Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Վերջերս լոյս տեսաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասին գիրք մը` «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խորագիրով, որ իր ուրոյն տեղը ունի Հայ եկեղեցւոյ խրատաբանական գրականութեան մէջ:
Գիրքին բովանդակութեան, այժմէականութեան, եզակիութեան եւ դաստիարակչական թելադրականութեան մասին տեղեկանալու միտումով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց գիրքի հեղինակին` Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Կաթողիկոսարանի լուրերէն իմացանք, որ ձեր հեղինակութեամբ լոյս տեսած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասին գիրք մը` «Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խորագիրով:
Կրնա՞ք այս գիրքի հրատարակութեան շարժառիթը ներկայացնել:
ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ.- Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ» օրաթերթին այս հետաքրքրութեան համար: Անշուշտ զիս չի զարմացներ այս երեւոյթը, որովհետեւ «Ազդակ» ոչ միայն օրաթերթ մըն է մեզի համար, այլ` մշակոյթի, գրականութեան օճախ մը: «Ազդակ» լուրերէն անդին` մտահոգ է հայ կեանքով թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ, մէկ խօսքով` ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս իմաստով նաեւ ես այս առիթը կ՛ուզեմ օգտագործել գնահատանքս յայտնելու «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին:
Վերադառնալով հարցումին ըսեմ, որ այս գիրքը` Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ»-ը իբրեւ վարդապետական աւարտաճառ ինծի տրուեցաւ 1981-ին, երբ աբեղայ ձեռնադրուեցայ, եւ ես այդ տարիներէն սկսեալ աշխատեցայ այս «Խրատ»¬ին վրայ նախ բնագիրին` գրաբարէ աշխարհաբար վերածումին, ապա` ուսումնասիրութեան:
2002-ին, երբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցայ, յարմար նկատեցի հրատարակել այս «Խրատ»¬ը իր գրաբար բնագիրով եւ արեւմտահայերէնով, որ աշխատանքս էր` քննական մօտեցում «Խրատ»-ի ուսումնասիրական բաժինով:
2015-ին, երբ Ֆրանսիս պապը Վատիկանի մէջ Տիեզերական վարդապետ հռչակեց Ս. Գրիգոր Նարեկացին, ի շարս 35 այլ տիեզերական վարդապետներու, մտածեցի, որ այս առիթով նաեւ լաւ կ՛ըլլայ անգլերէնի թարգմանել, որովհետեւ որքան որ գիտեմ, այս «Խրատ»¬ը օտար լեզուի չէ թարգմանուած, նոյնիսկ, համեստ կարծիքովս, պրպտումներուս իբրեւ արդիւնք, արեւմտահայերէնի ալ չէր թարգմանուած: Ուստի թէ՛ արեւմտահայերէնը, թէ՛ անգլերէնը առանձին գիրքի մը մէջ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ այս հատորով: Անգլերէնը ունի նաեւ ներածական մը եւ դարձեալ ուսումնասիրական բաժին մը, որպէսզի անոնք, որոնք Ս. Գրիգոր Նարեկացին կ՛ուզեն աւելի մօտէն ճանչնալ, գիտնան, որ ան միայն «Մատեան ողբերգութեան»-ը կամ քանի մը այլ գործեր, ինչպէս` «Յիսուս Որդի», «Մեկնութիւն երգ երգոցի», «Ներբողներ», «Տաղեր» չէ գրած, այլ գրած է նաեւ այս «Խրատ»-ը եւ իբրեւ Տիեզերական վարդապետ` այս «Խրատ»-ը կը պատկանի բոլոր քրիստոնեաներուն, եւ կրնամ քայլ մը աւելի անդին երթալ եւ հաստատել` ամբողջ մարդկութեան:
Ուրեմն շարժառիթը մէկ չէր, այլ քանի մը շարժառիթներ խտացան այս հատորին մէջ, եւ որպէսզի այս գիրքը հայկական նեղ շրջանակի մէջ չմնայ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ եւ արտօնութեամբ, գիրքը նուիրեցի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան քահանայապետին` Ֆրանսիս պապին, իբրեւ երախտագիտութիւն, երբ ան 12 ապրիլ 2015-ին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական վարդապետ:
Անշուշտ լրատուական եւ լսատեսողական զանազան հարթակներու վրայ այս մասին արձագանգուեցաւ, սակայն ամէնէն կարեւորը ինծի համար ոչ թէ այն լուրին տարածումն էր, որ Հայ եկեղեցիէն եպիսկոպոս մը գիրք մը ձօնեց պապին, այլ այն, որ Հայ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն Ս. Գրիգոր Նարեկացին այսօր կը խօսի նաեւ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն, որպէսզի հասանելի ըլլայ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ` բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք հետաքրքրուած են Հայ եկեղեցիով եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիով:
Ուրախ եմ ըսելու, որ հայ եւ օտար շրջանակներէ արձագանգներ կը հասնին ինծի` հարցնելու համար, թէ ի՞նչ է այս գիրքը: Ուրեմն այս հարցազրոյցը այդ շրջագիծին մէջ կ՛ուզեմ տեսնել եւ ոչ թէ` անձի մը կողմէ, այս պարագային` համեստօրէն ես, կատարուած աշխատանք մը, որ, այսպէս ըսած, լուսարձակի տակ կը բերուի, մինչ լուսարձակի տակ բերուողը Ս. Գրիգոր Նարեկացին է եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ»-ը:
«Ա.».- Խնդրեմ` անդրադառնանք «Խրատ»-ին բովանդակութեան: Ընթերցողը ի՞նչ խրատ պիտի ստանայ այս գիրքէն:
Ն. Ա. Ա.- Ս. Գրիգոր Նարեկացիի այս գործը կը բաղկանայ 76 հատուածներէ: Հակիրճ անդրադառնամ բովանդակութեան:
Առաջին եւ երկրորդ հատուածները մուտք են եւ կը ներկայացնեն, թէ որո՛ւ խնդրանքով եւ ինչո՛ւ գրուած է այս «Խրատ»¬ը:
Երեքէն տասներկուերրորդ հատուածները կ՛ըսեն` սկսինք այն տեղէն, ուրկէ պէտք է սկսիլ ճշմարիտ հաւատքի դաւանութեան համար, որ բոլոր կարիքներուն հիմքն ու արմատն է: Այս է ճշմարիտ հաւատքի դաւանութիւնը: Հաւատալ, որ Հայրն Աստուած Հայր Աստուած է, Հօր Միածինը` Խօսք եւ Ծնունդ Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգին Հօրմէ բխում անճառաբար: Ըստ անձնաւորութիւններու, նաեւ յատկութիւնները զատորոշ են, այսինքն` ծնողութիւն, ծնելիութիւն եւ ելողութիւն: Ուրեմն այս բաժինը վարդապետական բաժինն է, այսինքն` մեր հաւատքի խոստովանութիւնը, եթէ կ՛ուզէք` ամփոփուած «Հաւատամք»-ը, որ պատարագի ատեն կ՛արտասանենք, մէկ խօսքով, հաւատքի դաւանութեան խտացում մըն է, որ քանի մը էջերու վրայ կը պարզէ Հայ եկեղեցւոյ, քրիստոնէական եկեղեցւոյ հաւատամքը:
Տասներեքերորդ գլուխը կը խօսի սուրբ մկրտութեան մասին: Ինչպէս գիտենք, մեր հաւատքի կեանքը, քրիստոնէական կեանքը կը սկսի սուրբ մկրտութեամբ, որուն կը յաջորդէ սուրբ դրոշմը եւ սուրբ հաղորդութեան ստացումը:
Տասնչորսերորդը` հաւատալ նաեւ սուրբ սեղանին վրայ պատարագուող Աստուծոյ Որդիի մարմնին եւ արիւնին, որ` անոնք ճշմարտապէս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն են, կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Նարեկացի: Այսինքն մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ սուրբ պատարագին վրայ: Եւ պատահական չէ, որ տարուան ընթացքին` բացի կիրակի օրերէն, քանի՜ քանի տօնական առիթներով սուրբ պատարագ կը մատուցուի, եւ քաջալերելի ու փափաքելի է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները սուրբ պատարագին մասնակցին ու նաեւ հաղորդուին մեր Տիրոջ սուրբ մարմնով եւ արիւնով:
Տասնհինգերորդ հատուածը կը խօսի մեղքերու ապաշխարութեան մասին, որ դարձեալ մեր եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկն է, եւ շեշտը կը դնէ մեղքերէն մաքրուելու հրամայականին վրայ:
Տասնվեցէն քսանմէկերորդ հատուածներով կը հաւատանք մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական դատաստանին: Ուրեմն մեր կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է, եւ այդ ճանապարհորդութիւնը պիտի աւարտի, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս դարձեալ գայ, այս անգամ իբրեւ արդար դատաւոր` դատելու ողջերը եւ մեռելները, իսկ արժանաւորները` արժանացնելու յաւիտենական կեանքի:
Քսաներկուքէն երեսունեօթներորդ հատուածները կը նկատեմ այս «Խրատ»-ին համամարդկային սիրտը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Նարեկացի կ՛ըսէ` հոգին, այսինքն մարդը իր ամբողջութեան մէջ անմահ է, իսկ ֆիզիքականը` ժամանակաւոր: Մենք հոգիով պիտի ապրինք, հոգիով պիտի անմահանանք, հոգիով պիտի գնահատուինք կամ դատապարտուինք, ուրեմն հոգին Արարչաստեղծին հրամանով եւ կարգադրութեամբ եռամասնեայ է` իբրեւ խօսք, ցասում եւ ցանկութիւն: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ առաքինութիւնը ունի: Բանականին առաքինութիւնը խոհականութիւնն է, ցասմնականինը` արիութիւնը, իսկ ցանկականինը` ողջախոհութիւնը: Եթէ այս բաժինը առնենք, մեր դիմաց կը պատկերուի տիպար հոգեկիր մարդ արարածը, որ ունի բանականութիւն, իմացականութիւն եւ ցանկութիւն:
Ս. Գրիգոր Նարեկացի թուելով երեք առաքինութիւնները` խոհականութիւնը, արիութիւնը եւ ողջախոհութիւնը, կ՛ուզէ մարդուն մէջ Աստուծոյ պատկերը ցոլացնել, եւ այդ պատկերը անեղծ մնայ մարդուն մէջ` իբրեւ միակ հոգեկան, հոգեւոր արարած, եւ ան արժանի ըլլայ թէ՛ այս աշխարհին եւ թէ՛ յաւիտենական կեանքի մէջ իր Արարիչին` Աստուծոյ հետ ըլլալու:
Երեսունութէն յիսունհինգերորդ հատուածները դարձեալ կարելի է համամարդկային նկատել, որովհետեւ կը խօսի հինգ զգայարաններու մասին` աչք, ականջ, հոտոտելիք, ճաշակելիք, շօշափելիք: Ան կ՛ընդգծէ նաեւ, թէ ե՛րբ պէտք է բանանք եւ փակենք այս զգայարանները, եւ ինչպէ՛ս:
Այս շրջագիծին մէջ կը խօսի նաեւ կերակուրին, ֆիզիքական սնունդին եւ պահեցողութեան կենսականութեան մասին: Երեւոյթ մը, որ այսօր մակերեսային է կամ ընդհանրապէս կը զուգորդուի սննդականոնի հետ, բայց քրիստոնէական, համամարդկային խորք ունի, որովհետեւ գրեթէ բոլոր կրօնները կը խօսին այս մասին, իսկ երբ մարդ արարած կ՛ըսենք, մարդը ինքզինք կ՛արտայայտէ իր զգայարաններով` կը խօսի, կը շնչէ, կը համտեսէ, կը հոտոտայ, կը շօշափէ, կը տեսնէ: Հետաքրքրական է, որ եօթանասուներեքերորդ հատուածին մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացի կը խօսի նաեւ ոտքի մասին, որ զգայարան մը չէ, թերեւս վեցերորդ զգայարան մը նկատենք զայն. ո՛ւր պէտք է երթանք մեր ոտքերով եւ ո՛ւր պէտք չէ երթանք, այդ մասին է, որ կը խօսի:
Վաթսունմէկէն եօթանասուներկրորդ հատուածներուն մէջ, ինչպէս նախապէս յայտնեցի, մասնաւորաբար կը շեշտէ լեզուին եւ ձեռքերուն ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ բանալուն ու փակելուն մասին:
Եօթանասունչորսերորդ հատուածը զգայարաններու մասին եզրակացութիւն է, եւ եօթանասունհինգէն եօթանասունվեցերորդը եզրափակումն է ամբողջ «Խրատ»-ին, որ մեզ` քրիստոնեաներս, կը բերէ եւ կը կապէ եկեղեցւոյ: Եկեղեցին` իբրեւ քրիստոնեաներու հաւաքականութիւն, իբրեւ Քրիստոսի անունով, Քրիստոսի համար, Քրիստոսի հետ հաւաքուած հաւատացեալներու խումբ եւ այդ իմաստով այս «Խրատ»-ը կը դառնայ այժմէական, որովհետեւ քրիստոնեան իր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միշտ կը փորձէ այդ ընտանեկան կեանքը ապրիլ, համայնական, հաւաքական առաքելութիւնը, վկայութիւնը ապրիլ եւ փոխանցել սերունդէ սերունդ: Ուրեմն ահաւասիկ այս է մասնայատկութիւնը, իւրայատկութիւնը, եզակիութիւնը այս «Խրատ»-ին:
«Ա».- Մեր ժողովուրդը Նարեկացին առաւելաբար կը ճանչնայ «Նարեկ» աղօթագիրքով: «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք: Ինչո՞վ կը յատկանշուի այս գիրքը:
Ն. Ա. Ա.- Ս. Գրիգոր Նարեկացի վանական մըն էր: Վանքին մէջ կ՛ապրէր համայնական կեանք` իր վանական եղբայրներուն հետ ու նաեւ կ՛ապրէր առանձնական, ճգնաւորական կեանք, սակայն չէր կտրուած իր ժողովուրդէն, այլ մտահոգ էր իր ժողովուրդին քրիստոնէական ապրելակերպով, գործելակերպով, մէկ խօսքով` կեանքով, եւ անոր համար գրած է այս «Խրատ»-ը, որուն փափաք-առաջարկը եկած է Վարդան դիւանադպիրէն: Այդ օրերուն` կարեւոր, բանալի անձնաւորութիւն մը, որուն մասին կարելի է կարդալ գիրքին մէջ:
«Խրատ»-ին եզակիութիւնը այն է, որ նախ միայն հայկական չէ, գրուած է գրաբարով, բայց առաջին հերթին կը վերաբերի բոլոր քրիստոնեաներուն, այսինքն բոլոր քրիստոնեաները կրնան հոգեւոր սնունդ ստանալ այս «Խրատ»-էն, եւ այդ է «Խրատ»-ին նպատակը, բոլոր խրատներուն, խրատաբանութեան, բան մը սորվեցնել` հիմնաւորուած Աստուածաշունչին վրայ:
Ս. Գրիգոր Նարեկացի եւ եկեղեցւոյ բոլոր հայրերը, ներառեալ` Հայ եկեղեցւոյ հայրերը, Աստուածաշունչը վերածած էին իրենց ամէնօրեայ կերակուրին:
Երբ ընթերցէք գիրքը, պիտի տեսնէք, որ գրաբարով բաժինին մէջ կան աստուածաշնչական մէջբերումներ, որոնք բառ առ բառ չեն համապատասխաներ Աստուածաշունչի այսինչ գիրքին, այսինչ գլուխին, այսինչ համարին, որովհետեւ Նարեկացի յիշողութեամբ արձանագրած է զանոնք: Օրինակ, չէ ըսած` Եսայի մարգարէի, երրորդ գլուխին, երկրորդ համարին մէջ այսպէս կ՛ըսուի, այլ ըսած է` մարգարէն կ՛ըսէ, աւետարանիչը կ՛ըսէ, եւ ես աշխարհաբարին մէջ Աստուածաշունչի համաբարբառի օգնութեամբ նշած եմ իւրաքանչիւր մէջբերում եւ չակերտած եմ զանոնք:
Ուրեմն Աստուածաշունչը «Խրատ»-ին ընդմէջէն կը խօսի մեզի հետ եւ Աստուածաշունչի զանազան բաժինները, որոնք առնչուած են «Խրատ»-ին հետ, բաց դասագիրք մը կը դառնան:
Երկրորդ` համաքրիստոնէական է այս «Խրատ»¬ը, որովհետեւ ոեւէ մէկ քրիստոնեայ կրնայ օգտուիլ անկէ, այս իմաստով անգլերէնով տարբերակը անոր պիտի ծառայէ, եւ եթէ Աստուած կամենայ, այլ լեզուներու երբ թարգմանուի, հասանելի պիտի ըլլայ այդ լեզուներով արտայայտուող ժողովուրդներուն եւս:
Երրորդ` համամարդկային է այս «Խրատ»-ը: Եթէ քրիստոնէական բաժինը պահ մը զեղչենք, օրինակ` դաւանանքի բաժինը եւ կամ այլ բաժիններ, պիտի տեսնենք, որ մանաւանդ, երբ կը խօսի մարդ արարածին եռամասնեայ ըլլալուն մասին` իբրեւ բանական, ցասումով արտայայտուող եւ ցանկութիւններ ունեցող էակ, ապա` զգայարաններուն մասին, ոեւէ անհատ կամ հաւաքականութիւն, երբ կարդայ այս գիրքը, պիտի օգտուի, բան մը պիտի սորվի եւ երանի՜ ապրի, գործադրէ այս բոլորը, որովհետեւ «Խրատ» մըն է` ուղղուած կեանքին:
Կեանք մը իմաստ կը ստանայ մարդոցմով, ուրեմն միասնականութիւնն է, որ այս «Խրատ»-ը եզակի կը դարձնէ:
Նոյնը կը վերաբերի մեզի` հայ ժողովուրդի զաւակներուն, չի բաւեր միայն կարդալ, ըսել սքանչելի է, ի՛նչ լաւ գրած է, այլ պէտք է ապրիլ, եւ եթէ ապրինք այս «Խրատ»¬ը` իբրեւ մարդկութիւն, զանազան կրօններու հետեւող անձնաւորութիւններ, չեմ չափազանցեր, եթէ ըսեմ` երկրի վրայ դրախտը իրագործած կ՛ըլլանք, այսինքն մեր մեղքերէն մաքրուած` կը վերադառնանք դրախտի երանական կեանքին, եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բարեխօսութեամբ այդ մէկը կը դառնայ Աստուծոյ ընծայուած ընդունելի բանաւոր պատարագ:
Իբրեւ եզրափալիչ խօսք` կ՛ուզեմ անդրադառնալ Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս պապին հետ հանդիպման ընթացքին իրեն փոխանցածս երկու կէտերուն մասին, որոնք խօսքիս կեդրոնական գաղափարն էին:
Առաջինը` բարեկամներ ինծի հարց տուին, թէ ինչո՞ւ այս գիրքը այսօր հրատարակեցի: Այս հարցումին պատասխանը տուած եմ գիրքին ներածականին մէջ եւ կը մէջբերեմ հիմա. «Այս խրատը կը պահէ իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը, որովհետեւ մեղքը տակաւին կը փորձէ սողոսկիլ մեր հոգիներուն մէջ, եւ մեր սուրբ հայրերուն խրատներուն վահանով միայն մենք կրնանք արգիլել անոր թափանցումը մեր ներաշխարհին մէջ: Այս «Խրատ»¬ը եզակի է նաեւ այն իրողութեամբ, որ ան` իբրեւ ամփոփ ուղեցոյց, կրնայ ծառայել բոլոր անոնց, որոնք աստուածահաճոյ կենցաղավարութեան կը ձգտին»:
Երկրորդ` ինծի այլ հարց մը տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ Ֆրանսիս քահանայապետին ձօնուած է գիրքը: Անշուշտ բացատրեցի` շարժառիթս Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական վարդապետ հռչակումն էր, բայց նաեւ ուզեցի սրբազան քահանայապետին տիպարը, օրինակը` կեանքի, խօսքի, լուսարձակի տակ բերել, որովհետեւ բոլորովին տարբեր դիմագիծ մը կը տեսնենք աշխարհի ամէնէն ընդարձակ, աշխարհատարած եւ ամէնէն մեծ թիւով քրիստոնեաներ ունեցող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, եւ այդ պապին համեստութիւնը, պարզութիւնը, վանական դիմագիծն է: Այդ իմաստով ուզեցի, որ միայն Ս. Գրիգոր Նարեկացին չտեսնենք, այլ նաեւ տեսնենք այսօր մեզի համար օրինակ ծառայելու կոչուած եկեղեցապետ մը: Եւ այդ օրինակը այս աշխատանքին մէջ` ուզեցի արտայայտել նաեւ շնորհակալական խօսքով, որ կը գտնուի գիրքին ներածականին մէջ` բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք գործակցեցան ինծի ընթերցումով, նկատողութիւններ, յղումներ կատարելով, եւ այդ իմաստով «Խրատ»-ը մենք արդէն իբրեւ փոքր կորիզ այս աշխատանքի հրատարակութեան գործընթացին մէջ ապրեցանք եւ այս իմաստով նաեւ կը շարունակենք ապրիլ: Կեանքի երկխօսութեան միջոց մը կը նկատեմ ես այս «Խրատ»¬ը, եւ գոհունակութիւնս այն պիտի ըլլայ, որ այս աշխատանքը տարածուի, ինչպէս նաեւ ընդունելի, ընթեռնլի, գործադրելի ըլլայ կարելի լայն շրջանակի մէջ, ամէն տեղ: