Համազգայինի 95-ամեակն է, իմ մտածումներս կ՛երթան յատկապէս մեր երկրին եւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ (խօսքս կը վերաբերի Սուրիոյ, Իրանի) մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Հաւանաբար մենք պարտաւոր ենք մեր գործունէութեան մէջ նոր գործելաոճ որդեգրել, որ համապատասխան ըլլայ մեր դժուարութիւններուն: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել եւ լուրջ քննարկումներու ենթարկել մեր աշխատելաձեւը, մեր մշակութային գործունէութիւնը, Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու եղանակները եւ առաջադրանքները: Այս առիթով, որեւէ գործունէութիւն կամ աշխատանք, որ կը տարուի, անպայման պէտք է վերանայինք, մեր մարտահրաւէրները դիմագրաւենք` գործունէութեան նոր դաշտեր ստեղծելով: Մարդուժի խնդիրներ, նաեւ` նիւթական դժուարութիւններ ունինք: Այս բոլորին համար մէկ ամբողջական ծրագիր պէտք է ստեղծել, գործունէութեան նոր աշխատանքի դաշտեր ճշդել, նաեւ նոր ոճ եւ գործելաձեւ: Վստահ եմ, որ այս մտահոգութիւնները կը բաժնեն նաեւ բոլոր պատասխանատու դիրքերու վրայ եղող մարմիններն ու անհատները: Այս բոլորը անյետաձգելի են եւ եթէ չձեռնարկենք նման աշխատանքներու, վստահաբար լճացումը մեզ պիտի կլանէ:
95-ամեակի այս սեմին կը շնորհաւորեմ Համազգայինը եւ բոլոր այն աշխատողները, որոնք ամբողջ տասնամեակներ իրենց քրտինքը թափած են այս միութեան յարկին տակ` անոր գործունէութեան ձեւաւորման, յաջողութեան պսակման եւ նպատակներուն իրագործման ի խնդիր:
ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
***
Հոկտեմբեր 1973-ին, որպէս Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի այդ տարուան շրջանաւարտ, հրաւիրուեցայ մաս կազմելու Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի երիտասարդական խմբակին: Այդ թուականէն մինչեւ այսօր, մօտ 50 տարուան ժամանակաշրջանին, ծառայած եմ Համազգայինի վարչական այլազան հանգամանքներով ու կը շարունակեմ ծառայել մինչեւ այսօր` մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ:
Գոհունակութեամբ, որովհետեւ այս ժամանակաշրջանին ես մաս կազմեցի կառոյցի մը, որ կրցաւ քայլ պահել օրուան պայմաններուն հետ: Ընկերակցութենէ վերածուեցաւ Միութեան, որ իր կարգին վերջին հանգրուանին ճկուն կանոնագրով դարձաւ աւելի հասանելի բոլորին: Հայ մշակոյթով հետաքրքրուող ոեւէ անհատ անպայման տեղ մը ունի Համազգայինէն ներս:
Ուրախութեամբ, որովհետեւ ուրախութիւն էր տեսնել Համազգայինի գործունէութեան ուռճացումն ու տարածումը աշխարհով մէկ` Ամերիկաներէն Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Ռուսիա, Հայաստան, Աւստրալիա, հոն ուր հայ գաղութ կայ Համազգայինը ներկայ է:
Լիբանանի Ճեմարանի կողքին, այսօր կը գործեն Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ ճեմարանները` տարածելով հայ գիր ու դպրութիւն: Համազգայինը իր գործունէութեան սիրողական աշխատելաոճը ընդլայնեց` աւելցնելով արհեստավարժ գործելաոճ` իր գեղարուեստի դպրոցներով, մասնագիտական մասնաճիւղերով, գրասենեակներով եւ համացանցի պատշաճ օգտագործումով:
1928-ի պայմաններուն մէջ գտնուող, հայկական մշակոյթով մտահոգ, հայ մշակոյթն ու լեզուն պահպանելու եւ տարածելու կոչուած Համազգայինը 95 տարիներ ետք ամէն տուեալ ունի ճակատաբաց ու ինքնավստահ քայլերով շարունակելու իր երթը` հասնելու աշխարհի բոլոր հայերուն, ծանօթացնելու մեր մշակոյթը եւ պահպանելու մեր մայրենին:
Այն ինչ, որ կատարուեցաւ 95 տարիներու ընթացքին սկիզբն է, որ կ՛աւետէ աւելի պայծառ ապագայ:
ՆՈՐԱՅՐ ՆԱՃԱՐԵԱՆ