց խիստ անհրաժեշտ է իրական հայրենիքի աջակցութիւնը: Արեւմտահայերէնի գոյութիւնն ու գործառութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ արեւելահայերէնի բնականոն զարգացման համար: Շատ կարեւոր խնդիր է նաեւ ընդհանուր հայերէնի միասնականութեան պահպանումը, գրական երկու ճիւղերու հնարաւոր մերձեցումը, փոխներթափանցումն ու փոխհարստացումը: Այս ուղղութեամբ լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքներ կը կատարուին ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկէն ներս՝ ներգրաւելով թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի յայտնի մասնագէտներ: Յատկապէս բառապաշարի եւ եզրոյթաբանութեան առումով առկայ են փոխլրացման բազում օրինակներ եւ լայն հեռանկարներ: Այս բոլորը կ’ենթադրէ զարգացման միասնական հեռանկարի եւ փոխհամաձայնեցուած կանոնարկման ու փոխհարստացման ուղիներու մշակում եւ անոնց գործադրումը այն գիտակցումով, որ իր տարբերակային բոլոր դրսեւորումներով հանդերձ հայերէնը մէկ միասնական լեզու է, որուն բոլոր իրողութիւններն ու միաւորները շաղկապուած են իրարու՝ անկախ տարբերակային վերաբերութենէն:
Հայապահպանութեան մնայուն առանցքը եւ ողնաշարը մայրենի լեզուի իմացութիւնը, պահպանումն ու զարգացումն է, ուստի կը դիմեմ հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն եւ հարազատօրէն կոչ կ’ընեմ.
Թանկագիններս, սորվեցէ՛ք մեր ոսկեղէնիկ լեզուն, խօսեցէ՛ք հայերէն, սիրեցէ՛ք ու պաշտեցէ՛ք Մայրենին իբրեւ սրբութիւն սրբոց, իբրեւ մեր ազգային ինքնութեան եւ լինելիութեան վկայական: Եկէք ազգովի պահենք ու պահպանենք մեր լեզուն՝ մեր Հայրենիքը:
Հրանուշ Յակոբեան
ՀՀ սփիւռքի նախարար