«Պահեցի՛նք կտակը եւ գրեթէ շրջանցեցինք Դիմադրութեան դէմ շրջանային դառնագոյն պատերազմը», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ: «Պահեցինք կտակը» խորագիրով Հըզպալլայի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային եւ տեղական, քաղաքական իրավիճակին, յատկապէս նաւթահորերու հարցին, երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրապայքարին եւ առնչակից հարցերու:
«Կը թուի, թէ ամբողջ շրջանը ներմղուած է կազի ու նաւթի պայքարին մէջ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` ընդգծելով, որ լիբանանեան պետութիւնն է, որ կրնայ պաշտպանել իր ծովային, ցամաքային, թէ օդային սահմանները: Լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնեն, որ «սատանաները երկպառակութիւն յառաջացնեն լիբանանեան կողմերուն միջեւ»: Նասրալլա շեշտեց միջլիբանանեան ներքին միասնականութեան կարեւորութիւնը: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շրջանային ու միջազգային ծաւալապաշտ տնտեսական ախորժակներու վերագրեց շեշտուող հետաքրքրութիւնը արտաքին կողմերուն մօտ: Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ օգտուիլ նախագահ Թրամփի իշխանութենէն, նաւթային առաւելագոյն շահեր ապահովել եւ Կոլանի բարձունքները միացնել Իսրայէլին:
«Երբ Իսրայէլ գրաւեց հարաւային Լիբանանը, ոմանք նկատեցին, որ ատիկա զիրենք չի հետաքրքրեր, այսօր Հարաւի մէջ նաւթային բնական հարստութիւնը Լիբանանի, բոլոր լիբանանցիներուն հարստութիւնն է», շեշտեց Նասրալլա` ժողովուրդին կեանքը խոստմնալից հունի մէջ դնող հարստութիւն որակելով 9-րդ նաւթահորը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տագնապին կիզակէտը ոչ թէ ցամաքային սահմաններն են, այլ` ծովային սահմանները, տնտեսական տարածքը եւ ջուրերը: «Ամերիկա կ՛ուզէ մեզի շնորհել ցամաքային «դիւրին» իրաւունքը` փոխարէնը փորձելով մեզմէ խլել մեր ծովային ջուրերու «դժուար» իրաւունքը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա: Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանագիծի ուղղութեամբ Իսրայէլ սկսած է պատնէշի կառուցման, որ տակաւին չէ հասած լիբանանեան սահմաններուն ու երբ հասնի, հարցը ա՛յն ատեն կը սկսի, եւ «Լիբանան վճռած է պայքարիլ անոր դէմ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Այս գծով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը միասնականութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, «որովհետեւ անիկա կարեւորագոյն գործօնն է նուաճումի իրագործման` այս պայքարին մէջ»: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի զօրակցի լիբանանեան պետութեան, որուն վերապահուած է երկրի ծովային, ցամաքային եւ օդային սահմաններու պաշտպանութիւնը: Սէյիտ Հասան Նասրալլա քննադատեց ամերիկեան վարչամեքենան, «որ կ՛արգելակէ լիբանանեան բանակի հզօրացումը` զլանալով զայն նոր ու արդիական կազմածներով ու զինամթերքով օժտել: «Ամերիկացիք Իսրայէլի իրաւաբաններն են, եւ մի՛ յուսադրուիք ամերիկեան այս միջնորդութեամբ ու մի՛ ընդառաջէք անոնց սպառնալիքներուն, քանզի անոնք կը գործեն ի նպաստ Իսրայէլի շահերուն», ընդգծեց Նասրալլա:
Անդրադառնալով երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութեանց` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը «արդար» որակեց լիբանանեան ընտրական նոր օրէնքը, զայն նկատելով երկրի քաղաքական կարեւորագոյն իրագործումը վերջին տասնամեակներուն: Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլա կ՛ուզէ մեծամասնութիւն ապահովել յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ` նշելով, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը վճռած են իրենց ընտրական դիրքորոշումը ամիսներ առաջ: Ընտրական դաշինքներուն վերաբերեալ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, թէ Հըզպալլա իր կեցուածքը վճռած է Ամալ շարժումին հետ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշինք չկայ: Մուսթաքպալ հոսանքին գծով Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա կոչ ուղղեց հանգստանալու, որովհետեւ ոչ ոք կոչ ուղղած է ընտրական դաշինք կնքելու այդ հոսանքին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ Հըզպալլայի դաշինքը հաստատ ու ամուր է եւ այդ կապը չի խախտիր: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ քննարկումը բաց է ընտրական դաշինք գոյացնելու առնչութեամբ, նկատել տուաւ Հըզպալլայի ղեկավարը: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի կամ երեքշաբթի պիտի յայտարարէ Հըզպալլայի ընտրացանկը: