Համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին եւ «Ազդակ» օրաթերթին, հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի ատենապետ Ժագ Յակոբեան իր արտասանած բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ կը խօսուի հայոց լեզուի արեւմտահայ ճիւղի նահանջին մասին, ակնարկութիւններ կը կատարուին անոր` մեռնող լեզուներու ճամբուն վրայ գտնուելու երեւոյթին, տարուէ-տարի աւելի կը նուազի արեւմտահայերէնով գեղարուեստական գրականութիւն մշակողներուն թիւը, մեր սփիւռքեան կրթական համակարգին մէջ եւ ընդհանրապէս հետզհետէ աւելի եւս կը զգացուին այս նահանջին աւերները` ըլլայ անիկա երգով թէ առանց երգի, աւելցնելով, որ սփիւռքեան պայմաններուն բերմամբ պարզուող այս պատկերը դժբախտաբար կ՛ընթանայ զուգահեռ ներազգային առումով ոչ բարւոք վիճակին: Յակոբեան յայտնեց, որ սոյն հանդիսութեան ընթացքին պիտի խօսուի արուեստի, մշակոյթի, իրաւ գրականութեան մասին, գեղեցիկին մասին, որոնք կը չէզոքացնեն քաղաքականութեան առթած ժխտական մթնոլորտը` մեր հաւաքական կեանքին մէջ, նաեւ կը վերանորոգեն ազգի ոգին: «Նահանջի մթնոլորտը կրնանք կասեցնել այն ժամանակ միայն, երբ կը վերակենդանացնենք մեր մշակութային եւ գրական արժէքները, երբ այդ արժէքները կը վերակերտենք մեր գիտակցութեան մէջ: Կը բաւէ կայծ մը, եւ խանդավառութիւնը դարձեալ կրնանք բռնկեցնել արեւմտահայ լեզուին, արեւմտահայ գրականութեան եւ մեր անժամանցելի արժէքներուն նկատմամբ», հաստատեց Ժաք Յակոբեան՝ շեշտելով, որ մենք կրնանք վերակերտել, վերակենդանացնել հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային մեր բնօրրանը մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ:
Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս, ծնունդով գիւմրեցի գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Արթուր Անդրանիկեանի կենսագրական գիծերը եւ անոր աշխատասիրութիւնները` նկատել տալով, որ ան այս տարի յատուկ հրաւիրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնին կողմէ` կեդրոնի ուսանողներուն հայ գրականութիւն դասախօսելու համար:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեանի առաջնորդութեամբ:
Օրուան բանախօս դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան նկատել տուաւ, որ Նիկողայոս Սարաֆեանի նուիրուած իր հատորը արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութենէն իր աշխատասիրութիւններէն հրատարակած 55-րդ հատորն է: Ան ըսաւ, որ այս նիւթով սկսած է հետաքրքրուիլ 1992 թուականէն, եւ մատենաշարին այս հատորը շարքին 10-րդն է ու պիտի ունենայ շարունակութիւն: Ըստ անոր, տակաւին իր նախադէպը չէ ունեցած հայ մատենագիտութեան գրականութեան պատմութեան մէջ նման մատենաշար մը եւ, իր պատկերացումով, եթէ այս մատենաշարը շարունակուի, 60 հատորը կ՛անցնի: Դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան յայտնեց, թէ ինք նկատի ունի այն գրողները, որոնք Հայաստանի մէջ են, եւ թէ իր հատորները, յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները բնագրային ուղղագրութեամբ կը հրատարակէ: «Ես ինքզինքս շատոնց հռչակած եմ արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպանը եւ խորապէս համոզուած եմ, որ սահման մը կայ, եւ արեւմտահայերէնը նոյնպէս ազգային սահման է, որ կը կարօտի պաշտպանութեան, ինչպէս հայաստանեան բոլոր սահմանները», հաստատեց բանախօսը: Ան խոստովանեցաւ, որ թէեւ Նիկողայոս Սարաֆեանի մասին 51 էջնոց յառաջաբան մը գրած է, սակայն չէ բացայայտուած Սարաֆեանի ներաշխարհը եւ չէ կրցած լիովին ներկայացնել անոր խորհրդաւոր ու իմացականօրէն լեցուն աշխարհը: Անդրանիկեան յատկանշական համարեց, որ այս մեծ բանաստեղծին յոբելեանը կը նշուի Պէյրութի մէջ` բացատրելով, որ Սարաֆեանի մահէն մէկ տարի առաջ հատորը հրատարակուած է Պէյրութի մէջ, յետ մահու առաջին հատորը` Յարութիւն Քիւրքճեանի յետ գրութիւն վերջաբանով, դարձեալ հրատարակուած է Անթիլիաս, Պէյրութ 1980 թուականին, իսկ ինք 1994 թուականէն սկսեալ հրատարակած է շարք մը ժողովածուներ Նիկողայոս Սարաֆեանէն:
Անդրադառնալով Նիկողայոս Սարաֆեանի կենսագրական գիծերուն` բանախօսը ըսաւ, որ ան ծնած է 1902-ին Պոլիսէն Վառնայ մեկնող շոգենաւի մը վրայ: Ան ի ծնէ ճամբորդած է եւ ի զուր չէ, որ կը գրէ. «Ճամբորդութեան խենթ սէրէն առողջութիւնս անցաւ»: Ան «Միջերկրական» հատորին մէջ յուզումով կը խոստովանի, թէ` «Քերթող մըն եմ, որ չունիմ զիս կարդացող ժողովուրդ» ապա բանախօսը շեշտեց. «Նիկողայոս Սարաֆեան, կը համարձակիմ ըսել, որ դո՛ւք ընթերցող ունիք եւ այդ ընթերցողները հո՛ս են, Միջերկրականի երկրին մէջ, մայրիներու եւ մայրերու շուքին տակ ապրող այս հրաշալի հայութիւնը»` աւելցնելով, որ Սարաֆեանի բանաստեղծութեան կենսաիմաստասիրութիւնը այն է, որ ան ճանչցած է սփիւռքը իր իրողութիւններով: Սարաֆեան պատահականօրէն «Միջերկրական» չէ վերնագրած իր վերջին հատորը: Բանախօսին համաձայն, միջերկրայնութեան խնդիր կը շօշափէ, նաեւ` լայնատարած Միջերկրական ծովը բնականաբար: Սարաֆեանի լման կեանքը անցած է Միջերկրականի, միջերկրայինի, Հայաստանի եւ սփիւռքի միացեալ կազմաւորումի, ոգեփնտռումի ներքոյ: Ան դէմ եղած է արտագաղթի: Սարաֆեան բնական կրթութիւն չէ ստացած: Ան եղած է հայ գրականութեան փառքի տիտաններէն Յակոբ Օշականի աշակերտը Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, նաեւ աշակերտած է հայ բանաստեղծութեան հնչեակի իշխան` Վահան Թէքէեանի: Ամբողջ կեանքը աշխատած է ֆրանսական տպարաններէն մէկուն մէջ` իբրեւ գրաշար: Սարաֆեան տարբերակներ բերած է ազգ-քաղաքակրթութեան միջեւ, որովհետեւ քաղաքակրթութիւնը ազգին հիմն է, եւ Նիկողայոս Սարաֆեան կ՛ուզէր հիմնովին փոխել հայու մտածողական քաղաքականութիւնը: Դոկտ. Անդրանիկեան դիտել տուաւ, որ պարսիկ հանճարեղ բանաստեղծ մը գրած է. «30 տարի գրած եմ ճամբորդելու, 30 տարի գրելու եւ 30 տարի ալ երազներ տեսնելու մասին»` շեշտելով, որ այս խօսքերը ճշգրտօրէն կը վերաբերին Նիկողայոս Սարաֆեանին:
Յայտնենք, որ դասախօսութեան ընկերացաւ տեսանիւթի ցուցադրութիւն, որուն մէջ ասմունքող Այտա Ասատուրեան ներկայացուց Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Նշան Պեշիկթաշջեանի գործերէն:
Աւարտին սրահի մուտքին տեղի ունեցաւ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի հեղինակած Նիկողայոս Սարաֆեանի գիրքերու վաճառք: