Երեքշաբթի, 12 Յունիսին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ: Նախարարը ծանօթացած է հիմնադրամի առօրեային, իրականացուցած եւ իրականացուելիք ծրագիրներուն: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին ներկայացուցած է Հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ նշած, որ սուրիահայերու հետ կապուած խնդիրներուն սերտ համագործակցութիւն ունեցած են Սփիւռքի նախարարութեան հետ, որ, համոզուած են, յետագային եւս կը շարունակուի:
Առանձնազրոյցէն ետք կողմերը վստահեցուցին, որ այսուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն առաւել աշխուժօրէն պիտի համագործակցին: