ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ՆԱԹՕի գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Չորեքշաբթի, 11 Յուլիսին, Պրիւքսէլ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը հանդիպեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Հանդիպումը տեւեց շուրջ կէս ժամ: Կողմերը քննարկեցին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան նախագահ Մաքրոնին յայտնեց, թէ Ֆրանքոֆոնիայի (Ֆրանսախօս երկիրներու) վեհաժողովի ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի տնտեսական բաղադրիչին։ Արդարեւ, այդ ծիրին մէջ կը նախատեսուի իրականացնել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու եւ գործատուներու համաժողով, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել ֆրանսախօս երկիրներու գործարարներու ցանց:
Նախագահ Մաքրոն, իր կարգին, կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն խաղաղ ու ժողովրդավարական ճանապարհով հանգուցալուծումը: Ան ընդգծեց, թէ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Արցախի հակամարտութեան եւ շեշտեցին անոր կարգաւորումը խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի ծիրէն ներս:
Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք Փաշինեան մեկնեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի շէնքը, ուր հանդիպեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, վարչապետի խորհրդական Արսէն Խառատեան, արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան: