ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 26 Յունիսին ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու շարունակական խորացման ու սերտացման կարեւորութիւնը եւ այս պարունակին մէջ անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողական է ժողովրդավարութեան զարգացման, դատաիրաւական համակարգի արմատական բարեփոխութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ շարունակական քայլերու, ծրագիրներու իրականացման առումով՝ հաստատելով, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:
Թոյվօ Քլաար նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մնայուն զարգացումը եւ պատրաստ է շարունակելու օժանդակել Հայաստանին՝ զանազան ոլորտներու մէջ յառաջընթաց արձանագրելու առումով:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան տագնապի լուծումը կը պատկերացնէ բացառապէս խաղաղ ուղիով եւ հաւատարիմ է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի ծիրին մէջ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին:
Անոնք միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային հարցերուն եւ զարգացումներուն վերաբերեալ։