«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը կը տեղեկացնէ, որ 2015 թուականի Սեպտեմբեր 25-27 ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնը:
Փառատօնի նպատակներն ու խնդիրներն են Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման նպաստելը, կոմիտասեան արուեստը հանրահռչակելը, մշակոյթի միջոցով Հայոց պահանջատիրութեան մասին բարձրաձայնելը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման, համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու ձեւաւորման աջակցիլը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման, համատեղ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման սատարելը, մշակոյթի ոլորտին մէջ համահայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման նպաստելը, Սփիւռքի ուծացման եւ լեզուամշակութային ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարիլը, ազգային մշակոյթի պահպանութեան գործին Սփիւռքի ստեղծագործող երիտասարդութեան ներգրաւելը, համահայկական մշակութային ծրագիրներու համատեղ մշակման եւ իրականացման միջոցներ ստեղծելը, Սփիւռքի ստեղծագործական խումբերու եւ մշակութային կազմակերպութիւններու վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուական տուեալներու շտեմարան ստեղծելը` նպաստելով անոնց գործունէութեան վերաբերեալ Հայաստանի մէջ տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացման:
Փառատօնին կրնան մասնակցիլ սփիւռքեան երգչախումբերն ու անհատ կատարողները (երաժիշտներ, երգիչներ եւ այլք):
Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ ճանչցուած խումբեր եւ անհատներ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս պատրաստ է հոգալու որոշ մասնակիցներու (որոնք ունին կեցութեան կարիք) սնունդի եւ կեցութեան ծախսերը (հնարաւոր է, որ գիշերակացը ապահովուի 3-6 մարդու համար նախատեսուած հիւրանոցային, կացարանային սենեակներու մէջ` 3 օր), տրամադրելու համապատասխան դահլիճներ, ապահովելու փոխադրամիջոցներով եւ տեխնիկական անհրաժեշտ միջոցներով, իրականացնելու ձեռնարկներու կազմակերպական աշխատանքները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է Ձեզ աջակցելու նաեւ ՀՀ մուտքի արտօնագիրի անվճար ձեռքբերման հարցով: Անհրաժեշտութեան պարագային կը խնդրենք տեղեկացնել ժամանումէն առնուազն 1 ամիս առաջ:
Փառատօնին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել համապատասխան յայտերու ձեւերը եւ ուղարկել [email protected] հասցէով:
Մասնակից խումբերը եւ անհատները պէտք է ներկայացնեն մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ համերգային ծրագիր (3-5 համար), վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ելոյթներու տեսագրութիւն, գրքոյկ, նկարներ, ցուցապաստառ եւ այլն:
Փառատօնի իրականացման վերջնական ծրագիրը հնարաւոր կ’ըլլայ կազմել յայտերը ամփոփելէ ետք: Տուեալ խումբի կամ անհատի մասնակցութիւնը կ’երաշխաւորուի, եթէ անոր կողմէ ներկայացուած յայտը ստացուած է մինչեւ 2015 թ. Մայիս 1:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, համայնքային բոլոր երգչախումբերուն եւ անհատ կատարողներուն կոչ կ’ուղղենք միանալու մշակութային այս շարժման եւ դառնալու հայրենիքի մէջ կազմակերպուող համահայկական փառատօնի մասնակիցը, նպաստելու համահայկական մշակութային փոխգործակցութեան:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գրասենեակ` զանգահարելով` +37410 530937, +37410 530939 հեռախօսահամարներով կամ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը գտնելով www.imhayastan.am կայքէջին վրայ:
Կը սպասենք ձեր նամակներուն:
Կից կը ներկայացնենք յայտաձեւերը:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի աշխատակազմ
Հեռ.`(+374 10) 530937, 530939
Ֆաքս`(+374 10) 589157
Կայք` www.mindiaspora.am
Էլ.փոստ` [email protected]