Վարուժ Թէնպէլեան -ՀԱՅ ԵՄ
Ապրիլ 24 մը եւս անցաւ:
Հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ ոգեկոչեց եւ խոնարհեցաւ իր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Մինչեւ հոս, շա՛տ լաւ:
Առնուազն քանի մը օր յիշեցինք ու նշեցինք՝ սպասելով յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 24ին…եւ մէկ տարի ետք՝ յաջորդ Ապրիլ 24ին:
Յետո՞յ…
Ենթադրութիւն մը:
Ենթադրենք որ գալ տարի հայկական կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին, ինչ ինչ պատճառներով, որոշեն ձեռնակներ չծրագրել ու չկազմակերպել…ո՛չ քայլարշաւ, ո՛չ պատարագ ու հոգեհանգիստ, ո՛չ դասախօսութիւն ու հսկում…բայց Ապրիլ 24ը մնայ արձակուրդի օր…ի՞նչ պիտի ընէ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը:
Պիտի չուզէինք պատասխանել այս ենթադրական հարցումին՝ մեկնելով տարուան մնացեալ օրերու տխուր պատկերէն:
104 տարի անցած է մեր ազգային պատմութեան մեծագոյն աղէտէն եւ կենդանի վերապրողներ չկան այլեւս: Չկան մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնք իրենց պատումներով պիտի յուշէին աղէտն ու տառապանքը եւ ցասումով ու վրէժի զգացումով թրծէին մեր հոգիները: Եաթաղաններու, բռնաբարունմերու, սպանութիւններու, առեւանգումներու արհաւիրքը, Եփրատն ու Տիգրիսը, Տէր Զօրը, տարագրութունը, ծարաւն ու քաղցը, մէկ խօսքով՝ 1,5 միլիոն հայերու արեան ծովը, որ ողողեց Հայաստան աշխարհը՝ առօրեայ յուշ էր զոր կը լսէինք գրեթէ ամէն օր:
104 տարի ետք, ո՞վ պիտի պատմէ մեր զաւակներուն ու թոռներուն եւ ծոռերուն՝ ցեղասպանութեան ապրուած արհաւիրքին մասին: Վերապրողներ չկան այլեւս, բայց թերեւս առարկուի որ կան յուշագրութիւններ եւ վկայագրութիւններ…բայց բոլորը կան գրադարաններու մէջ…եւ Ապրիլ 24երուն յայտնուող ճառախօսներու խօսքերուն մէջ…
Հաւատացէ՛ք որ ցեղասպանը ամէնէն աւելի կը տագնապի հայ ժողովուրդի յիշողութեան սերունդէ սերունդ փոխանցումով եւ այդ յիշողութեան կայտառութեամբ, որ նոյնիսկ կրնայ վարակել մերօրեայ թուրք մտաւորականներ եւ թերեւս նաեւ՝ թուրք ժողովուրդը:
Այդ յիշողութիւնը սպաննելու համար ահաբեկեցին Հրանտ Տինքը:
104 տարի անցած է եւ սկսած ենք հեռանալ մեր յիշողութեան դաշտերէն, բացի եթէ որոշենք վերապրեցնել մեր վերապրողները՝ զանոնք դարձնելով առօրեայ ներկայութիւն նորահաս սերունդներու կեանքին մէջ:
Մեր վերապրող մեծ հայրերուն եւ մայրերուն օրով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը նաեւ անձնական դատ էր իւրաքանչիւրիս համար, երբ գրեթէ ամէն մէկ հայ ընտանիքի մէջ զոհերու պատմութիւն, յիշատակ եւ յիշողութիւն կար:
Արդ, վերապրեցնենք նաեւ մեր անձնական դատը:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին կան բազմաթիւ դրուագներ, բայց ժամանակը չէ՞ հասած որ ունենանք Հայոց Ցեղասպանութեան դասագիրք եւ ամէն տարիքի յարմար Հայոց Ցեղասպանութիւն պատմագիրքեր եւ հաւանաբար՝ աշխարհի բոլոր լեզուներով:
Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞, որ դադրեցնենք ճիգ ու դրամի վատնում՝ վերահրատարակելով չկարդացուող գիրքեր:
Արդեօք ժամանակը հասած չէ որ վերապրեցնենք մեր յիշողութիւնը՝ պատրաստելով, հրատարակելով եւ ժողովրդականացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութիւնը:
Արդեօք ժամանակը չէ հասած որ հայոց պատմութեան մեր դասագիրքերը ունենան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բաժիններ՝ բոլոր դասարաններու պարագային:
Իսկապէ՛ս, վերակենդանացնենք ցեղասպանութեան յիշողութիւնը՝ ստեղծելով համապատասխան գրականութիւն եւ վերապրեցնելով վերապրողները: