Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիներուն հետ, կառավարութեան շէնքին մէջ:
Վարչապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումին, տարբեր դաշտերու մէջ կառավարութեան դիմած զանազան քայլերուն:
Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները յայտնեցին իրենց պատկերացումը եւ առաջարկները:
Մտքերու փոխանակումէն ետք, կողմերը փափաք յայտնեցին շարունակել նմանօրինակ հանդիպումները: