Փետրուար 25-ին կը լրանայ հայ ազգային հերոս, հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու ազատագրութեան մարտիկ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-ամեակը:
Այս առիթով Պուլկարիոյ հայերու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Վառնայի ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Բարթողիմէոս քհն. Յակոբեանի` Փետրուար 25-ին` ժամը 17:30-ին, Վառնայի Կալատա թաղամասի «Զօր. Անդրանիկ» հրապարակին վրայ տեղադրուած անոր յուշարձանին մօտ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղիկներու ու ծաղկեպսակներու զետեղում` ի յիշատակ մեծն Զօրավարին:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուլկարիոյ հայերու միութենէն. «Անոնք, որոնք կը ցանկան այդ օրը յիշատակել հայ ազգային հերոս Զօր. Անդրանիկի 150-ամեայ յոբելեանը, որ ամէն հայու սրբազան պարտքն է մեծն
զօրավարի անմահ յիշատակին առջեւ, կոչ կ’ուղղենք մինչեւ ժամը 17:00- ըլլլալ Վառնայի ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր ինքնաշարժներու շարասիւնը պիտի շարժի դէպի ձեռնարկի վայր»: