Եւրոպական Միութինը Կը Խոստանայ Օժանդակել Լիբանանին` Պայմանով Որ Կառավարութիւնը Յանձնառու Մնայ Բարեկարգումներու Գործադրութեան
Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ներկայութեամբ կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարիքը ունի կեդրոնանալու տնտեսական տագնապը լուծելու թղթածրարներուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիմնական եւ էական բարեկարգումներ մշակելու` բարելաւելու համար երկրին իրավիճակը:
Թրաֆ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, եթէ ան յանձնառու մնայ բարեկարգումներու գործադրութեան:
Թրաֆ շեշտեց շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի կեցուածքի պահպանման կարեւորութիւնը:
«Մենք պիտի հսկենք Լիբանանի կառավարութեան քաղաքական դիրքաւորումին», ըսաւ ան` մերժելով մեկնաբանել կառավարութեան միագոյն կամ Հըզպալլայի կառավարութիւն ըլլալու արտայայտութիւնները:
Տիապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Շմուց յաջողութիւն մաղթեց նորակազմ կառավարութեան` նշելով, որ Զուիցերիոյ համար կարեւոր է, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր իրաւունքները ստանայ:
Ան հաստատեց, որ իրենք իբրեւ առաջնահերթութիւն կը զօրակցին Լիբանանի դատական համակարգին եւ կը փափաքին զայն աւելի անկախ տեսնել:
«Տիապի կառավարութիւնը կարեւոր աշխատանքի դիմաց կը գտնուի, իսկ Զուիցերիա պատրաստ է օժանդակելու անոր, որպէսզի այդ աշխատանքը կատարէ` ընդառաջելով ժողովուրդին պահանջներուն եւ ապահովելով երկրին անհրաժեշտ կարիքները», ըսաւ ան:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռամփլինկ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի համար կարեւոր քայլ մըն է` աւելցնելով, որ Բրիտանիա կառչած մնացած է աշխուժ, թափանցիկ եւ լիբանանցիներուն ձգտումները ամբողջացնող կառավարութիւն մը կազմելու իր կոչին:
«Լիբանանի օժանդակող երկիրներու շարքին Բրիտանիան եւս պատրաստ է զօրակցելու Լիբանանին, սակայն կ՛ակնկալէ, որ նորակազմ կառավարութիւնը յանձնառու մնայ այն բարեկարգումներուն, որոնց Լիբանան խիստ կարիք ունի», ըսաւ ան:
Տիապի այցելեցին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար, աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմին, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի եւ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա:
Նշենք, որ Տիապի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբը վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տիապի նախագահութեամբ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 11:30:
Յանձնախումբին նիստը դադար պիտի առնէ կէսօրուան նամազի ընթացքին, որմէ ետք պիտի շարունակուի կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: