Երեքշաբթի, 23 Յունուարին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ-ի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղըրը:
Ողջունելով նորանշանակ դեսպանը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան համոզմունք յայտնեց, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ընթացքին աւելի պիտի զարգանան: Նախարարը կարեւոր համարեց երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը: Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ մեծ սփիւռք ունեցող երկիրներու փորձի փոխանակումը: Քննարկուեցան սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան արթնացման, ներուժի յայտնաբերմանն ուղղուած ձեռնարկները եւ ծրագիրները: Նախարարը ներկայացուց գերատեսչութեան պետական քաղաքականութիւնը, գերակայ խնդիրներն ու ընելիքները:
Լիբանանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ կը գտնուի եւ շատ տպաւորուած է: «Լիբանանի մէջ հայկական մեծ, կազմակերպուած համայնք կայ, որուն ներկայութիւնը շատ կարեւոր է երկրի կայունութեան պահպանման համար: Հայերը շատ մեծ ներդրում ունին երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ», – աւելցուց դեսպան Մայա Տաղըրը:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ 2018 թուականը Հայաստանի համար շատ կարեւոր յոբելենական տարի է. պիտի նշուին Երեւանի 2800, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակները, ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Լիբանանի մէջ, պիտի ցուցադրուին Լիբանանի հայ համայնքին կողմէ տպագրուած 150-է աւելի գիրքեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան բարեկամութեան օրերու իրականացման: «Բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրապնդուի, երբ բարեկամները մօտիկէն կը ծանօթանան, ճանաչելի կը դառնան., -շեշտեց նախարարը եւ կարեւորելով ՄԱԿ-ի կողմէ Սփիւռք եզրոյթի վերաբերեալ պայմանադրութեան ընդունման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծեց. «Երկիր մոլորակի իւրաքանչիւր 35-րդ բնակիչը գաղթական է, կը կարծեմ` պէտք է սահմանել անոնց իրաւունքները եւ պարտականութիւնները:Ատիկա կարեւոր համամարդկային խնդիր է»: