ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- 12 Յուլիսին, Վատիկանի պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլի Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային Ա. պատերազմին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ հետեւեալ ձեւակերպումով. «Այդ համաշխարհային հակամարտութիւնը կարելի դարձուց այն բաները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ սարսափով կը պատէ՝ զանգուածային կոտորածներ, որոնց զոհ գնաց հայ բնակչութիւնը. անիկա հասաւ այն աստիճանի, որ նոր, մինչեւ այդ որեւէ բառարանի մէջ գոյութիւն չունեցող բառ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւն յառաջացուց՝ «ցեղասպանութիւն», որ այսօր, դժբախտաբար, ներկայ բառապաշարին մաս կը կազմէ»:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն՝ 13 Յուլիսին, Իտալիոյ հեղինակաւոր «Մեսաճերօ» թերթը հետեւեալ խորագիրով անդրադարձած է լուրին՝ «Կարդինալ Փարոլի Կը Կշտամբէ Ժխտողները. 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատմական Փաստ Է»: Լուրին մէջ կը նշուի. «Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 103 տարի ետք յամառօրէն կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլի, առանց երկբայելու, կը դատապարտէ այդ օրերու օսմանեան կառավարութիւնը, հայ փոքրամասնութիւնը բնաջնջելու ծրագիրին համար»: