Համազգայինի գաղափարին ծանօթացած եմ հօրս` հանգուցեալ Կարպիս Հարպոյեանի միջոցով, երբ ան երկար տարիներ վարած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Այդ ծանօթացման շնորհիւ եւ հետագային գիտակցելով Համազգայինի նման մշակութային միութիւններու կարեւորութեան` միացայ Համազգայինի ընտանիքին:
Համազգայինը շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայասիրութեան եւ հայրենասիրութեան գործընթացին մէջ, եւ կը հաւատամ, որ այդ առաքելութիւնը յարատեւ կը մնայ, պայմանաւ որ կարենայ ձեռք բերուիլ բոլոր այդ միջոցները, որոնցմով կրնայ ներկայ սերունդին հաւատացնել, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ դպրոցի կողքին, Համազգայինի նման մշակութային միութիւններն են հայապահպանման միակ գրաւականները:
Հայրենասիրութեան եւ մշակոյթի փոխանցման առաքելութիւններու կողքին, Համազգայինը ունի նաեւ մարդակերտման եւ հայ մարդու արժանիքներու փոխանցման առաքելութիւն, որմէ պէտք է լաւապէս օգտուիլ:
ՊԵԹԻ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Համազգայինի գործունէութիւնը լայնածաւալ է: Այսօր, իր հիմնադրութենէն 95 տարիներ ետք, հայրենիքն ու սփիւռքը աւելիով կարիքը ունին Համազգայինով ամրապնդուելու, գեղեցիկը գնահատելու, վերանորոգուելու եւ տոկալու օտար հոսանքներու դէմ: Ջերմագին շնորհաւորութիւններս` այս առիթով:
«Արեգ» թատերական դպրոցը կը սերմանէ արուեստի եւ յատկապէս թատրոնի սէրը փոքր տարիքէն: Թատրոնը, որ բազմաբովանդակ արուեստ է, մեծ ներդրում ունի մանուկին եւ պատանիին մտային, զգացական եւ հոգեբանական աճման մէջ:
Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցին առաքելութիւնը չափազանց կարեւոր է` պատրաստելու մանուկը, ըլլալու ապագայի այն երիտասարդը, որ հայրենասէր է, անկաշկանդ է, քննական միտք ունի եւ թրծուած է արուեստով, ունի ծառայելու ոգին` ի խնդիր հայութեան գոյատեւման եւ հայ մշակոյթի զարգացման:
Մաղթանքս է, որ այս հետեւողական երթը շարունակուի, արհեստագիտական միջոցներ ներառուին, աւելի զարգանայ` գուրգուրանքով եւ հպարտութեամբ պահպանելով արմատները:
ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ
Արդէն 95-ամեակն է այն միութեան, որ սովորական միութիւն մը չէ պարզապէս, այլ` միութիւն մը, որ հայրենիք ստեղծեց հայրենիքէն դուրս: Համազգային
հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմը դրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած խորհրդարանի անդամներէն կարեւոր դէմքեր, որոնք անհրաժեշտ եւ առաջնակարգ նկատեցին մշակոյթն ու կրթութիւնը`հայկական ինքնութեան գիտակցութիւնը բարձր պահելու համար:
95 տարիներու ընթացքին, փոխուող ժամանակներուն եւ ամէն տեսակի դժուարութիւններու դիմաց, միութիւնը ինքզինք պահեց հաստատ, բայց միշտ վերանորոգման ընթացքի մէջ եւ իր գործունէութիւնը ընդարձակելով` հասաւ հեռաւոր ափեր: Իսկ 1971 թուականին, երբ հանճարեղ Պարոյր Սեւակի մահուան լուրը կը ցնցէր ամբողջ հայութիւնը, Այնճարի մէջ անլռելի զանգակատուներուն ղօղանջները մտահունչ հրաւէրներ էին հայ մեծագոյն արժէքներուն նկատմամբ, եւ ահա՛ կը հիմնուէր Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը` սկսելով «Կաքաւիկ» մանկական երգչախումբով, ապա` «Կոմիտաս» երգչախումբ պարախումբ, «Լուսարձակ 40» թատերախումբ, «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի դպրոց, երաժշտական դպրոց, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպուէին` միջդպրոցական ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորահանդէսներ, յուշ-երեկոներ, գիրքերու ներկայացում, բարբառի երեկոներ եւ մշակութային գործունէութեանց առընթեր ընկերային ծրագիրներ:
Այսօր մարտահրաւէրները շատ են եւ կը բարդանան թէ՛ հայրենիքի մէջ, թէ՛ ցիրուցան սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Արցախի մէջ: Այսօր պէտք ունինք մարդուժի, պէտք ունինք երիտասարդներու գործօն մասնակցութեան` միութիւններուն մէջ, ազգին հաւաքական կեանքը բարելաւելու համար:
Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ այդ ընել, երբ մենք չենք կրցած ներգրաւել հայ անհատը, եւ ան իր գործօն մասնակցութիւնը չէ բերած ազգի կազմակերպումին եւ ազգին հաւաքական նպատակները իրը չնկատելով` յանձնառութիւն չունի անոնց հանդէպ:
Այսօր մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ մանուկին եւ պատանիին համար ստեղծել պայմաններ, որ ան կարենայ ուսումնասիրել եւ իր քննական մտածողութիւնը զարգացնել հայկական արժէքներուն, նիւթերուն եւ հարցերուն նկատմամբ, ու այն ատեն է միայն, որ իրապէս պիտի ամրապնդուի յանձնառութիւնը, եւ ան պիտի ձերբազատի թեթեւ փառաբանական կեցուածքներէ եւ այլամերժ անհատ մը դառնալէ եւ պիտի ունենայ ազգին պատկանելու զգացումը:
Բոլորիս պարտականութիւնն է զգալ տագնապը եւ գործնական միջոցներու դիմել, որովհետեւ Համազգայինի առաջնահերթ նպատակն է մեր համազգային եւ հաւաքական գոյութիւնը պահպանելը:
Այսօր, յատկապէս` տագնապի այս օրերուն, մենք աւելիով պէտք ունինք մուսալեռցիի կամքին, վճռակամութեան եւ մարտունակ ոգիին: Մուսա Լերան շարունակութիւն հանդիսացող սփիւռքի եզակի այս գիւղը` Այնճարը, իր բնակչութեամբ օրինակն է համախմբումի, միասնութեան եւ հայկական անխախտելի դիմադրականութեան:
95-ամեակդ շնորհաւոր, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ:
ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ