«Ազդակ»-ի 28-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Իտալիոյ մէջ գործող «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի տնօրէն Մինաս Լուռեան: Նիւթ` «Միջազգային մշակութային կարեւոր մայրաքաղաքներէն` Վենետիկի մէջ գործող մասնագիտական անկախ կառոյցի մը ներկայի մարտահրաւէրներ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը ներկայացուց կեդրոնի պատմականը, թեւակոխած փուլերը եւ այն բնագաւառները, որոնց ուղղութեամբ ծանօթացման մասնագիտական աշխատանք տարած է: Ճարտարապետականէն երաժշտագիտական եւ հրատարակչական, Իտալիոյ մէջ գործող այս կեդրոնը այսօր յատկապէս եւրոպական հիմնադրամներու հետ կ՛իրագործէ ծաւալուն աշխատանք` ներգրաւելով երաժիշտներ, փիլիսոփաներ, պատմաբաններ եւ մշակութաբաններ:
Մինաս Լուռեան հաստատեց, որ կեդրոնին ֆինանսական օժանդակութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի նախորդ իշխանութիւնները, իսկ որոշ ծրագիրներու աջակցած է «Համազգային»-ը: Լուռեան հաստատեց, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն մնալ անհատական բնոյթի եւ ընդհանրապէս հաւաքականի չեն վերածուիր: Եւ այս ծիրին մէջ ան ընդգծեց, որ սփիւռքի մէջ կը բացակայի տարբեր ուղղութիւններով ուժականութեան ձեւաւորման գործընթացը:
Ապա դասախօսը տուեալներով եւ վերլուծական մօտեցումով ներկայացուց սփիւռքի մէջ մշակութային աշխատանքներ տանելու խոչընդոտները: Մշակութային բարձրորակ փառատօներու մասնակցութիւն, իտալացի եւ ընդհանրապէս եւրոպացի գործընկերներու հետ երաժշտական որակեալ գործերու ներկայացումներ: Այս շրջածիրին մէջ ան օրինակ տուաւ նաեւ սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի եւ հայրենի երգահան Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններով համատեղ ներկայացումը:
Հայ հանրութեան քիչ ծանօթ այս կեդրոնի կարեւոր գործունէութեան ծանօթացման եւ անկէ բխած որոշ դիտարկումներու ներկայացումը առիթ եղաւ, որ լսարանին մասնակիցները հետաքրքրական միտքերով եւ տեսակէտներով իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Ազդակ»-ի 28-րդ լսարանին: