Շաբաթ, 6 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. պատարագ մատոյց, ջրօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց բուրաւէտ ծաղիկներով զարդարուած Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը 2024րդ անգամն ըլլալով երկրի վրայ ոգեկոչուեցաւ աղօթական երգասացութեամբ եւ հայոց հոգեգրաւ շարականներու եթերային մատուցումով, Սուրբ սեղանին սպասարկութեամբ՝ Հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագներու եւ դպիրներու:
Արդարեւ, երկինքի հետ հաղորդակցական շքեղ պահը յատկանշուեցաւ եպիսկոպոսական զմայլական Ս. պատարագով, որուն ընթացքին Յիսուս Քրիստոսի մարդեղինացման փառքը հիւսուեցաւ Աստուծոյ տան մէջ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Կրօնական ժողովոյ անդամներու, Ազգային երեսփոխաններու, մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հաւատացելոց հոծ բազմութեան մը:
Առաջնորդ սրբազան հայրը հոգեգրաւ իր պատգամը սկսաւ՝ ըսելով, որ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ու պայծառակերպող Ծննդեան փառաւոր այս տօնին, բոլորս համախումբ, հաւատքով միացած, ապրումներով մէկացած, մեր սիրտին խորերէն գովաբանական բառեր կը բարձրացնենք առ Աստուած եւ կը փառաբանենք Իր մեծութիւնը, որ հողեղէն մարդը աշխարհիկ մոլորութիւններու ճամբաներէն դուրս բերելու համար Իր միակ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկեց աշխարհ՝ իբրեւ ապացոյց մարդուն նկատմամբ իր անշիջող սիրոյն, որ թէ՛ երէկ եւ թէ այսօր եւ յաւիտեանս պիտի ջերմացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը քալեն Յիսուս Քրիստոսի ճամբէն եւ կ՛ապաշխարեն՝ երկնային օրհնութիւններով ու պարգեւներով լեցնելով իրենց կեանքը, այլեւ վերին ճշմարտութիւններու դիմաց լայն բանալով իրենց հոգիները:
Հրաշափառ այս մեծ տօնին առիթով, առաջնորդը նաեւ կատարեց ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ գաղութի բարերարներէն՝ Մայք Սարեանի, ապա, յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան զոյգ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ծխական բոլոր համայնքներուն, ազգային վարժարաններուն ու կառոյցներուն՝ ան ողջունեց վեհափառ կաթողիկոս. Արամ Ա. հայրապետը եւ պայծառ ու բարեբեր բազում օրեր մաղթեց անոր, ինչպէս նաեւ՝ հաւատքի մէջ զօրանալու եւ կեանքի մէջ եղբայրանալու սրտագին մաղթանքներ սփռեց եկեղեցւոյ մինչեւ հեռաւոր անկիւնները՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին ականջալուր՝ Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան վերամերձեցման ու վերասերտացման խորհուրդէն թելադրուած:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ, առաջնորդը Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի արարողութիւն մատոյց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ