Ստորեւ` »Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի տուչութեան առիթով, գերազանցիկ աշակերտներու նուաճումները քաջալերող քուէյթահայ բարերար, գործարար եւ հրապարակագիր, մրցանակի հիմնադիր՝ Կիրակոս Գույումճեանի խօսքը:
Հայ պատանի ուսանողին, հայ դպրոցին մէջ, արաբերէն կրթական ծրագիրին համաձայն պետական պաքալորէայի քննութիւններու մասնակցին հարիւր առ հարիւր նիշ հաւաքելը քիչ բան չէ: Այո՛, քիչ բան չէ, այլ, ընդհակառակը: մեծ բան է եւ շատ մեծ բան, որուն արժանացաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանը իր տիպար աշակերտներէն մէկուն` Ռանի Թաշճեանի միջոցով:
Ռանին իր այս նուաճումով ոչ միայն պատիւ բերաւ իր դպրոցին ու ընտանիքին եւ, անշուշտ, իր անձին, այլ նաեւ` ամբողջ համայնքին եւ ազգին, Քուէյթի մէջ եւ այլուր:
Ռանինի այս արդիւնքը նորութիւն չէ իրեն համար, ի միջի այլոց, ան առաջին քայլը առաւ բարձրագոյն ուսման աշխարհին մէջ գերազանց մակարդակով հարթ ու փայլուն ճամբուն վրայ:
Յատկանշական այս նուաճումը պէտք է բարի նախանձ ըլլայ գրեթէ բոլոր աշակերտներուն, որոնք նոյնքան ատակ են նման աստիճաններու հասնելու ժրաջան աշխատանքով, ինչպէս` Ռանին:
Սիրելի՛ Ռանի, զաւա՛կս, մեզ յուսախաբ չընես երբեք` ո՛չ քու կրթական երկար ճամբորդութեան ընթացքին, ո՛չ ալ, եւ ասիկա աւելի կարեւոր է, գործնական եւ ազգային կեանքիդ մէջ: Միշտ հպարտ ըլլանք քեզմով եւ քու ձեռքբերումներովդ:
Դո՛ւք, աւարտական դասարանի սիրելի աշակերտներ, օրինակ առէք Ռանիէն եւ ձգտեցէք բարձրագոյն նիշերով յաջողիլ քննութիւններուն` միշտ ի շահ ձեր ապագային:
Կը շնորհաւորեմ 100 առ հարիւր նիշ բերող Ռանին, կը շնորհաւորեմ անոր ծնողքը, կը շնորհաւորեմ 100 առ հարիւր նիշ ապահովելու համար աշխատանք տարած Քուէյթի Ազգային վարժարանը:
Կը շնորհաւորեմ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը կազմակերպողները:
Շնորհակալութիւն: