Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 315
Պոլսոյ մէջ «Արաս» հրատարակչատունէն 2012-ին լոյս տեսած է Վահան Թէքէեանի «Երկու Դրախտներ- Ցիրուցան Էջեր» խորագիրով կարգ մը յօդուածներու հաւաքածոն (482 էջ), որ խմբագրած եւ ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմենճեան, յառաջաբանը Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի, իսկ մեկենասն է Նշան Քարա: Այդ յօդուածներէն ուշագրաւ է «Արփիար Արփիարեան «Մատնիչ»ը վերնագրեալ յօդուածը:
Արփիար Փիլիպպոս Արփիարեան արեւմտահայ արձակագիր, հրապարակախօս, քննադատ եւ խմբագիր ծնած է Պոլիս, 1851-ին: Խմբագրած է «Արեւելք» եւ «Մասիս» թերթերը, ինչպէս նաեւ «Նոր Կեանք», «Շիրակ» եւ «Հայ Հանդէս» պարբերաթերթերը, երեք տասնամեակ աշխատակցած է «Մշակ»ին, որոնց շուրջ փորձած է համախմբել իրապաշտ ուղղութեամբ գրողներ: Աշակերտած է Ղեւոնդ Ալիշանի: 1895-1896-ի հայկական ջարդերու ընթացքին ապաստանած է Եգիպտոս, ուր տարած է եռանդուն ազգային եւ գրական գործունէութիւն: Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ հրատարակած է հայերէն թերթեր, գրած է հրապարակախօսութիւններ եւ քննադատական երկեր: Անոր հրատարակուած գործերն են.- «Կարմիր Ժամուց», «Կեանքի Պատկերներ», «Խնդամոլիկ Աղջիկը», «Պատմուածքներ Եւ Վիպակներ», «Պատմութիւն ԺԹ. Դարու Թուրքիոյ հայոց Գրականութեան», «Հատընտիր», «Ընտիր Երկեր», «Ժամանակակից Պատմութեան Էջեր» եւ «Ոսկի Ապարանջան»: Արփիար Արփիարեան 1908-ին Գահիրէի մէջ եղաբայրասպան գնդակով մը կը սպաննուի (Ուքիբետիա համացանցային կայքէջ):
Արփիար Արփիարեանի բարոյական պատկերը սեւցնելու նպատակով կարգ մը անձեր անոր դէմ զրպարտութիւններ նիւթած են: Վահան Թէքէեան անոր պաշտպանութիւնը ձեռնակելով սոյն յօդուածը գրած է: Նախ քան Արփիար Արփիարեանի պաշտպանութիւնը ձեռնարկելը, Թէքէեան ունեցած է հետեւեալ խոհերը. «Արփիար Արփիարեանի յիշատակին փաստացի պաշտպանութիւնը պէ՞տք է կատարել թէ ոչ: Դեռ համոզուած չեմ այս պահուս: Կան պարագաներ՝ ուր պաշտպանութիւն մը ոչ միայն աւելորդ է պաշտպանեալին համար, որ պէտք չունի, պէտք ունենալու չէր որեւէ պաշտպանութեան: Բայց այս «նրբութիւնը» չի հասկցուիր եղեր մեր մէջ» (էջ 335):
Արփիար Արփիարեանը սեւցնելու փորձը սկսած է Սիմոն Վրացեան, սակայն այս զրպարտութեան ժխոր աղմուկին ձայնակցած են այլ գրողներ եւ ազգային գործիչներ, որոնց «փաստարկները» սնանկ կը յայտարարուին Վահան Թէքէեանի արդար եւ ճշմարիտ փաստին դիմաց: Արփիարեանը զրպարտող աղմկարարներէն են Յ. Իւսուֆեան, Ա. Վռամեան, Բաբգէն Սիւնի, Մելքոն Կիւրճեան, Արթին փաշա Տատեան, Մինաս Չերազ, Տոքթ. Յ. Թիրիաքեան եւ ուրիշներ:
Վերոյիշեալ անձնաւորութիւններուն մասին Վահան Թէքէեան կ՛ըսէ. «Պատասխանատու կուսակցականներ Ա. Արփիարեանի բարեկամ եղած են Եգիպտոսի մէջ, իր դագաղը իրենց ուսերուն վրայ կրած էին: Սակայն անոնցմէ աւելի փորձառու, աւելի տարեց եւ հետեւաբար անոնց պատմած դէպքերուն աւելի ծանօթ ընկեր մը՝ Վարանդեան, զանոնք զգուշացուցած էր այդ ձեռնարկէն: Յամառ անուղղամտութեամբ մը, որուն ուրիշ ապացոյցներ ունինք իրենցմէ, յարատեւած են անոնք» (էջ 335-336):
Այս անձերուն զրպարտութիւնները փաստացի ոչ մէկ բան ունին իրենց բովանդակութեամբ, այլ կը յենին միայն ասեկոսներու վրայ, մէկ կողմ ձգելով անոնց անձնական նախանձը, ծուռ միտքն ու փտած խղճմտանքը հանդէպ անձնուէր եւ հայրենասէր գրագէտ Արփիար Արփիարեանի:
Վահան Թէքէեան կ՛ըսէ թէ Արփիարեանը յամառօրէն ամբաստանողները իրենց մեղադրանքները կը բազմապատկեն անհիմն, շինծու եւ սուտ տեղեկութիւններով: Իսկ վերոյիշեալ ամբաստանողներուն մէջ կան երեք անձնաւորութիւններ, որոնց իսկական կեցուածքը ստոյգ իրականութիւն չունի: Անոնք են Արթին փաշա Տատեանը, Մինաս Չերազը եւ Տոքթ. Յ. Թիրիաքեանը: Վահան Թէքէեան կ՛աւելցնէ. «Արդ, պէտք է հաստատել, փաստերով, թէ անոնք իրապէս ամբաստանած են Արփիարը «իբրեւ դաւաճան եւ մատնիչ» (էջ 337): Թէքէեան Մինաս Չերազի հետ անձամբ քանիցս խօսակցած է այս հարցին մասին եւ վերջինս բնաւ այդպիսի խօսք մը ըսած չէ՝ ամբաստանելու համար Արփիարեանը: Գալով Տոքթ. Թիրիաքեանի՝ Սահմանադրութեան վերահռչակումէն քիչ ետք, Թէքէեան առիթ կ՛ունենայ ժամու մը չափ զրուցելու անոր հետ Պոլսոյ ատենի դէպքերուն եւ անցքերուն մասին, սակայն Թիրիաքեան բնաւ վատ բան չէ ըսած Արփիարեանի մասին:
Ըստ Սիմոն Վրացեանի, Արթին փաշա ունէր երեք նամակներ, որոնց մէջ գրուած էին Արփիարեանի մասին: Անոնց մէջ կը պնդուէր թէ Արփիարեան նոյնիսկ արտասահմանի մէջ յարաբերութիւնները չէր խզած թրքական ոստիկանութեան հետ եւ ան ամսական 24 ոսկի ռոճիկ կը ստանար Նազըմէն, իբրեւ լրտեսութեան վարձ: Վրացեան իր յօդուածին ծանօթագրութեան մէջ կը գրէր թէ Տատեանի այդ երեք նամակները կը գտնուին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական դիւանին մէջ: Առ այդ, Վահան Թէքէեան կ՛ըսէ. «Կը պահանջեմ որ քննուին այդ նամակները, մասնաւորապէս Արթին փաշայի, իրենց ստացման աղբիւրներով: Այնչափ անհեթեթ եւ անկարելի է Արփիարի ամսական 25 ոսկի թոշակ ստանալու պատմութիւնը թուրք ոստիկանութենէն» (էջ 338): Ապա Թէքէեան կ՛աւելցնէ թէ այդ նամակներով տրուած վկայութեան արժէքը որոշ է, որովհետեւ «անո՛նք որոնք Արփիարեանը ճանչցած են արտասահմանի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կէս-կուշտ կէս-անօթի վիճակովը, անո՛նք իրենց արթնցած ցաւի եւ զայրոյթի զգացման մէջտեղ դառն խնդուք մըն ալ ունեցան ի լուր այս 25 ոսկիի պատմութեան…» (էջ 339):
Վահան Թէքէեան իր այս յօդուածով լոյսին կը բերէ ամուր իրականութիւններ Արփիար Արփիարեանի մասին: Ան կ՛ըսէ թէ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ հետագային Վերակազմեալ Հնչակեանները, թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ տարիներով Արփիարեանի վստահած են վարիչի եւ խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնները: Իսկ ժողովուրդը արեւմտահայ եւ արեւելահայ, անոր բանտէն արձակուելէն մինչեւ մահը, անխախտ պահած ու յայտնած է անոր հանդէպ իր համակրութիւնը՝ զայն փնտռելով ու կարդալով իբրեւ խմբագրապետ «Հայրենիք»ի (էջ 340):
Ամենէն զօրաւոր փաստը որ Վահան Թէքէեան կը ներկայացնէ՝ Արփիար Արփիարեանի յայտարարութիւնն է.- «Կե՛ղծ է Մելքոն Կիւրճեանի հայթայթած տոքիւնեմթը, որ բանտին մէջ իբր թէ իմ հարցաքննութիւնս կը ներկայացնէ եւ «Յաւելուած»ին մէջ արտատպած է իմ ստորագրութեամբս: Կը պահանջեմ որ պատուոյ ատեան մը կազմուի եւ անոր միջոցաւ քննուի թէ՛ այդ տոքիւմենթը եւ թէ՛ ինծի դէմ յարուցուած ամբողջ ամբաստանութիւնը (էջ 341)»:
Արփիար Արփիարեանը անարդարօրէն սեւցնելու արարքը կարգ մը մարդոց կողմէ, Վահան Թէքէեան անազնիւ կը նկատէ: Անոր մասին Սիմոն Վրացեանի ստորագրութեամբ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ լոյս տեսած «Նիւթեր Կենսագրութեան Համար» յօդուածին խորագիրը կեղծ կը նկատէ:
Այլ աղբիւր մը Արփիար Արփիարեանի դէմ կատարուած զրպարտութիւններու մասին՝ Ստեփան Շահպազի «Արփիար Արփիարեան» (Տպարան Ալթափրես, Պէյրութ, 1987, 624 էջ, Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամին կատարած նիւթական օգնութեամբ հրատարակուած) խորագիրով գիրքին յառաջաբանն է, որուն մէջ հեղինակը կ՛ըսէ. «Արփիարեանի դէմ արձակուած զրպարտութիւնները, մղուած պայքարը, հալածանքը, քինախնդրական արարքները՝ ինչքան անարդար այնքան ալ անողոք՝ ամենէն ծանր ամօթներէն մէկը կը կազմեն մեր տարեգրութեանց մէջ, գուցէ ե՛ւ ամենէն ամօթը» (էջ 7):
Արփիար Արփիարեան հայրենասէր նուիրեալ հայուն անունը սեւցնելու փորձերուն դէմ՝ Վահան Թէքէեանի անհրաժեշտ գտած այս պաշտպանողականը ներկայացնելով ուզեցինք շեշտել, որ իսկական մտաւորականը իր գրչի ընկերոջ արդարացիութիւնը փաստելու համար կը պայքարի, նոյնիսկ եթէ ինք ալ ենթարկուած ըլլայ բռնաճնշումի, ինչպէս որ էր պարագան Թէքէեանին, որ իր մէկ աչքը կորսնցուցած էր հակառակորդներու կողմէ անարգ յարձակման ենթարկուելով, այն ալ Հայոց Եղեռնի տարիներուն։