ԾԽ. հինգշաբթի, 27 յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Հայունիի «Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը` գերպծ. դոկտ. հ. Սահակ եպս. Կոգեան» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը:
Գիրքի գինեձօնէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Մեսրոպ Հայունին:
Ստորեւ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գիրքի հեղինակ Մեսրոպ Հայունիի խօսքը:
Հոգեմտաւոր, այսինքն՝ հոգիի՛ն, մտքի՛ն, խօսքի՛ն ու գիրի՛ն տիտանները լոյս աշխարհ կու գան ոչ միայն անմահանալու, այլ նաեւ անմահացնելու համար:
Աստուածային անժամանակէն կը ժամանեն մարդկային ժամանակին մէջ, որպէս զի ժամանակն ու մարդը տանին անժամանակին, որ յաւերժութիւնն է Արարիչ Սկզբնագոյին:
Աստենականին մէջ անոնց կեանքն ու գործը կը կամրջեն զայն անդենականին՝ ապահովելով անոնց գոյերթը յաւիտենականութեան մէջ Բանին՝ Խօսքին, որ Ստեղծիչն է կեանքին, Պարգեւիչն է հոգիին, Լոյսն է մտքին եւ Աղբիւրն է Ճշմարտութեան:
Հոգեմտաւոր տիտաններուն աստղահոյլէն է Հ. Կոգեան: Այս նորատիպը Հ. Կոգեանի մշտավառ շառայլով կ’ուզէ համակել մեր հոգին ու միտքը՝ մեզ կռանելով Ապրիլեան Կտրիճներուն ոգիով եւ հաւատարմութեամբ՝ ի խնդիր մեր յաղթանակին, որուն յարահունչ շեփորահարը հանդիսացաւ ու կը հանդիսանայ «Հայասպանութեան Նահատակներուն պերճաբան հռետորը»: Եւ այս իսկ պատճառով՝ միշտ երախտագէտ ենք անոր:
Սակայն, առաջնահերթօրէն երախտապա՛րտ ենք Տիրոջ՝ բոլոր ձիրքերուն Տուողին, որ շնորհեց մեզի Հ. Կոգեանը:
Երախտագէ՛տ ենք Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան, որ դարբնեց Հ. Կոգեանը:
Երախտագէ՛տ ենք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին, որ արժեւորեց Հ. Կոգեանը:
Հարկատու՛ ենք մեր Ժողովուրդին, որ երբեք պիտի չզղջայ ծնած ըլլալու Հ. Կոգեանը:
Սրտիս խօսքը մասնաւորելով՝ իմ եղբայրական շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ հատորիս առատաձեռն մեկենասին՝ Մագ. Գրիգոր Ճապուրեանին, որուն ազնուափայլ տիկինը՝ Քրիսթին, եւ որդին՝ Քերոբ սրտէս անդադրուն տրոփերն են իմ քահանայական խանդաղատանքիս:
Առանց համեստութիւնը վիրաւորելու՝ իմացնելու եմ, թէ ինչպէս Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» հիմնովին նորոգուած, ընդարձակուած եւ գեղաշինուած մեր եկեղեցիին բարերարն է, նոյնպէս վերջին լոյսընծայուած 14 աշխատութիւններէս 8 գիրքերուն մեկենասն է, որոնց թիւին վրայ կրնաք աւելցնել ուրիշ հեղինակներու երկերուն հրատարակութեան մեկենասութիւնը:
Առաւել, չմոռնանք, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով նախաձեռնուած եւ Ժունիէ, 12 Ապրիլ 2019-ին օրհնուած ու քօղազերծուած «Վերածնունդով դէպի յաւերժութիւն» յուշակոթողին լիաձեռն եւ միակ նուիրատուն է Գր. Ճապուրեան, որուն հաւատացեալ հոգին ու հայատրոփ սիրտը հրճուեցան բացումին պահուն:
Արդ, անկեղծօրէն կ’ըսեմ, որ ինծի ներքին գոհունակութիւնն առթեց կազմակերպիչներուն այն որոշումը, թէ իմ նախկին ուսանողներէս Հ. Սեպուհ Կարապետեան պիտի ըլլայ նորատիպը ներկայացնողներէն մին: Բերկրալից կը գոչեմ.«Շնորհակալ եմ Քեզի, որդեա՛կ»:
Նոյնպէս տրուպիս մեծ ուրախութիւնն է, որ «Ազդակ» պաշտօնաթերթին խոհուն ու ժիր տնօրէն-խմբագրապետը, բայց յատկապէս ինծմէ գնահատուած Պրն. Շահան Գանտահարեան ստանձնեց նորատիպին երկրորդ բաժինին մատենախօսութիւնը, որուն համար սրտանց շնորհակալ եմ:
Խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ այս շնորհահանդէսը նախաձեռնող եւ հիւրընկալ տնօրէնին՝ Պրն. Կրէկ Գալուստին, միշտ աջակից Արամ Գարատաղլեանին, կազմակերպիչ ՀԿՀՄ-ի անդամ-անդամուհիներուն եւ իրենց մասնակցութիւնը բերող արուեստագէտներուն:
Հուսկ, իմ ջերմ երախտագիտութիւնս կ’երթայ ձեզի, սիրայարգ ազգակիցներ, որ ձեր ներկայութեամբ կը պատուէք մաշտոցակերտ տառն ու մեսրոպագիր մատեանը, որուն ներբողը ուզեցինք հիւսել այս շնորհահանդէսով, եւ այն՝ ինչպէս Մխիթարեան Միաբանութեան սրբաշնորհ Հիմնադիրը՝ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահայրը կը սորվեցնէ մեզի, միշտ
«ի փառս մեծագոյնս Աստուծոյ,
ի պատիւ ամէնօրհնեցելոյ Կուսին Մարիամու,
ի յօգուտ Ազգիս հայկազնոյ
եւ ի յօգուտ մանկանց Եկեղեցւոյ»:
– Շնորհակալութի՛ւն:
«Մեսրոպեան» վարժարանին «Ֆարաճեան» սրահ
Մեսրոպ Հայունի