Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հետեւեալ շնորհաւորական գրառումը կատարեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով.
«Յարութեան լոյսը թող ըլլայ մեր կեանքի ճամբուն ընկերակիցը: Թող որ յաղթենք տագնապներուն, այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոս յաղթեց մահուան: Թող որ մեր սիրելի Լիբանանին յարութիւնը աւետենք, այնպէս ինչպէս Յիսուս Քրիստոս աւետեց մեր փրկութեան մասին:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: