(402)
Յակոբ Միքայէլեան
Շատ ուշացաւ, ամբողջ 12 տարի, սակայն փապուղիին ծայրէն լոյսը երեւաց: Ամբողջ տասըներկու տարի Սուրիոյ պատերազմը եւ անոր թողած անմարդկային հետքերը վերանալու աւետիսը պիտի տան կարծես վերջերս իրար յաջորդող երեւոյթները: Սուրիոյ դէմ դիրք բռնած կարգ մը արաբական պետութիւններու աղետեալ գօտիներու օգնութեան փութալու աշխատանքներն ու օժանդակութեանց ընկերացող պետական անձնաւորութիւնները, որոնք թէեւ երկրաշարժին հետեւանքներուն հետ կապուեցան, սակայն խորքին մէջ երկրաշարժը շարժառիթ դարձաւ որ վերջապէս վերանային իրենց բռնած ոչ բարեկամական կեցուածքներն ու նոր էջ բանան Սուրիոյ հետ:
Արեւմուտքի «Յանուն տէմոքրասիի» շղթայազերծած պատերազմը, արաբական երկիրներու կրաւորական կեցուածքով թէ ուղղակի մեղսակցութեամբ, դրախտանման Սուրիան վերածեց աւերակ դժոխքի: Մարդ հարց տայ՝ «Ի՞նչ տէմոքրասիի մասին է ձեր լոզունգը, ձեւակա՞ն թէ արդար: Դուք գիտէ՞ք թէ ըստ ձեր կարծիքին «դժբախտ» Սուրիան լրիւ ինքնաբաւ երկիր էր, ուր կար կեանքի ապահովութիւն, առատ եւ մատչելի սննդեղէն , ուր գրեթէ անգործ մարդ չկար, ուր մուրացկանութիւնը արգիլուած էր, ուր ուսումը պետական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առաջին դասարանէն, մինչեւ համալսարան եւ դոկտորական ձրի էր, ուր յարգուած էին փոքրամասնութիւններու իրաւունքները…» յատկապէս հայկական համայնքը իր բազմաթիւ եկեղեցիներով, դպրոցներով, միութիւններով, ակումբներով եւ հասարակական կառոյցներով:
Ի՞նչ ըրիք մարդի՛կ, այսպիսի երկիր մը քար ու քանդ կ՛ընե՞ն, հարիւր հազարաւոր կեանքեր կը խլե՞ն, միլիոններ արտագաղթելու ստիպողութեան տակ կը դնե՞ն ու օր ցերեկով երկրին բարիքները՝ նաֆթ, ցորեն, ձէթ, գործարաններու նոր բերուած մեքենաներ… կը գողնան կը տանի՞ն: Նայեցէք քարտէսին, քանի տեղէ ներխուժուած ու գրաւուած է, ինչ-ինչ պատրուակներով կը մտնեն երկիրդ ու մէյ մըն ալ չեն ելլեր ու յատուկ աշխատանք կը տանին գրաւուած տարածքներուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը փոխելու: Տոլարը 50 էր, եղաւ 6000 … այսինքն 120-պատիկ… խօսքով դիւրին է, դուք պաշտօնեային հարցուցէք, որուն ամսականը պատերազմէն առաջ եթէ 400 տոլարի հաւասար էր, այսօր 40 տոլարէն ալ պակաս է. ինչպէ՞ս ապրի: Ելեկտրականութեան, վարելանիւթի՝ կազի, մազութի ահաւոր տագնապ, ինչպէ՞ս տաքցնէ տունը, կամ ճաշ մը պատրաստէ:
Յանուն ի՞նչի, ձեր կառքին լծելո՞ւ, իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը բռնաբարելո՞ւ, որպէսզի սեփական քաղաքականութիւն չունենայ: Իշխանութիւն մը կը քննադատուի ու իշխանափոխութեան կոչեր կ՛ըլլան ու ցոյցեր կը կազմակերպուին, երբ դժգոհ է ժողովուրդը: Սակայն Սուրիոյ մէջ այդպէս չէր. կարելի է որոշ հաւաքականութիւններ, որոշ մարդիկ գանգատներ ու դժգոհութիւններ ունենան, ինչպէս որեւէ երկիր աշխարհի մէջ, սակայն անոնց պատճառաբանութիւնը կազմակերպուած հակապետական շարժումի վերածել, պարզապէս օտար խոհանոցներու եփած թունաւոր ճաշն էր:
Այս բոլոր զրկանքներով հանդերձ, Սուրիան տոկաց, դիմացաւ, տանջուեցաւ, բայց գլուխը բարձր պահեց, ամբողջ տասնըերկու տարի…
Այս բոլորը բաւարար չէին, վրան եկաւ ահաւոր երկրաշարժը՝ աղ-պղպեղ… Հիմա կ՛աշխատին աղետաբեր երկրաշարժին հետեւանքները բուժելու: Ըսինք կարգ մը երկիրներ օրեր ետք որոշեցին վերականգնել իրենց յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով: Ուրիշներ տեղերնէն չշարժեցան: Եղան օգնութիւններ ընդդիմադիրներով բնակեցուած շրջաններուն, նոյնը զլանալով պետական շրջաններուն: Այս բոլորը կը գրանցուին, բան չի փախիր պետութեան աչքէն: Սուրիան կրկին կը վերադառնայ գրաւելու իրեն զլացուած աթոռը Արաբական Լիկային մէջ, սակայն 12 տարի երկրին կռնակ դարձուցած արաբական պետութիւնները ի՞նչ երեսով պիտի նային Սուրիոյ աթոռակալին երեսին:
Մենք անձի պաշտամունք չունինք, մեր կշռաչափը ժողովուրդին բարօրութիւնն է: Տէմոքրասի՞ է, թէ՞ մենատիրութիւն, հանրապետութի՞ւն է, թէ՞ թագաւորութիւն, Էմիրութի՞ւն թէ՞ չեմգիտերինչութիւն. կարեւորը ժողովուրդն է, երկրին սահմանները ապահո՞վ են, ժողովուրդը ուրա՞խ է, այս է կարեւորը, «մնացեալն ամբողջ պատրանք է, հոգի՛ս» պիտի ըսէր Թէքէեան:
(ԱԶԳ, 3, 3, 2023)