ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականը նախաձեռնած է Սփիւռքին առնչուող փաստաթուղթեր հաւաքելու արշաւի մը, որուն առաջին հանգրուանի կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին գերի բռնուած ռուսահայերու պատմութեան վրայ։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտականի վարիչ Սալբի Ղազարեան յոյժ կարեւոր կը համարէ այս նախաձեռնութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ անիկա ոչ միայն հայութեան պատմութեան համար կենսական է, այլ մաս կը կազմէ նաեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ Խորհրդային Միութեան պատմութիւններուն։
Նախաձեռնութեան նպատակն է մէկտեղել այս մասին ֆիլմեր պատրաստած բեմադրիչներու, ինչպէս նաեւ տեղահանուած հայորդիներու ընտանեկան պարագաներու փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի ըլլայ յատկանշական ուսումնասիրութիւններու համար նիւթեր ապահովել։
Նշենք, որ Գերմանիա տարուած ռուսահայ մօտաւորապէս 4000 գերիները 1948-ին Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելու իրաւունք ստացան Քոնկրեսէն, որմէ ետք անոնց մեծ մասը, մինչեւ 1952, Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցաւ։ Այս աշխատանքին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Անտուն հայերու հայ ազգային յանձնախումբը, որուն առաջամարտիկներն էին Ճորճ Մարտիկեան եւ Սուրէն Սարոյեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել [email protected] հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին։