ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐ Հ.Մ.Ը.Մ. ՄԱՐԶԻԿ
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԺԻՐԱՅՐ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
< 31 >
Եղբ. Ժիրայր Պոյաճեան ծնած է 22 Հոկտեմբեր 1946-ին, Հալէպ։ 1966-ին ան կը փոխադրուի Պէյրութ եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն կը ստանայ փիլիսոփայութեան Մագիստրոսի աստիճան։ 1976-ին ան կը հաստատուի Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, դառնալով շրջանի հաւատաւոր անդամներէն։ 1979-ին եղբ. Ժիրայր կը հանդիսանայ Սան Ֆեռնանտա Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն։ 1980-1986, ան մաս կը կազմէ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, վերջին երկու տարին վարելով անոր ատենապետութիւնը։ 1987-էն մինչեւ իր անժամանակ մահը՝ 17 Հոկտեմբեր 1991, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ 1989-ին, Նաւասարդեան 14-րդ մարզախաղերուն, եղբ. Ժիրայր կը հռչակուի տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ը։
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
< 32 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի վաստակաշատ ու երախտաշատ դէմքերէն է եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան։ Մէկը, որուն անունը ծանօթներուն համար հոմանիշ է անմնացորդ ծառայութեան, անշահախնդրութեան, արդարամտութեան եւ պարկեշտութեան։
Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է 1940-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Կրթութիւնը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանին եւ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, իսկ կազմաւորումը՝ Էշրէֆիէի Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» ակումբին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ։
Եօթը տարեկանին եղբ. Ժիրայր կը հագուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին սկաուտական կանաչ տարազը։ Այնուհետեւ, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, գայլիկական շապիկին գոյները աստիճանաբար փոխելով, 1966-ին, ան կը հասնի մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի աստիճանին։ Եղբ. Ժիրայր կը մասնակցի Եգիպտոսի համա-արաբական երկիրներու եւ Յունաստանի համաշխարհային սկաուտական ճամպորիներուն։
Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ժիրայր «անկեղծ զինուոր» մը կը հանդիսանայ իր ժողովուրդի արդար դատին ու պայքարին։ Ան մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մինչեւ մահ կը մնայ նուիրեալ կուսակցական, ինքնութեան պահպանումը եւ հայրենիքի գաղափարը դասելով ամէն նկատառումէ վեր։ Եղբօրը՝ Խաժակին հետ ան կը մասնակցի Սան Ֆրանսիքոյի հայ գաղութի կազմութեան եւ ներքին կեանքի կազմակերպման, տասնամեակներ շարունակ իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերելով գաղութին ազգային, հասարակական, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ մարմնակրթական կեանքին ծաղկումին։
Մ. Նահանգներ հաստատուելէ ետք, եղբ. Ժիրայր 1980-ական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրասիսքոյի «Մասիս» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան զանազան յանձնախումբերուն եւ կազմերուն մէջ։ Ան կը մասնակցի շրջանի բազմաթիւ Ներկայացուցչական Ժողովներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն, երկու քառամեակ՝ 1995-1999 եւ 1999-2003 մաս կազմելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Երկրորդ քառամեակին, իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ եւ սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու։
1990-ին, եղբ. Ժիրայր կը նշանակուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Դ. ընդհանուր բանակումի խմբապետ։ 1992-ին, իր կողակիցին՝ Սրբուկին հետ ան կը ստանձնէ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 2015-ին կը հռչակուի տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»։
Եղբ. Ժիրայր մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ։ Ան հիմնած է իր անձնական հաստատութիւնը եւ ասպարէզին մէջ հասած է փայլուն յաջողութեան։ 1968-ին ամուսնացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի պասքեթպոլի օրուան աստղերէն քոյր Սրբուկ Օհաննէսեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք իրենց ծնողներուն օրինակին հետեւելով, այսօր, իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն։
Վարչական իր երկարամեայ գործունէութեան առընթեր, եղբ. Ժիրայր եղած է ազնիւ բարերար մը իր պաշտելի միութեան, կուսակցութեան եւ ժողովուրդին։ Մեծ է իր ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազմաթիւ ձեռնարկներու յաջողութեան։ Իր իշխանական բարերարութեամբ կառուցուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆեռնանտոյի մասնաճիւղին նոր մարզադաշտը, որ կը կրէ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» անունը։ Ան իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման։ Միութեան 100-ամեակին, օրինակելի նուիրատուութեամբ մը, եղբ. Ժիրայր հիմը դրած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Եկամտաբեր հիմնադրամ»ին։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է միութենական բազմաթիւ հրատարակութիւններու։ Ազգային իր պարտականութիւնը երբեք չէ զլացած Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ Հայ Դատին վերաբերող ծրագիրներու։
Միութենական բազմավաստակ ծառայութիւններուն համար եղբ. Ժիրայր պարգեւատրուած է բազմիցս։ 1998-ին, ան մասնաճիւղին կողմէ արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2004-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։
Հայրենիքին ի նպաստ իր կատարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք, եղբ. Ժիրայր 2002-ին պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Ոսկեայ Շուշանածաղիկ» շքանշանով։ Նոյն տարին ան արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան «Ոսկեայ» յուշամետալին։
Եղբ. Ժիրայր իր մահկանացուն կնքեց 21 Օգոստոս 2002-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Մ. Նահանգներ։
Տարածենք
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
< 33 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու ամէնէն նշանաւոր ու վաստակաւոր դէմքն է եղբ. Ժոզէֆ Նալպանտեան։ Իբրեւ մարզիկ, մարզիչ եւ վարչական պատասխանատու յաղթանակի փառաւոր տասնամեակներ կերտած անկրկնելի տիպար մը, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ լիբանանեան ֆութպոլի վերելքին։
Եղբ. Ժոզէֆ Նալպանտեան կը ծնի 1919-ին եւ կանուխէն կը ճաշակէ որբութեան դառնութիւնները։ «Բախտը կը ժպտի» եւ ան կը փրկուի ստոյգ մահէ, ամէնէն սարսափելի չարչարանքները ճանչնալէ։ Կը վերապրի հայրենի հողէն հեռու, հեռու այն երկրէն, ուր հիմը դրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
Ռըմէյլի համեստ թաղերուն մէջ հասակ առած պատանի Ժոզէֆը աչքերը կը բանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի առաջին քայլերով։ Ան կը հմայուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի ֆութպոլի խումբին յաջողութիւններով։ 1930-ական տարիներու սկիզբը, Դամասկոսի խումբը շաբաթական Պէյրութ կու գար մրցելու լիբանանեան խումբերու դէմ։ Խումբին աստղերը կը կոչուէին Երուանդ (բերդապահ), Զաւէն, Եղիշ, Օղլաքեան, Սաաթճի (յետսապահներ), Օննիկ (միջնապահ), Կարապետ (ձախ ծայր) Արմէն (ձախ մէջտեղ), Մելիքոֆ (կեդրոն), Ֆերտինան (աջ ծայր) եւ այլն։ Ֆութպոլը կ’ըլլայ իր աշխարհը, իսկ բերդապահի դիրքը՝ իր նախընտրութիւնը։
1934-ին եղբ. Ժոզէֆին կը վստահուի դպրոցին՝ Սաժէսի ֆութպոլի խումբին բերդապահի պարտականութիւնը։ 17 տարեկանին լիբանանեան մամուլը արդէն կը խօսի խոստմնալից մարզիկի մը մասին, որ նոյն տարին կը հրաւիրուի Լիբանանի ազգային հաւաքական եւ կը մրցի Վիեննայի նշանաւոր Ատմիրա խումբին դէմ։ Մրցումին ընթացքին ան հրաշքներ կը գործէ եւ ֆրանսական «Օթօ տը Ֆրանս»ը (ապագայի «Լեքիփ»ը) մեծապէս կը դրուատէ զայն։
Քանի մը ամիս ետք, եղբ. Ժոզէֆ դարձեալ կը հրաւիրուի ֆութպոլի հաւաքական, այս անգամ ռումանական երկու խումբի եւ յունական խումբի մը դէմ խաղալու համար։ Այդ օրերուն, Լիբանանի հաւաքականին մաս կազմող միակ հայն էր ան։
Արաբական դպրոց յաճախած եւ ամբողջութեամբ արաբական շրջանակի մէջ հասակ առած երիտասարդ Ժոզէֆին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը գրաւիչ շատ բան ունէր իր մէջ, սակայն կեանքի պարտադրանքները ճակատագիրը կը տնօրինեն այլ ձեւով։ 1938-ին, հազիւ ուսումը աւարտած, ան մաս կը կազմէ Տէ.Աշ.Փէ. խումբին, որ գործ կ’ապահովէ իրեն, Եղիշին եւ Սաաթճիին։ Տէ.Աշ.Փէ.ն Դամասկոս-Համա երկաթուղագիծի ընկերութեան խումբն էր, որուն հետ Ժոզէֆ Լիբանանի ախոյեանութիւնը կը շահի յաջորդաբար երեք տարի, 1937-1940։
Ժոզէֆ Նալպանտեան Տէ.Աշ.Փէ.ին մաս կը կազմէ մինչեւ 1944։ Այդ տարին Հ.Մ.Ը.Մ. կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան, սակայն կը դիմագրաւէ ներքին դժուարութիւն մը, իր եօթը ֆութպոլիստներուն «Բաղրամեան» խումբին միացումով։ Ներգաղթի եւ ներազգային տագնապի տարիներ էին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տկարացումը նպատակ էր համայնավար շրջանակներու համար, իսկ ֆութպոլը միջոց էր այդ նպատակին հասնելու համար։ Նալպանտեան կը զգայ վտանգը, ականջ կու տայ ներքին ձայնին եւ կ’ուզէ անպայման ըլլալ իր սիրելի խումբին կողքին։ «Բախտը կը ժպտի» դարձեալ եւ այդ օրերուն Տէ.Աշ.Փէ. խումբը կը լուծուի, իսկ Սաժէս խումբն ալ դուրս կը դրուի ֆետերասիոնէն։ Նալպանտեան անվարան կը դիմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ 1944-1945 տարեշրջանէն սկսեալ կը սկսի կրել «դեղին սատանաներ»ուն շապիկը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, Ժոզէֆ Նալպանտեան խմբակիցներ կ’ունենայ Սաաթճին, Եղիշը (յետսապահներ), Վարդանը (աջ յետսապահ), Կիրակոսը (ձախ յետսապահ), Յովհաննէսը (միջնապահ), Սարգիս Ազնաւուրեանը, Վարդիվառ Յովհաննէսեանը, Մանուէլ Ալթունեանը, Ստեփան Մելիքսէթեանը եւ ուրիշներ։ Յաջողութիւնները կը յաջորդեն իրարու։ Այս միջոցին, Նալպանտեան հայերէնի անձնական դասեր կը ստանայ խմբակից Ստեփան Մելիքսէթեանէն եւ 25 տարեկանին ետք հայերէն գրել-կարդալ կը սորվի շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ ֆութպոլի ժողովներուն կը պարտադրէր միայն հայերէն խօսիլ։
Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ, Ժոզէֆ Նալպանտեանի առաջին յաջողութիւնը կ’ըլլայ 1945-1946 տարեշրջանին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան նուաճումը։ Երկու տարի ետք նուաճումը կը կրկնուի եւ խումբը կը տիրանայ նաեւ Լիբանանի բաժակին եւ միջ-մասնաճիւղային խաղերու ախոյեանութեան։
Երեք տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին մաս կազմելէ եւ ախոյեանական երկու տիտղոսի տիրանալէ ետք, 1948-ին, Ժոզէֆ Նալպանտեան կը հրաւիրուի ստանձնելու խումբին մարզիչի պատասխանատուութիւնը։ Սկզբնական հանգրուանին իրեն կ’օժանդակեն ֆութպոլի իր կուռքերը՝ Սաաթճին, Եղիշը եւ երիտասարդ Վարդիվառ Յովհաննէսեանը։ 1950-ին, ան մարզումի դասընթացքի մը կը հետեւի Ֆրանսայի մէջ։ Կը կատարելագործէ իր գիտելիքները եւ կը հարստացնէ Տէ.Աշ.Փէ.ի հունգարացի մարզիչ Հերզընկըրէն իր սորվածները։ 1952-ին, ան Ֆրանսա կը մեկնի մարզումի երկրորդ դասընթացքի մը համար եւ վերադարձին կատարելապէս կը տիրապետէ ֆութպոլի բոլոր գաղտնիքներուն։
Մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը նուաճէ նոր որակ եւ մակարդակ։ Նալպանտեան խումբը կը գլխաւորէ 25 տարի շարունակ, աննման խումբ մը խաղացողներով միութեան ապահովելով ախոյեանական չորս տիտղոս (1951, 1955, 1963, 1969), Լիբանանի բաժակ (1962), «Ապի Շահլա» մրցաշարքի ինը առաջնութիւն եւ «Էտմոն Ռըպէյզ» մրցաշարքի երկու ախոյեանութիւն։ 1970-ին, իր գլխաւորութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւնները աննկատ չեն անցնիր Լիբանանի ֆութպոլի պատասխանատուներէն, որոնք Ժոզէֆ Նալպանտեանը կը հրաւիրեն մարզելու Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը։ Նալպանտեան հաւաքականը կը մարզէ 1960-1970։
Մարզական իր գործունէութեան առընթեր, Ժոզէֆ Նալպանտեան կ’ունենայ վարչական բեղուն կեանք։ 1946-ին ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի ֆութպոլի յանձնախումբին։ 1951-1964 ան մասնաճիւղի վարչական է, 1962-ին եւ 1963-ին ատենապետի պաշտօնով։ 1965-1971, երեք շրջան, ան անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, 1975-1990, պատճառ կը դառնայ որ ֆութպոլն ու մարզական կեանքը ծանր հարուած ստանան երկրին մէջ։ Խումբերու գործունէութիւնը կը դադրի։ Կը շարունակէ գործել Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որուն՝ Նալպանտեան երկար տարիներ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչի հանգամանքով։ Իբրեւ ֆետերասիոնի անդամ, ան Լիբանանը կը ներկայացնէ բազմաթիւ մրցաշարքերու։ Կը հաստատէ ծանօթութիւններու լայն շրջանակ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը ներկայացնէ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ, արժանանալով օտարներու տեւական գնահատանքին։
Ժոզէֆ Նալպանտեան կեանքին հրաժեշտ կու տայ 1 Յունուար 1990-ին, 71 տարեկանին, իր ետին ձգելով փայլուն ֆութպոլիստի, հեղինակաւոր մարզիչի եւ հմուտ վարչագէտի անուն եւ հռչակ։
Տարածենք
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԼԵՒՈՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
< 34 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու ոսկեայ սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն է եղբ. Լեւոն Ալթունեանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ուստա»ն, որ 1952-1973 մեծ դեր ունեցաւ լիբանանեան ֆութպոլի զարգացման մէջ։ Իր խմբակիցներուն՝ «Ճոքի»ին (Յովհաննէս Յուսամեան), Մեծ ու Փոքր Աբոներուն (Աբօ Գասապեան, Աբօ Նէնէճեան), եղբօրը՝ Մանուէլին, Միկէին (Մկրտիչ Մկրտիչեան), Ռաղէպին, Զաւիկին, Սամիկին, Բարսեղին եւ մնացեալ խմբակիցներուն հետ, եղբ. Լեւոն եղաւ ու մինչեւ վերջ մնաց հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, տիպար ֆութպոլիստ, խոնարհ ու ազնիւ մարդ։
Եղբ. Լեւոն Ալթունեան ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1936-ին, Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն ան սկսած է ֆութպոլ խաղալ։ 16 տարեկանին հանդէս եկած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբէն, հետեւելով իր երէց եղբօր՝ Մանուէլի օրինակին։
Առաջին մրցումը ան կատարած է Ռասինկի դէմ։ Այդ մրցումին, իբրեւ պահեստի մարզիկ, եղբ. Լեւոն դաշտ ներկայացած է երկրորդ կիսախաղին, երբ խումբը պարտուած է 1-0 արդիւնքով։ Շնորհիւ սակայն իր արագ ու տպաւորիչ խաղարկութեան, ան նշանակած է երկու կոլ, իսկ եղբայրը՝ Մանուէլ մէկ կոլ, 3-1 արդիւնքով արդար յաղթանակ մը ապահովելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Այնուհետեւ, ան Լիբանանի ֆութպոլի պատմութիւն մուտք գործած է լայն դռնէն, դառնալով բոլոր ժամանակներու լաւագոյն միջնապահներէն ու ապա՝ աջ ծայրի «ռմբարկուներէն» մէկը։
Եղբ. Լեւոն 21 տարեկանին, 1957-ին, մասնակցած է Պէյրութի միջ-արաբական խաղերուն եւ նշանակած է երկու կոլ, Լիբանանին ապահովելով մրցաշարքին պատուաբեր երրորդ դիրքը։ 1963-ին, ֆութպոլի արաբական երկիրներու ախոյեանութեան, ան գլխաւորած է Լիբանանի ազգային խումբը։ Եղած է խումբին խմբապետը եւ նշանակած է 6 կոլ, Լիբանանին անգամ մը եւս ապահովելով պրոնզէ մետալ։
Եղբ. Լեւոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչական խումբին եւ մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիրացած է երեք անգամ.- 1954-1955, 1962-1963 եւ 1968-1969 տարեշրջաններուն։ Լիբանանի բաժակակիր դարձած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Լիբանանի լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացած է 1962-1963 եւ 1966-1967 տարեշրջաններուն։ 1970-ին, իր խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը։
Եղբ. Լեւոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը կրած է 21 տարի շարունակ։ Վերջին մրցումը ան կատարած է 1973-ին, Նըժմէի դէմ, Հապիպ Ապի Շահլա մրցաշարքին։ Այդ օրը «Ուստա»ն նշանակած է մրցումին միակ կոլը։ Եղբ. Լեւոնին բազմաթիւ առիթներ ներկայացած են մաս կազմելու եւրոպական խումբերու, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր պաշտած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ֆութպոլիստի ամբողջ կեանքը անցընելով անոր յարկին տակ։ Պատահած է, որ Ռասինկ ակումբը միջազգային իր կարգ մը մրցումներուն համար եղբ. Լեւոնը փոխ առնէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն։ Ռասինկին հետ եղբ. Լեւոն 1960-ական տարիներուն հանդէս եկած է Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ։
Ֆութպոլիստի ասպարէզին հրաժեշտ տալէ ետք, շրջան մը եղբ. Լեւոն մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի յանձնախումբին։
Եղբ. Լեւոն կը մահանայ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, իր ետին ձգելով մարզական փառաւոր պատմութիւն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաղթանակներու բերկրանք ու հպարտութիւն։
Տարածենք
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԼԵՒՈՆ ԳԱՅԵԱՆ
< 35 >
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի հիմնադիրներէն եղբ. Լեւոն Գայեան կը ծնի Ատանա, 20-րդ դարու սկիզբը։ Հազիւ 13 տարեկան ան մաս կը կազմէ Հայ Արիներու Միութեան՝ Ատանայի մէջ։
1921-ին, Կիլիկիոյ պարպումին պատճառով, ծնողներուն հետ կ՚անցնի Սուրիա, նախ՝ Հալէպ, Տէր Զօր, Դամասկոս, ապա վերադարձ կրկին հայրենի օճախ՝ Ատանա։ 1922-ին փոխադրութիւն Իզմիր եւ Իզմիրի աղէտէն ետք, հազարաւոր գաղթականներու ճակատագիրին հետ վերջնական կայք Յունաստան, Աթէնք։
Հազիւ ոտք դրած Յունաստանի ափը, եղբ. Լեւոնի առջեւ կը բացուի իր սիրած սկաուտական գործունէութեան լայն դաշտ մը։ Ատանացի քանի մը սկաուտներու հետ 1923-ին կը կազմէ արիներու խումբ մը ու կը դառնայ շեփորահարներու վարիչ, երբ տակաւին Հ.Մ.Ը.Մ.ը չէր հիմնուած Յունաստանի մէջ։ Յաջորդ տարին, եղբ. Լեւոն կը դառնայ Ֆիքսի հայ արիներու խմբապետ, իսկ 1925-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամ, շնորհիւ եղբայր Մկրտիչ Մամուլեանի։ Այսպէսով ան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի նորակազմ մասնաճիւղի վարչական մինչեւ 1929, երբ կը մեկնի Արժանթին, ուր մինչեւ 1935 կ՚ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական եւ վարչական գործունէութիւն։ Այնուհետեւ կը վերադառնայ Աթէնք եւ դարձեալ կը ստանձնէ տեղւոյն սկաուտական խումբերուն պատասխանատուութիւնը։
Երկրորդ Աշխարհամարտը իր աւերը կը գործէ ամէն կողմ։ Շատ մը բաներու հետ կանգ կ՚առնէ նաեւ սկաուտական գործունէութիւնը, վերսկսելու համար 1945-ին, երբ եղբ. Լեւոն Դարձեալ սկաուտական խումբերու կազմակերպման աշխատանքներուն կը լծուի։
1969-ին, Աթէնքի մէջ, հանդիսութեամբ մը կը նշուի սկաուտական իր գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։
1955-էն սկսեալ, քսան տարի, եղբ. Լեւոն կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։
1980-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ներկայացուցչական Ժողովը ի վարձատրութիւն տարիներու իր անձնուէր ծառայութեան, իրեն կը շնորհէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի պատուակալ նախագահի տիտղոսը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը նկատի ունենալով եղբ. Լեւոնի անձը, գործն ու վաստակը, 1978-ին զինք կը պատուէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։
Եղբ. Լեւոն շուրջ եօթը տասնամեակ հաւատարմօրէն ու անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ իրեն այնքան պաշտելի միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու անոր ճամբով հայ ժողովուրդին։ Սկաուտիզմը կը հանդիսանայ իր ամէնէն սիրած մարզը, որուն միջոցով ան սերունդներ կը դաստիարակէ։ Ան իր ամբողջ կեանքը կ՚ապրի հայութեամբ ու հայութեան տագնապներով՝ զանոնք խտացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան ու անոր առաջադրանքներու դրսեւորման մէջ։ Կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ներկայացուցչական եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Պատգամաւորական գրեթէ բոլոր ժողովներուն։
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ան քաջութիւնը կ՚ունենայ 1994-ին մասնակցելու նաեւ Հայաստանի մէջ կայացած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Ե. բանակումին։ Երեւանի «Ազատութեան», հրապարակի սկաուտական տողանցքին մասնակցելով՝ ան կը հասնի իր կեանքի տարիներու մարզին։
Եղբ. Լեւոն Գայեան կը մահանայ Փետրուար 1995-ին։
Տարածենք
❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖❖
ԼԵՒՈՆ ՊԱՊԼՈՒԶԵԱՆ
< 36 >
Զէյթունցի Լեւոն Պապլուզեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կեանքի վաստակաշատ դէմքերէն մէկն է, որուն երախտագիտութեամբ կը յիշեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջաններու երէց սերունդի ներկայացուցիչները։
1933-1957, եղբ. Լեւոն Պապլուզեան կը հանդիսանայ Սուրիոյ սկաուտական շարժումի կեդրոնական դէմքերէն մէկը՝ արժանանալով հայ թէ արաբ սկաուտներու յարգանքին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կարգապահութիւնը, հնազանդութիւնն ու նուիրումը այլոց օրինակ կը դառնայ եղբ. Պապլուզեանի երկաթեայ կարգապահութեան շնորհիւ։
1957-ին, եղբ. Լեւոն Պապլուզեան կը հաստատուի Արեւելեան Մ. Նահանգներ եւ մաս կը կազմէ «Արթըր Տը Լիթըլ» ճարտարագիտական ընկերութեան։ Շուտով, ան ամերիկեան շրջանակներու մեծ գնահատանքին կ’արժանանայ NASA-ի անջրպետական հետազօտութիւններուն իր բերած մասնակցութեան համար։ Իր կարգ մը գիւտերը կ’օգտագործուին դէպի լուսին անջրպետագնացութեան համար
Եղբ. Լեւոն Պապլուզեան եղաւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, քաղաքացի մը, օրինակելի ամուսին մը, գուրգուրոտ հայր մը եւ անզուգական ընկեր մը, որուն համար հայութիւնը մնաց ամէն արժէքէ վեր։ Հազարաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ Միջին Արեւելքի թէ Մ. Նահանգներու մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկական թէ սկաուտական շարքերէն անցած, հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց սկաուտապետին՝ Լեւոն Պապլուզեանի անունը, որուն կը յիշատակին կը նուիրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի միջ-մասնաճիւղային 17-րդ մարզախաղերը։
Եղբ. Լեւոն Պապլուզեան կը մահանայ 11 Հոկտեմբեր 1979-ին։
Տարածենք